«ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ» ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑՔ

Ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ի վեր «Զանգեզուրի միջանցքը» դարձած է Հայաստանի համար գոյութենական սպառնալիք: Այդ թուականէն ի վեր անհամար գրութիւններ եւ զեկոյցներ հրապարակուած են այդ խնդրին մասին եւ ան օրակարգի հարց դարձած է տարբեր բանակցային հարթակներու: Այդ բոլորէն վերջ արդարացի է հարց բարձրացնել թէ հարկ կա՞յ անդրադառնալ նոյն խնդրին: Պատասխանը պարզ է. այո՛, հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական եւ յաճախ կը վերածուի գոյութենական վտանգի, ամէն անգամ որ Ատրպէյճան կը սպառնայ բանալ այդ անցքը, նոյնիսկ եթէ Հայաստան չկամենայ ընդառաջել կամաւոր կերպով: Ալիեւ կ’ուզէ այդ միջանցքը իբրեւ պատերազմական աւար եւ կը պնդէ որ ան խոստացուած է Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեամբ: Թէեւ այդ յայտարարութեան մէջ չկայ ոեւէ յանձնառութիւն Ատրպէյճանին զիջելու ոեւէ գերիշխանութիւն «միջանցքի» տարազին տակ:

Պատճառը որ կ’անդրադառնանք այդ վտանգին այն է որ մերթ կը թուի խնդիրը ըլլալ լուծուած, մերթ կ’արծարծուի կրկին եւ այն բոլոր բանակցութեանց ընթացքին ան վերածուած է ճակատագրական յաճախանքի ու հալածանքի:

Վախը, որ կ’ընկերանայ այս սպառնալիքին այն է որ «Միջազգային հանրութիւն» կոչուած քաղաքական անդէմ իրականութիւնը քար լռութիւն կը պահէ, ամէն անգամ որ Ալիեւ կը սպառնայ զինու ոյժով իրականացնել «Միջանցքի» ծրագիրը:

Միջանցքը աւելի պէտք է Թուրքիոյ քան Ատրպէյճանին. եւ քանի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը գործեն «մէկ ազգ – երկու պետութիւն» սկզբունքով` Ալիեւի պահանջին ետին կը տեսնենք Էրտողանի ստուերը: «Միջանցք»ը կոկորդի փուշն է որ կը դժուարացնէ Թուրքիոյ ծաւալողական քաղաքականութիւնը դէպի Միջին Ասիա` Մեծ Թուրանը իրականացնելու ծրագիրով:

Հայաստանի մէջ ռուսամէտ հատուածը համոզուած է որ փրկութիւնը պիտի գայ Մոսկուայէն, իսկ իշխանութիւնն ու իշխանամէտները կը հաւատան հակառակին, որ փրկութիւնը միայն կրնայ գալ Արեւմուտքէն: Փաստը այն է որ Հայաստան մինակ մնացած է իր ճակատագրին հետ: Այդ պատճառաւ ալ Ալիեւ իր յայտարարութիւններուն մէջ օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի լկտի եւ աւելի սպառնալից:

Թուրքիա իբրեւ թէ Հայաստանի հետ կը բանակցի առանց նախապայմաններու, սակայն այդ բանակցութեանց մէջ իր պոչին կապած է Ատրպէյճանը, հետեւաբար նախապայմանները կու գան Պաքուէն:

Խնդիրը միշտ տեղատուութեան ու մակընթացութեան մէջ է. օր մը կը տիրէ ոգեւորութիւն, որ «Միջանցք»ի խնդիրը գտած է իր բարւոք լուծումը, սակայն յաջորդ օր կը պարզուի յուսախաբութիւնը երբ Ալիեւ հանդէս գայ նոր սպառնալիքով մը:

Անցնող շաբաթ Երեւանի մէջ կայացաւ Հաւաքական Պաշտպանութեան Ուխտի (ՀԱՊԿ) երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներու համագումարը, որուն Ռուսաստանի կողմէ կը մասնակցէր Սերկէյ Լաւրով: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Երեւան կու գար Պաքուի վրայով: Թէեւ ինք յատուկ մտահոգութիւններով կու գար Երեւան սակայն իր հետ բերաւ բաւական վճռական եւ նշանակալից վկայութիւն մը. իր մտահոգութեան առարկան Հայաստանի թեքումն էր դէպի Արեւմուտք, երբ այս վերջինը կը փորձէ ռուսական ազդեցութիւնը հեռացնել կամ վերացնել կովկասեան թատերաբեմէն: Լաւրովի բերած լուրը այն էր որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութեան գործընթացներուն մէջ ճամբաներն ու հաղորդակցութեան միջոցները պիտի բացուին` առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու այդ անցքերու համապատասխան երկիրներու ինքնիշխանութիւնը: Պարզօրէն կը յայտարարէր որ ճամբան որ պիտի բացուի Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ենթակայ պիտի մնայ Հայաստանի գերիշխանութեան: «Այս մասին տարակարծութիւն պէտք չէ ըլլայ» ըսաւ Լաւրով: Սակայն աւելցուց. «փոխադարձ անցումները պիտի առաջնորդուին պարզեցուած դրութեամբ»: Այս վերջին հաստատումը բաւական մեկնութեանց եւ հարցականներու առջեւ դրաւ քաղաքական մեկնաբանները: Բայց քանի Լաւրով կու գար Պաքուէն` պարզ կը դառնար որ իր յայտարարութիւնը եւ հաւաստումը արժանացած էին Ատրպէյճանի հաւանութեան:

Միջազգային քաղաքական շրջանակներու մէջ սկսած էր տարակոյսը որ Ռուսաստան գտնուելով Ուքրանական պատերազմի մէջ եւ հետեւաբար տկարացած ըլլալով պիտի յաջողէ՞ր հետապնդել իր տարածաշրջանային տարբեր ծրագիրներն ու քաղաքականութիւնները: Այդ տարակարծութիւնները ի չիք հանելու համար Լաւրով առաւ երկու վճռական քայլեր` Անգարայի մէջ զգուշացուց Էրտողանը որ խուսափի իրականացնելու իր նոր արշաւանքը Սուրիոյ մէջ, 30 քիլոմեթր տարածք գրաւելու եւ քիւրտերը ջարդելու: Այնպէս կը թուի որ Էրտողան (գուցէ ժամանակաւորապէս) անսաց Լաւրովի զգուշացման: Յաջորդ քայլն էր համոզել Ալիեւը որ միջանցքի հարցով խնդրոյ առարկայ չդարձնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը այդ տարածքին վրայ:

Լաւրովի այս վճռական յայտարարութեան պատասխանը չուշացաւ Պաքուէն: Առաջինը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղարը` Ռամիլ Ուպասով յայտարարեց որ Ատրպէյճան որոշած է Հայաստանի հարաւային սահմանէն հինգ քիլոմեթր հեռու, Իրանի հողամասով անցնել իր միջանցքը դէպի Նախիջեւան շրջանցելով Հայաստանը. «թող Հայաստան չշարունակէ մատին վրայ խաղցնել Ատրպէյճանը» ըսաւ ան. նաեւ յայտնեց որ այդ միջանցքով պիտի անցնին երկաթուղին եւ վեց ուղիներով ինքնաշարժի ճանապարհը:

Հայաստան պահ մը շունչ առաւ որ արդէն տեղ հասած էր Լաւրովի ազդարարութիւնը, սակայն շուտով վրայ հասան Ալիեւի նոր սպառնալիքները, այս անգամ աւելի շեշտ եւ վճռական:

Արդարեւ, Ալիեւ խօսք առնելով Պաքուի 9րդ համաշխարհային ֆորումին առջեւ բանաձեւեց իր սպառնալիքները: Ֆորումին նիւթն էր` «Մարտահրաւէրներ` համաշխարհային նոր աշխարհակարգին»: Մասնակցողներն էին Ալպանիա, Պոսնիա-Հերձեկովինա, Վրաստան եւ Թուրքիա: Ոչ մէկ համակիր Հայաստանի:

Ալիեւ իր ելոյթով դարձեալ հանգստեան կոչեց Մինսքի խումբը, սպառնաց Հայաստանին եւ պահանջեց Հայաստանէն խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Պաքուի հինգ սկզբունքներու հիման վրայ. վրադիր ալ «վեհանձնօրէն»  յիշեց որ ոչ մէկ երկիր պատմութեան մէջ այսքան բարեսիրտ չէ եղած, պարտութեան մատնուած երկրին հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու:

Յայտնենք որ Ալիեւի սպառնալիքը ուղղուած էր որքան Հայաստանի, նոյնքան նաեւ Ռուսաստանի: Քաղաքական այս բեմադրութեան ետին կը զարգանար խուլ պայքար մը ռուսական եւ ազերիական լրատուական կայքերու միջեւ: Ատրպէյճան կը փակէր Ռուսաստանի Ria Novosti լրատու կայքը, որ հրատարակած էր Արցախի պետական նախարար Արտակ Պեկլարեանի մէկ հարցազրոյցը իսկ Մոսկուա սպառնացած է Պաքուին խափանելու վերջնոյն պետական լրատու կայքը որ փրօ-ուքրանական հաղորդումներ կը սփռէ: Ինչպէս կը պարզուի՝ քաղաքական զարգացումներու ետին տարուող այս խուլ պայքարը` Ալիեւին սպառնալիքը Հայաստանէն անցնելով կ’ուղղուէր նաեւ Մոսկուային:

Նախ Ալիեւ յայտնեց որ Մինսքի խումբը 28 տարուան մէջ չյաջողեցաւ լուծել խնդիրը որ մենք լուծեցինք պատերազմով: Կրնայ այդ խումբն ալ թոշակի անցնել: Ապա աւելցուց որ Մինսքի խումբին եղած ակնարկութիւնները եւ անկէ սպասուած ակնկալութիւնները միայն զայրոյթ կը յառաջացնեն Ատրպէյճանի մէջ:

Ալիեւը ուզէ կամ ոչ Մինսքի խումբին արեւմտեան համանախագահները (Ֆրանսա եւ Ամերիկա) արցախեան հարցի լուծումը, եւ յատկապէս կարգավիճակի հարցի խնդիրը, կը տեսնեն Մինսքի խումբի հարթակի վրայ:

«Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է դադրին պատմութիւնը վերստին գրելէ. պատմութիւնը արդէն գրուած է եւ կայացած է բերանացի համաձայնութիւն որ ալ ոչ ոք խօսի կարգավիճակի մասին: Դժբախտաբար այդ ուղղութեամբ կատարուած խօսակցութիւնները կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ» ըսաւ Ալիեւ:

Աւելի անդին ան ըսաւ` եթէ Հայաստան տարածքային յաւակնութիւններ յայտնէ Ատրպէյճանի հողին նկատմամբ, մենք ալ կրնանք պահանջներ ներկայացնել Հայաստանին. «Անցեալ դարու պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Սովետական կառավարութիւնը Զանգեզուրը անջատած է եւ 1920ին տուած է Հայաստանին. Զանգեզուրը որ ատրպէյճանական պատմական հող է: Հետեւաբար եթէ Հայաստան կարգավիճակ պահանջէ Ղարաբաղի հայերուն համար, ինչո՞ւ Ատրպէյճան իրեն համար կարգավիճակ չպահանջէ Արեւմտեան Զանգեզուրին մէջ»: Անշուշտ Ալիեւ շատ բան ունի սորվելիք պատմութեան մասին քանի Զանգեզուրը մնաց Հայաստանի կազմին մէջ Նժդեհի պայքարով եւ հակառակ սովետի կամքին:

Խօսքը մասնաւորելով Զանգեզուրի միջանցքին, Ալիեւ աւելի լկտիանալով կ’ըսէ. «Անհրաժեշտ է արագ որոշում մը` բանալու այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը, որ գլխաւոր տարրերէն մէկն է ապագայ խաղաղութեան համաձայնութեան մը այս տարածաշրջանին մէջ: Եթէ մենք պիտի չկրնանք մտնել եւ ելլել` շատ դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ խաղաղութեան բանակցութեանց մասին եւ բոլոր այն ճիգերուն մասին զորս Ատրպէյճան կը նպատակադրէ բնական եւ բարի դրացիական համակեցութիւն ստեղծելու Հայաստանի հետ: Ասիկա կարեւոր հարց մըն է: Ատրպէյճան իրաւունք ունի պահանջելու: Հայաստանի կառավարութիւնը համապատասխան փաստաթուղթ մը ստորագրած է: Երկրորդ, Ատրպէյճան յաղթած է պատերազմը եւ տառապած բռնագրաւման պատճառաւ եւ բարոյական իրաւունքն ունի պահանջելո»:

Միւս կողմէ Ալիեւ յայտարարեց որ Ատրպէյճան բազմազգ երկիր մըն է եւ կրնայ երաշխաւորել Արցախի հայերուն ապահովութիւնն ու իրաւունքները: Անշուշտ Ալիեւի լսարանը հետաքրքրուած չէ որ Ատրպէյճան մանկապարտէզէն սկսեալ ատելութիւն կը սերմանէ հայերու դէմ եւ կերտած է ատելութեան թանգարան մը այդ ատելութիւնը տեւականացնելու: Ատրպէյճանի բարերար հոգատարութեան ներքեւ ջարդարարութեամբ տարագրուեցան Պաքուի եւ Սումկայիթի 500,000 հայերը (Սամուէլ Պապայեանի վկայութեամբ` 700,000): Արցախի հայերուն ալ միեւնոյն ճակատագիրը կը սպասէ:

Այս բացայայտ եւ ուղիղ սպառնալիքին դիմաց լուռ է միջազգային հանրութիւնը. լուռ են մանաւանդ Հայաստանի դաշնակիցները: ՀԱՊԿի վերջին ժողովին, որ կայացաւ Երեւանի մէջ վարչապետ Փաշինեան եւ Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հաշիւ պահանջեցին Ուխտի անդամներէն – ըսին թէ տարի մը առաջ դիմում կատարուած է դաշնակիցներուն, որ դիրքորոշում մը ունենան Ատրպէյճանի դէմ որ 45 քիլոմեթր տարածք գրաւած է Հայաստանէն, այդ դաշնակիցները, ներառեալ Ռուսաստանի ներկայացուցիչը լռութիւն կը պահեն, եւ պարզ է թէ պիտի շարունակեն պահել նոյնիսկ երբ Ալիեւ գործադրութեան դնէ իր սպառնալիքը:

Երբ այսքան լուրջ են Հայաստանի դիմաց պարզուող գոյութենական սպառնալիքները` ի՞նչ կ’ընեն Հայաստանն ու հայութիւնը. ընդդիմութիւնը փողոց ինկած կը պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը, երբ փոխարինող մը չունի այս ճակատագրական պահուն. միայն կը խոստանայ 250 անգոյ մասնագէտներով փրկել Հայաստանը եւ սփիւռքի մէջ ալ խայտառակել պետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները: Իշխանութիւնը նոյնքան խակ եւ անմակարդակ որ Ազգային Ժողովը վերածած է կրկէսի ուր կ’ուզէ յաղթանակ տանիլ բանակռիւի մէջ: Ան նաեւ պետական վարչամեքենան լծած է հալածելու հիները, նախկինները: Դատական կառոյցին դիմաց 800 հայցեր կան ապօրինի գոյքը գրաւելու: Տխմար քաղաքականութիւն մը դրամատէրերը վախեցնելու որ իրենց դրամագլուխը փախցնեն երկրէն ու վնասեն տնտեսութեան: Իշխանութիւնը փոխանակ վաղուան նայելու կը շարունակէ հալածել անցեալի ուրուականները:

Եւ այս բոլորը կը կատարուին «ժողովրդավարութեան» պիտակին ներքեւ:

Ամիսներէ ի վեր բանակը չունի հրամանատար, եւ ոմանք կը խորհին թէ Ալիեւի սպառնալիքին պատճառաւ է. չէ՞ որ Ալիեւ զգուշացուց Հայաստանը որ չվերազինուի:

Հայաստան միայն իր ոյժերուն վրայ կրնայ դնել իր յոյսը` պայմանաւ որ համախմբէ այդ ոյժերը, հեռանալով եւէ պիտակի բնորոշումներէն:

Հայաստան եւ սփիւռք իրենց հնարաւորութիւնները լարելով ու երկիրը զինելով կրնան դիմակայել Ալիեւի սպառնալիքները: Իսրայէլ 60 հատ հիւլէական ռումբ կուտակեց իր զինարանին մէջ: Ուրիշներ 200 կը նկատեն այդ թիւը. բայց չհարցուց ՄԱԿի կամ հիւլէական միջազգային գործակալութեան արտօնութիւնը: Գոյութենական սպառնալիքները միայն այդպէս կարելի է չէզոքացնել: Հայաստան պէտք է զինուի արագ, կանգ չառնելով ոեւէ արգելքի եւ օրէնքի դիմաց, այլ շարժելով միայն մէկ սկզբունքով որ` «հարկս լուծանէ օրէնս»:

Եթէ Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը լուծուի Հայաստանի պայմաններով` ապահովուած կ’ըլլայ երկրին ապագան. իսկ եթէ լուծուի Ատրպէյճանի պայմաններով` մեր գոյութենական պայքարը կրնայ երկար չտեւել…:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ