ՓԱՅԼԱՆ ՄԷՃԼԻՍԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱՐԱՄ ՏԻԳՐԱՆԻՆ ԱՃԻՒՆԸ ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի մէջ բարձրացուցած է յայտնի հայ երգիչ Արամ Տիգրանին աճիւնը Եւրոպայէն Տիարպէքիր տեղափոխելու հարցը։

Կարօ Փայլան իր հարցադրումը ուղղած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին։ Կարօ Փայլան շեշտած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սիրուած երգիչ Արամ Տիգրանին փափաքը եղած է թաղուիլ Տիարպէքիրի մէջ, սակայն 13 տարի առաջ իր մահէն վերջ թրքական իշխանութիւնները հրաժարեցան թոյլ տալ անոր մարմինը տեղափոխելու Թուրքիա եւ յուղարկաւորել Տիարպէքիր։

Կարօ Փայլան հետաքրքրուած է, թէ ինչու մինչեւ հիմա չէ թոյլատրուած Արամ Տիգրանին աճիւնը տեղափոխել Տիարպէքիր, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած է Արամ Տիգրանին հետ առնչուած որեւէ ծրագիրներով։