Իսրայէլի նախագահը կը վերահաստատէ իր նախկին դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը առնչութեամբ

Իսրայէլի նախագահ Ռուվըն Ռիվլին յայտնած է, որ նախապէս հնչեցուցած իր դիրքորոշումը 1915 թուականին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ: Այդ մասին նախագահը յայտնած է «Նշանաւորելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100 տարին» գիտաժողովի մասնակիցներուն, զորս ան հիւրընկալած էր իր նստավայրին մէջ` գիտաժողովի վերջին օրը` Նոյեմբեր 4-ին:

Հանդիպումը փակ եղած է լրագրողներուն համար, սակայն Panorama.am-ի թղթակիցը զրուցած է գիտաժողովի մասնակիցներուն հետ, որոնք ներկայ եղած են հանդիպումին եւ նշած են, որ նախագահը վերահաստատած է իր նախկին դիրքորոշումը կապուած Հայ դատի հետ: Սակայն որոշ պատճառներով ան զերծ կը մնայ պաշտօնական յայտարարութիւն ընելէն:

Այն փաստը, որ Իսրայէլի Հանրապետութեան նախագահը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցները, արդէն իսկ կը վկայէ, որ ան կը ցանկայ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել: Անոր այդ քայլը բարձր գնահատուած է մասնակիցներուն, կազմակերպիչներուն եւ Իսրայէլի Բաց համալսարանի նախագահին կողմէ:

Իսրայէլ կը շարունակէ պաշտօնապէս չճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ համալրել ժխտողներու ճամբարը` այս կամ այն քաղաքական պատճառներով: Հրեայ մասնակիցներէն շատերը ատիկա «ամօթ» կը համարեն: Կարելի է միայն յուսալ, որ այսօրինակ գիտաժողովը` ըլլալով առաջինը իր տեսակին մէջ եւս մէկ քայլ առաջ էր: