Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանին նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը Արցախի մէջ

Յունիս 11-ին, Ստեփանակերտի «Պոլ Էլյուարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոն»-ին մէջ Արցախի ընթերցողներուն ներկայացուեցաւ Լիլիթ Յարութիւնեանի «Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեան» գիրքը: Այս մասին կը տեղեկանանք «Ապառաժ»-էն։

Գիրք գրելու առաջարկը հեղինակը ստացած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի հօրմէն՝ Ալեքսանդր Ապաճեանէն: «Ռոպերթի, իր ընկերներու սխրանքի մասին գրելու ընթացքին ոչ մէկ երանգ աւելցնելու կարիք կայ. իրենց համար ատիկա հաճելի պիտի չըլլար»,- Արցախի հերոսի հօր յորդորն էր Լիլիթին: Մօտ երեք տարուան աշխատանքէն ետք՝ 2021թ. Նոյեմբեր 16-ին՝ Ռոպերթի ծննդեան օրը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը: Այնուհետեւ, Լիլիթը ամէն օր մտածած է գիրքը Արցախ տանելու մասին:

«Այս գիրքը Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի մասին է, բայց գիրքին մէջ այլ անուններ ալ կը կարդաք: Այս տղաքը իրենց արտաքին ու բնաւորութեան տարբերութիւններով այնքան նման են: Բոլորի գիտակցական ընտրութիւնը հայրենիքն է: Վերջերս ինծի մօտեցաւ 44-օրեայ պատերազմի տղաներէն մէկուն հայրը ու ըսաւ, որ իր տղային գաղափարապէս մկրտած է Ռոպերթ Ապաճեանը: Ան մեր նորագոյն ժամանակներու հերոսի կերպար է»,- կը նշէ Լ. Յարութիւնեան:

Գիրքի շնորհանդէսին ելոյթի խօսքով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը, գրող, հրապարակախօս Միքայէլ Հաճեանը:

Ըստ գիրքի հեղինակին՝ Ռոպերթի ու իր մարտական ընկերներու պայքարը 2020թ. պատերազմէն ետք առաւել կարեւոր համարուեցաւ: Հայրենիքը չսակարկելու, չզիջելու, խաղաղութիւն չմուրալու սկզբունքայնութիւնը այս անփառունակ օրերուն ամենակարեւորն է: