Ցաւօք, այսօր «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն քաջ ծանօթ Մանուէլ Քէշիշեանի յօդուածը չէ, որ կը տեղադրենք այս սիւնակին մէջ, այլ` անոր յիշատակին կը գրենք.
Կեանքի անակնկալներն են` անխուսափելի։
Տխրութեամբ, սրտի անհուն կսկիծով կը գուժենք մահը հալէպահայ վաստակաւոր բեմադրիչ, թատերագիր, գրող եւ հրապարակագիր, ուսուցիչ, տեսուչ եւ կրթական մշակ` Մանուէլ Քէշիշեանի, որ պատահեցաւ 2022-ի Հոկտեմբեր 6-ին։
Հայրենիքի մէջ մասնագիտական ուսումը աւարտելէն ետք, Հալէպ վերադարձած երիտասարդ բեմադրիչը իր երկար ճանապարհը սկսած է հայ գրականութեան մէջ յայտնի թատերգութիւններու եւ այլ ժանրի ստեղծագործութիւններու թատերական իր համադրութիւններով.«Նահանջը առանց երգի», «Գիշատիչներու խնճոյքը», «Գաւազանը», «Մայրիկ», «Ծանր է Հիփոքրաթի գլխարկը», «Թաղականին կինը», «Թաքսի-թաքսի», «Ընկեր Փանջունի», եւ այլք…
Առանձնայատուկ եղած են թատերագիր Մանուէլ Քէշիշեանին պատկանող ներկայացումները, որոնցմէ կրնանք յիշել` Արցախեան պատերազմին նուիրուած «Տխուր մոմեր»ը, «Հալէպեան նշանտուք», «Խոստովանանք», «Գլխապտոյտ», «Ախ Հալէպ, Հալէպ» եւ այլն…
Յատկապէս գնահատելի էր այն, որ անոր համագործակցած թատերական խումբերը միշտ եղած են սիրայօժար աշխատող միութենական տղաք ու աղջիկներ, որոնց հետ նուիրեալ բեմադրիչը երբեմն հայերէն ճիշդ ընթերցանութենէն սկսելով հասած է մինչեւ Ազգային արժէքներու սերմանումը։
Վառ պիտի մնայ անոր յիշատակը, անկասկած, բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնց հետ այս կամ այն ձեւով գործակցած ու յարաբերած է Մանոն։
Հանգուցեալը կեանքի երկար տարիներէ ի վեր Հալէպի Լ.Ն.Գ.Կ. կեդրոնական վարժարանին մէջ որպէս ուսուցիչ, ապա` տեսուչ պաշտօնավարած եւ վերջին ամիսներուն տնօրէն նշանակուած:
Կրթական մեծ մշակին յուղարկաւորութեան պաշտօնին յաջորդեց Հալէպի ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի վարչութեանց կողմէն կազմակերպուած սգահանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ վերոնշեալ դպրոցի փակին մէջ անոր ընտանեկան պարագաներուն, հալէպահայ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներու, վարժարանի աշխատակազմին, ուսուցիչներուն եւ հալէպահայ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։
Պիտի նշենք, միջոցառման ընթացքին ցաւակցական խօսք առնող ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ առ ի գնահատանք անոր բազմավաստակ ծառայութիւններուն եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամակցութեան, Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ՌԱԿ 100-ամեակի առթիւ պատուոգիր մը շնորհուեցաւ անոր, որ յանձնուեցաւ հանգուցեալին տիկնոջ` տիկին Վարդի Քէշիշեանին։
«ԱՊԱԳԱՅ»ի խմբագրութեան անունով մեր խորագին վիշտը կը յայտնենք Մանուէլ Քէշիշեանի անժամանակ կորուստին կապակցութեամբ, սրտագին մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անոր տիկնոջ, զաւակներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ ընթերցողներուն, անոր այլեւս դատարկ մնալիք սիւնակները սպասողներուն….
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։