Հարցումը կրնայ տարօրինակ թուիլ, երբ այս հարցումին պատասխանը այնքան բացայայտ է: Ոեւէ հայ բնականօրէն ու գրեթէ բնազդական մղումով պիտի պատասխանէ որ թուրքն է հայութեան պատուհասը. սակայն երբ հարցադրումը տանինք քայլ մը առաջ եւ հարց տանք թէ ո՞վ կը դիւրացնէ թուրքին գործը` հարցին պատասխանը կը զգենու աւելի տարաբնոյթ երեւոյթ եւ սահմանում:
Դժբախտաբար շատ մը հարթակներու վրայ մենք է որ կը դիւրացնենք թուրքին քանդիչ արարքներն ու գործունէութիւնը: Դիտեցէք այսօրուան Հայաստանի բեւեռացուած վիճակը եւ պիտի համոզուիք վհատեցուցիչ երեւոյթին: Աւելցուցէք այդ բեւեռացուած երեւոյթին վրայ որ այդ բեւեռացումը, իր հերթին կ’արտածուի նաեւ Հայաստանէն դուրս դէպի սփիւռք, եւ պատկերը կ’ամբողջանայ:
Հայաստան, սովորական կամ բնական պայմաններու ներքեւ ապրող երկիր մը չկարենալ թոյլատրելու այսպիսի պառակտուածութեան մը պերճանքը, եթէ կարելի է իբրեւ պերճանք բնութագրել երեւոյթը:
Պարտուած երկիր մը, իր հազարաւոր զոհերով եւ աւելի լայն թիւով իր ներքին գաղթականներով ու ջախջախուած բանակով` փոխանակ ոտքի կանգնելու հնարքներ փնտռելու` փաթթուած ենք իրարու կոկորդին, իրար այպանելով եւ իրար անիրաւելով: Գուցէ նաեւ երեւոյթը կը բխի անզօրութեան այն վիճակէն որ նստած է մեր հոգիներուն մէջ եւ կը պղտորէ մեր նայուածքը` հայու թշնամին տեսնելով յաջորդ հայուն մէջ, փոխանակ աւելի անդին նայելու, տեսնելու բուն թշնամին եւ պաշտպանուելու անոր դէմ:
2018ին տեղի ունեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը ամէնէն ազնիւ եւ իտէալական կարգախօսերով: Սակայն, այնպէս կը թուի որ մեր անկումներուն պատճառները պետական կարգերը չէին, այլ մեր մէջ մարմին առած մարդկային ու քաղաքացիական այլասերումը որ թոյլ չի տար մեզի միանալու եւ մեր երկիրը ոտքի հանելու եւ միասնական օրակարգ մը բանաձեւելու:
Ամիսներէ ի վեր փողոց ինկած է ընդդիմութիւնը` իշխանութիւնը տապալելու նպատակով: Ազգային Ժողովը փոխադրուած է փողոց ուր մեր ամէնէն հրատապ խնդիրները կը քննարկուին այնտեղ միակողմնակիօրէն եւ լուծում չեն գտներ. թէ ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը չի հասնիր իր նպատակին` տապալելու օրուան իշխանութիւնը. շատ պարզ է – ատիկա ժողովուրդին առողջ բնազդն է` թելադրելու համար որ երբ թշնամին ժանիքները արդէն խրած է մեր հողին եւ կը պատրաստուի վերջնական հարուածին` կարելի չէ որ ներքին անհամաձայնութիւններու ջերմաստիճանը հասցնել եռացման մակարդակին:
Ընդդիմութիւնը իր հակաիշխանական արարքները փոխադրած է նաեւ դէպի սփիւռք ուր իշխանութեան խորհրդանիշը հանդիսացող անձեր նշաւակ կը դարձնեն ամէնէն լկտի արարքներու, աշխարհի օտար հանդիսատեսին դիմաց: Լիլիթ Մակունցի վրայ կատարուած յարձակումը ամերիկեան Քոնկրէսի շէնքին մէջ – այդ ալ Ապրիլ 24ի օրով – վարչապետին Փարիզ այցի առիթով անոր ընկերակցող ինքնաշարժներու քարկոծումը, ինչպէս նաեւ Զարեհ Սինանեանի վրայ կատարուած յարձակումները Լոս Անճելըսի եւ Կիպրոսի մէջ, սահմանը անցնող ընդդիմութեան արարքներ են որոնք հաւաքաբար կը վարկաբեկեն ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ ամբողջ հայութիւնը:
Օրուան իշխանութիւնը, իր հերթին, իր բարձրութեան վրայ չէ մնացած ու կը շարժի անորակ գործելակերպովը ընդդիմութեան: Ան յեղափոխութիւնը յառաջացուց խոստանալով որ վանտեթթայի պիտի չդիմէ իշխանութեան գալով, սակայն, այսօր կը պարզուի որ ան պետութեան լծակները կը գործածէ ոչ միայն զսպելու քաղաքական ընդդիմութիւնը այլ լուծարքի ենթարկելու ոեւէ քաղաքական դէմք եւ գործունէութիւն որ մրցակից կամ վտանգ կը նկատէ իրեն: Խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան իր լկտիութեամբ վեր չէ ելած փողոցէն, ոչ ալ նոյն մարմնի անդամ Վահագն Ալեքսանեան:
Անդին, ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու ընտրական յաջողութիւնները վերջ կը գտնեն բանտի մէջ – ինչպէս Վանաձորի Մամիկոն Ասլանեանը – ուր կ’առաջնորդուին նաեւ ազդեցիկ քաղաքական հակառակորդները ինչպէս Աւետիք Չալապեանը:
Իսկ դատարաններուն անկախութեան մասին գաղափար մը ունեցանք երբ վերջերս Գագիկ Ջհանկիրեան կը փորձէր ապօրինի միջոցներով ճնշել Ռուբէն Վարդազարեանը հրաժարելու ԲՏԽի (Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդ) պաշտօնէն տեղ բանալու իրեն, որ պալատական դատաւոր մըն է:
Իշխանութիւնը աւելի հաւասարելով ընդդիմութեան վերջերս արգիլեց Հայաստան մուտքը Փարիզէն դաշնակցական ղեկավար Մուրատ Փափազեանի, անտեղի աղմուկ մը յարուցանելով ամէն կողմ: Այստեղ կ’արժէ յիշել Օմար Խայեամի ասոյթը որ հարց կու տար Աստուծոյ «Ով Տէր, եթէ ես յանցանք գործեմ եւ դուն զիս պատժես, այն ատեն ո՞ւր է իմ ու քու տարբերութիւնը»:
Հայերս միշտ օրինակ կը բերենք հրեաները, որ մեզի նման տառապած ազգ մը ըլլալով հանդերձ ինչպիսի՜ յաջողութեան հասած են եւ հասցուցած են իրենց երկիրը: Սակայն, այս բաղդատութիւնը կը դրուի սխալ հիմքի վրայ – հրեաները Իսրայէլը կերտելով չէ որ հասած են աշխարհի վրայ ունեցած իրենց ոյժի մակարդակին. այլ նախ ձեռք առած են ոյժի լծակները այլ երկիրներու մէջ, որոնք իրենց կարգին թիկունք կանգնած են Իսրայէլի: Ամերիկայի Պետական քարտուղարները որոնք կը վարեն երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը հրեաներ են`Քիսինճըրէն Մատլեն Օլպրայթ եւ Պլինքըն: Իսկ ինչքա՞ն կը սատարեն հայազգի Ռուսաստանի արտգործ նախարար Սերկէյ Լաւրով ու վարչապետ Միխայէլ Միշուսթինը Հայաստանին ու հայկական դատին:
Հայերու համեմատութիւնը հրեաներու հետ բոլորովին անհամաչափ եւ անտեղի է. հայերս պիտի կրնայինք համեմատուիլ ազերիներու հետ: Անպաշտօն տուեալներով կ’ըսուի թէ երեք միլիոն հայեր կը բնակին Ռուսաստանի տարածքին, սակայն հայերը այնտեղ չեն վերածուած քաղաքական գործօնի մը, ինչպէս վերածուած են ռուսաստանաբնակ ատրպէյճանցիները որոնք Մոսկուայի մէջ ստեղծեցին ազդեցիկ քաղաքական լոպի մը: Իսկ բոլոր այն հայերը որոնք ազդեցիկ դիրքերու հասած են Մոսկուայի մէջ լուտանքներու կ’ենթարկուին Հայաստանի մէջ պետական շրջանակներէն մինչեւ մամուլի մութ անկիւնները – փոխանակ սիրաշահելու Մարկարիթա Սիմոնեանը, Անդրանիկ Միհրանեանը, Ռուբէն Վարդանեանը, որոնք դարձած են ծաղրի եւ արգահատանքի առարկայ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ:
Եթէ Հայաստանի քաղաքական ընտրանին պիտի յաջողի ազգային փրկութեան օրակարգ մը սահմանել` նախ պիտի աշխատի չէզոքացնել սպաննիչ բեւեռումը երկրին մէջ. եւ ապա, այդ ազգային փրկութեան օրակարգը պիտի շողարձակուի ամբողջ սփիւռքի տարածքին: Հայրենիքն է որ կը միացնէ մեզ եւ նոյնպէս հայրենիքն ալ կը բաժնէ մեզ:
Սփիւռքը ինքնին անսահմանելի, անբնորոշելի մարմին մըն է. իր հին կառոյցները մաշած ու փլուզումի ենթարկուած են, մինչ հասնող նոր արիւնն ու աւիւնը Հայաստանէն` շատ հեռու են նոր կառոյցներ ստեղծելու նոր տեսիլքներու շուրջ:
Սփիւռքը ունի արժանաւոր հեղինակութիւններ ամէն բնագաւառէ ներս, սակայն հայրենիքը այնքան կազմակերպուած չէ զանոնք գտնելու եւ իր ազգային օրակարգին շուրջ զինուորագրելու:
Եթէ մենք պիտի յաջողինք կանգնեցնելու թուրքն ու ատրպէյճանցին իրենց գոյութենական սպառնալիքին մէջ, մենք մեր միասնականութեամբ միայն պիտի վնասազերծենք զանոնք: Միայն այն ատեն կրնանք աներկբայօրէն պատասխանել հարցումին թէ ո՞վ է Հայաստանի թշնամին:
Որդեգրենք անկլօ-սաքսոն աշխարհին իմաստուն խորհուրդը՝ charity begins at home (բարերարութիւնը կը սկսի մեր տունէն):
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ