ՄԵԾՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ «ԶԱՏԻԿԻ ՀԱՆԴԷՍ ԺՕԷԼԻՆ ՀԵՏ» ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Նանոր Յարթունեան

 

Նիւ Միլֆըրտ, Ն.Ճ. –  Շաբաթ Ապրիլ 2-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Զատիկի տօնը նշուեցաւ Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան Վարժարանի մէջ, Մոնթրէալէն հրաւիրուած Գանատահայ մանկական երգերու երգչուհի Ժօէլի ելոյթով։

ԹՄՄ երկրորդ անգամն է, որ մանկական հանդէսի առթիւ՝ կը հրաւիր է Ժօէլը, որուն բեմին վրայ միացան եօթը փոքրիկ պարողներ եւ Զատիկի Նապաստակը։ Ժօէլին եւ Նապաստակին հետ պարելէ վերջ, մանուկները յիշատակելի պատկերներ նկարուեցան հանդիսավարներուն հետ, ապա վիճակահանութեան ընթացքին շահեցան աւելի քան 30 գեղեցիկ նուէրներ։ Երկու հարիւրէ աւելի ներկաներ մասնակցեցան ձեռնարկին, որ զուարճալի առիթ մը հանդիսացաւ տօնելու Զատիկը (Կիրակի, 17 Ապրիլին)։

Տարիներէ ի վեր, իր երգերու միջոցաւ Ժօէլ հայ մանուկներուն կապը իրենց մշակութային ակունքներուն հետ վառ պահած է։ Բնիկ Լիբանանէն, Ժօէլ յատուկ եռանդ կը զգայ երախաներու ու երաժշտութեան նկատմամբ։ Իր երգերուն մեծ մասին բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակն է ան։ Նաեւ պատրաստած է «Սորվինք հայերէն» տեսաերիզներու կարճ շարք մը YouTube-ի կրթական յայտագիր մը, որու շնորհիւ պզտիկները զանազան հետաքրքրական նիւթերու մասին կը սորվին։

Այս ձեռնարկը կարելի եղած պիտի չըլլար առանց անխոնջ եւ նուիրեալ աշխատանքին պարողներուն եւ ձեռնարկի վարչութեան անդամներուն։ Մեծն Նիւ Եորքի ԹՄՄ մասնաճիւղը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ տաղանդաւոր պարողներ՝ Անդրէասի, Կրէյսի, Միլայի, Յակոբի, Ռէյայի, Սոֆիայի, եւ Փերլայի, եւ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնեցին Ժօէլին ներկայացնել անմոռանալի համերգ մը։ Մասնաճիւղը նաեւ կը փափաքի իր երախտագիտութիւնը յայտնել Ժօէլի ձեռնարկին կազմակերպիչ վարչութեան իրենց անսակարկ աջակցութեան համար, այսպէս ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահովելով։ Խորին շնորհակալութիւն Անիթա Ադամեանին, Արեւ Գարաճելեանին, Սեռլի Թաշճըյին, Նանոր Յարթունեանին, Թալիա Պուլտուքեանին, Քաթիա Պչաքճեանին, եւ Ցոլեր Փանոսեանին, ինչպէս նաեւ ՄՆԵ ԹՄՄ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ՝ Սիլվիա Բուզանդեանին, Պարգեւ Գալայճեանին, Վարդան Իլանճեանին, Շողիկ Մեծատուրեանին, Հիլտա Յարութիւնեանին, Թալին Պապայեանին, եւ Սերժ Փանոսեանին։

«Զատիկի Հանդէս Ժօէլին Հետ» տարուայ առաջին ձեռնարկն է որով կը նշուի Թէքէեան Մշակութեան Միութեան հիմնադրութեան 75 ամեակը Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։ Այս նշանակալից թուականը պատուելու համար, ՄՆԵ ԹՄՄ կազմակերպած է Ադամանդի Տարեդարձի Ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Հոկտեմբեր 15-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Յաւելեալ տուեալներ պիտի ծանուցանենք մօտ ատենին։