Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին 175 Տարեկան Է

Յուլիս 1-ին Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամուր Պահենք Մեր Հաւատքը»  խորագրով յոբելենական հանդիսութիւն` նուիրուած Հայ աւետարանական եկեղեցիի 175-ամեակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Հայաստանի եւ Արցախի պետական եւ հոգեւոր այրեր, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային, հայաստանեան եւ արցախեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր` մարզերէն, արտերկրէն, լրագրողներ:

Այստեղ էին` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան  գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը, նախագահ Նազարէթ Տարաքճեանը, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Հովել Միքայէլեանը,  Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւններու նախագահներ, վեր. Ռընէ Լեւոնեանը, Կալվին Սաղրեանը, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանը, Ալպերթ Փայտեանը:

Հանդիսութեան սկիզբը Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան   Հայաստանի մասնաճիւղի մամուլի քարտուղար Անդրանիկ Մարտոյեանը ողջունեց ներկաները եւ առաջարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակը:

Ապա բեմ հրաւիրեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան  գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Շնորհաւորելով   ներկաները յոբելեանի առիթով` ան շեշտեց. «…Ոգեկոչելով Հայ աւետարանական եկեղեցիի 175-ամեակըփառք կու տանք Աստուծոյ այն լուսաւորումին համարզոր Եկեղեցին բերաւ հայ ժողովուրդինծնունդ առնելով անոր պատմական հայրենիքի ծոցին մէջանցնելով Միջին Արեւելքապա աշխարհածաւալ հայկական սփիւռք եւ վերջապէսվերադարձ մոխիրէն յառնած նորանկախ հայրենիք…»:

Այնուհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննէսեան  կարդաց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի շնորհաւորական խօսքը, ուր մասնաւորապէս  ըսուած էր. «…Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնումոր Հայ աւետարանական եկեղեցիի նոր ղեկավարութեան հետ ներկայիս ձեւաւորուել են բարի յարաբերութիւններորոնք արդիւնաւորւում են գործակցային սերտ շփումներովԱյսօր պարտք ունենք մեր ժողովրդի զաւակներինյատկապէս մեր երկրի համար առկայ ծանր պայմաններումանկախ իրենց դաւանական տարբերութիւններիցքաջալերել եւ խրախուսել ամենայն նուիրումով ներդրում բերելուհայրենիքը դժուարին իրավիճակից դուրս հանելունեղութիւնները յաղթահարելու եւ միասնաբար մեր ապահով ու լուսաւոր գալիքը կերտելու համար»:

Ներկաները դիտեցին նաեւ Հայ աւետարանական  համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն շնորհաւորական ուղերձները:

Հանդիսավար Անդրանիկ Մարտոյեան կարդաց հատուած` Պոլսոյ Սահակ Բ. պատրիարքի շնորհաւորական նամակէն:

Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ համերգ, որուն մասնակցեցան` Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը (գեղ. ղեկավար` Վահան Մարտիրոսեան), Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը (գեղ. ղեկավար ու գլխավոր խմբավար` Քրիստինա Ոսկանեան), Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի` Ղազարոս Սարեանի անուան օփերային սթիւտիոյի «Կոմիտաս»  երգչախումբը (խմբավար` Գայեանէ Սահակեան): Երգացանկը  աւելի քան յագեցած էր ու յաւուր պատշաճի: Հնչեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Արմէն Սմբատեանի ստեղծագործութիւններէն, հոգեւոր երգեր: Երաժշտախումբերու ելոյթները կը ղեկավարէր խմբավար, գործիքաւորող դոկտ. Վարդան Ակոբեանը` Լիբանանէն: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արմենակ Միսիրեանի «Աղօթք Տէրունական»-ով եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհրդի նախագահ վեր.  Հովել Միքայէլեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հանդիսութեան սկիզբը եւ աւարտին հիւրերուն բաժնուեցան Յոբելինական Հանդիսութեան Յուշամատեանը եւ Հայ աւետարանականներուն վերաբերող գիրքեր:

Հանդիսութեան ժամանակ ցուցադրուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցիի մասին պատմող եռամաս ժապաւէնը, ուր ներկայացուած էր կազմակերպութեան հոգեւոր, կրթամշակութային ուղղուածութիւնն ու  բարեսիրական առաքելութիւնը: Ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ մասնաւորապէս այն փաստին վրայ, որ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Կիլիկիոյ մէջ գործած են 137 կազմակերպուած աւետարանական եկեղեցիներ, եղած է 82 ձեռնադրեալ հովիւ, 97 քարոզիչ, եկեղեցիի 14 հազար հաղորդական անդամ, 270 կիրակնօրեայ դպրոց, 7 քոլեճ, 46 բարձրագոյն վարժարան, 3 աստուածաբանական ճեմարան:

Ցեղասպանութենէն փրկուած 14-15 հազար հայ աւետարանականներ գաղթեր են  Եւրոպա, Ամերիկա, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, ուր եւ հիմներ են հայ աւետարանական եկեղեցիներ ու աւետարանական միութիւններ եւ շարունակեր են  ազգանպաստ ծառայութիւնը  հայոց հոգեւոր, կրթամշակութային եւ հասարակական կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Անցած 175 տարիներուն աւետարանականները աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հիմներ են կրթական  հաստատութիւններ, հրատարակեր բազմաթիւ պարբերականներ, ծաւալեր բարեսիրական ծառայութիւններ: Յուլիսի 1, 1994-ին Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին ՀՀ-ի մէջ պաշտօնապէս գործելու իրաւունք ստացաւ եւ ձեռք բերաւ իրաւաբանական անձի կարգավիճակ:

Այսօր Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին Հայաստանի մէջ ունի 11 հոգիներէ բաղկացած հոգեւոր խորհուրդ, որ կը ղեկավարէ եկեղեցիի  ընդհանուր ծառայութիւնները: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայ 23 եկեղեցի, 14 ձեռնադրեալ հոգեւոր հովիւ, 9 արտօնեալ քարոզիչ եւ հովիւի 5 օգնական:

Ի դէպ, այս օրերուն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը, Հայ աւետարանական եկեղեցին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ ստացան աշխարհի, Հայաստանի, Արցախի պետական եւ հոգեւոր կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ, որոնք իրենց բարեմաղթանքները կը յղեն Հայ աւետ. եկեղեցիի 175-ամեայ հայանպաստ գործունէութեան առիթով եւ յոյս կը յայտնեն, որ այսուհետեւ ալ  իր վաստակով ու փորձառութեամբ հարստացած  Հայ աւետարանական եկեղեցին կը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդի  սուրբ գործին:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի մամուլի բաժինի քարտուղար

 

Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց` ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ