Արտեմ Փաթափութեան՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուաւոր անդամ եւ ԵՊԲՀ-ի պատուաւոր դոկտոր

Վերջերս Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆէսըր Արտեմ Փաթափութեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ ընդհանուր ժողովի 9 Յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Փաթափութեան 14 Յունիսին այցելեց Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական «Քոբրէյն» կեդրոնը, ուր գիտնականը տնկեց այն բոյսի հատիկը, որմէ ստացած է յայտնի մասնիկը: Տեղի ունեցաւ նաեւ Գիտական խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին գիտնականը ընտրուեցաւ բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր:

Կեդրոնին մէջ շրջագայելէ ետք՝ Փաթափութեան ԵՊԲՀ-ի կարմիր դահլիճին մէջ հանդէս եկաւ «How do you feel? The molecules that sense touch» նիւթով դասախօսութեամբ:

«Հայաստան գտնուելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ նաեւ ծանօթանամ Հայաստանի գիտութեան ոլորտին մէջ զարգացումներուն. կ’ակնկալեմ նոր համագործակցութեան հիմքը դնել: Կառավարութիւնը կը փորձէ աւելցնել ֆինանսաւորումը` գիտութեան եւ հետազօտութեան յատկացուած, որ ոլորտի զարգացման համար առաջին կարեւոր քայլերէն է: Կը յուսամ, որ երիտասարդ ուսանողները, տեսնելով իմ օրինակը՝ կը ձգտին աւելի լաւ արդիւնքներու»,- յայտնեց ան:

Այցելութեան ծիրէն ներս՝ «Հայ Փոստ» ընկերութիւնը հրապարակեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ նոր դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» նիւթին: 350 դրամ արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է յայտնի լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանը, որ 2021-ին Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ընթացքին կատարած բացայայտումներուն համար: Դրոշմաթուղթին աջ կողմը ներկայացուած է անոր շնորհուած Նոպէլեան մրցանակին պատկերը:

Դրոշմաթուղթի հրապարակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 14 Յունիսին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ: