Ատրէյճանցի լրագրող եւ պլոքըր Արզու Կէյպուլաեւան, որ համագործակցած է Foreign Policy եւ Al Jazeera հեղինակաւոր պարբերականներուն հետ, մահուան սպառնալիքներ ստացած է իր համերկրացիներէն` Թուրքիոյ մէջ գործող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթին համար յօդուածներ գրելուն պատճառով, կը գրէ Tert.am-ը:
Աղբիւրը ինչպէս կը նշէ, լրագրողը նոյնիսկ ստիպուած եղած է տեղափոխուելու Ատրպէյճանէն` հաստատուելով Իսթանպուլ: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Կէյպուլաեւայի դէմ ուղղուած արշաւը սկսած է փոքրիկ թռուցիկներու տարածումով, որուն ետեւ կանգնած եղած է Ատրպէյճանի պետական մետիադաշտը: Իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու անմխիթար վիճակի մասին պարբերաբար գրող լրագրողը համացանցով մահուան սպառնալիքներ ստանալէ ետք յստակ գիտակցած է, որ իրեն համար այլեւս ապահով չէ հարազատ երկրին մէջ մնալն ու տեղափոխուած է:
Թէեւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ճնշում կը գործադրեն Կէյպուլաեւայի` Ատրպէյճան մնացած ընտանիքի ադամներուն վրայ, այնուհանդերձ` 32-ամեայ լրագրողը, անտեսելով բոլոր վտանգները, կը շարունակէ արծարծել Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրատապ թեմաները:
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Կէյպուլաեւան պատմած է, որ իր նկատմամբ ճնշումներու ու սպառնալիքներու հիմնական պատճառներէն մէկը հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ համագործակցութիւնն էր:
«Մահուան վերաբերեալ առաջին սպառնալիքը ստացած եմ 2014-ի Հոկտեմբերին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, թէ ինծի` «դաւաճանիս», քանի օր մնացած է ապրելու եւ ուր պիտի թաղեն զիս: Անոր յաջորդած է նմանատիպ բովանդակութեամբ անթիւ-անհամար նամակներ, որոնք ես այլեւս ի վիճակի չէի կարդալ: Յետոյ սպառնալիքներն ու ստոր վիրաւորանքները տարածուեցան նաեւ հօրս, մօրս, եղբօրս վրայ, ու ես վճռեցի հեռանալ Ատրպէճանէն»,- նշած է Կէյպուլաեւան:
Լրագրողին խօսքով` Իսթանպուլի մէջ հաստատուելէ ետք ինք ստացած է որոշակի ազատութիւն ու կը կարենայ անդրադառնալ հայրենիքին հետ կապուած սուր խնդիրներուն: