2022-ի առաջին կիսամեակին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժ հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 792 փոքրիկ՝ 406 տղայ, 386 աղջիկ:
Ստեփանակերտի մէջ ծնած է 697 փոքրիկ, Մարտակերտի մէջ՝ 66, Մարտունի՝ 29:
Յունուար-Յունիս ժամանակահատուածին Արցախին մէջ արձանագրուած է զոյգ փոքրիկներու 4 ծնունդ:
Հարկ է նշել, որ 6 փոքրիկ ծնած է արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով, որուն 3-ը տղայ, 3-ը՝ աղջիկ:
Արցախի Հանրապետութենէն Հայաստանի Հանրապետութեան բուժ հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 15 փոքրիկ՝ 8 տղայ, 7 աղջիկ: Ուստի, ԱՀ-ի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը առաջին կիսամեակին կազմած է 807 փոքրիկ՝ 414 տղայ, 393 աղջիկ:
2021-ի առաջին կիսամեակի ընթացքին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բուժ հաստատութիւններուն մէջ ծնած էր 593 փոքրիկ՝ 270 տղայ, 323-աղջիկ, որ կը նշանակէ, թէ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ունինք ուրախալի փաստ այն առումով, որ ծնունդներու թիւը աճած է գրեթէ 200-ով, եւ նորածիններուն մէջ կը գերակշռեն ապագայ զինուորները:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւն