Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի մահուան տարելիցի առիթով

Օրերս հանրայայտ Մխիթարեան միաբան, ակնառու արուեստագէտ եւ հրապարակախօս՝ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի մահուան տարելիցը կը նշուի սփիւռքի մէջ: Այս առիթովկը հրապարակենք Մխիթարեան նախկին սաներու կողմէ տարածուած  ուշագրաւ դամբանական խօսքը իրենց սիրեցեալ դաստիարակ վարդապետին: Գրութիւնը մասամբ ներշնչուած է մեծանուն հեղինակ եւ Մխիթարեան սան Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Սիրելի եւ աննման Վարդապետ,

Օրեր առաջ մահուանդ գոյժը փութաց ամէն տեղ: Սարսուռ մ՛անցաւ բոլորիս մէջէն հաւասար. չի կաս դուն յանկարծ, բացակայ ես արդէն մեր շարքերէն, կարծես այս անգամ մեկնեցար անվերադարձ: Չնայած, առաւօտեան ժամերուն մանաւանդ, յուշերու աշխարհէն կը խօսիս դեռ մեզի հետ: Աֆոն լաւ՞ է, Աւի՞կը, Գէո՞րգը, հապա՞ մայրդ եզակի: Ի՞նչ է սա եթէ ոչ առեղծուած մը անգին:

Դժուար է պատկերել ամէն անհատի սրտի ցաւը քեզ համար: Որպէս մտաւորական, արուեստագէտ ու հեղինակ չվհատող խաչակիրի մը նման օր մը մշակոյթի գործիչ, օր մը մարդկային իրաւունքի պաշտպան, օր մը հաւատքի ջահակիր իսկ ամէն օր ալ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան նուիրեալ մը դարձար: Դժուար չափազանցենք երբ ըսենք թէ եւ՛ հայրենիքի եւ՛ սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդը կարօտը կը զգար քու խօսքիդ: Հայրենանուէր գործերէդ դեռ շատեր համեստաբար այդպէս ալ մնացին անծանօթ:

Որպէս վանական, Մխիթարի կանթեղը անմար պահողներէն էիր անկասկած: Կրնա՞նք  մոռնալ գրքերդ, բանախօսութիւններդ, արուեստի հաւաքածոներդ որոնք Սուրբ Ղազար հասցուցիր, ցուցահանդէսներդ, համագումարներդ  եւ այլ ներդրումներդ ի շահ մեր սիրելի միաբանութեան: Հնարաւոր չէ Վարդապետ, հնարաւոր չէ: Արդեօ՞ք ողջ կ՚ըլլայիր եթէ այդքանէ ետք անխնամ, աղքատութեան ուխտիդ հետեւելով միայնակ չապրէիր Սեւրի խոնաւ եւ ցուրտ պատերուն մէջ որպէսզի խաչագողները հեռու պահես Ալիշանի սիրեցեալ վարժարանի բեկորներէն: Հնարաւոր է Վարդապետ, այո. Ցաւ ի սիրտ դեռ կը շատնան սեփական փառքի համար տունդ քանդել ուզողները: Գիտցի՛ր, որ հանդերձ ամէն բանի, բոլորս կը գիտակցինք քու զոհողութիւններուդ եւ գրեթէ վեց տասնեակ տարիներու անձնուիրութեանդ արժէքը:  Քիչերը միայն կ՛արժանանան այն պատուանդանին, որուն վրայ դուն բազմած ես այսօր:

Այնուամենայնիւ, ոմանց համար ալ պարզապէս հոգեւոր հայր մըն էիր եւ անխոնջ մշակը իրենց կրթութեան: Քանի քանի սաներ ունեցար գրեթէ անհամար՝ Վենետիկէն, Փարիզ, Հալէպ եւ այլուր: Բոլորին դուն կը յիշէիր, իրենց յաջողութիւններով կ՚ուրախանայիր, հոգեւոր ջերմութիւն կը տածէիր: Եւ փոխադարձ. բոլորս կը հպարտանայինք քու նուաճումներովդ. բոլորս ալ երանելի հին օրերը կը փնտռէինք քեզի հետ շփումներու ընդմէջէն. բոլորս անկախ տարիքէ խրատներդ կը լսէինք: Ափսոս, լոկ քաղցր յուշեր մնացին:

Բայց, Վարդապետ, կը մխիթարուինք քանի դեռ անսասան կը մնան մեր դաստիարակներէն ոմանք եւ Մխիթարի տան ընտրեալներ հերոսաբար կը մարտնչին հաւատքի վահանը ձեռքին:

Հայր, կը ներես, Մուրատ Ռափայէլեանի սաներդ այսօր պիտի չկարենան դագաղդ յուղարկաւորել հպարտութեամբ ուսամբարձ՝ ինչպէս կարգն էր ատենին: Համաճարակն էր այս անգամ որ չուզեց: Գիտցիր, որ յիշատակդ անմար պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

Հայր, հանգչիր խաղաղ ու անհոգ. հիմա որ հոն ես երկնային պայքար մ՛է որ պիտ’ մղես. ձեռքդ վերէն ակութին մէջ նոր աստըղներ պիտ’ նետէ:

Ի դիմաց նախկին սաներուդ՝ Հրաչ Գասպար