ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ  ՊԱՏՐԱՆՔԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Պատերազմի մէջ պարտութիւն կրած երկիր Հայաստանը, ոյժ եւ հեղինակութիւն կորսնցուցած, կը փութայ մէկ քաղաքական հարթակէն դէպի միւսը, փնտռելով ապահովութիւն ու խաղաղութիւն, որոնք կարծէք կը հեռանան, կը մնան իբրեւ անհասանելի պատրանք:

Վերջերս Փրակայի մէջ կայացած եւրոպական համայնքի գագաթաժողովն էր, Ֆրանսայի նախագահութեամբ. այս օրերուն Ասթանայի ժողովն է, որուն լուսանցքներուն վրայ կը քննարկուին Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնները, միջազգային խաղացողներու շահերու ցանցին մէջ:

Հոկտեմբեր 6ին, Չեխիայի մայրաքաղաք Փրակայի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ներկայութեան եւ առաւելագոյնը որ կրցան ձեռք ձգել սկզբունքային համաձայնութիւն մըն էր որ արդէն ինքնին ակնյայտ եւ առկայ էր երբ կողմերը յայտարարեցին հաւատարիմ մնալ ՄԱԿի սկզբունքներուն եւ 1991ի Ալմա Աթայի յայտարարագրին, որով կողմերը ճանչցած էին երկիրներու փոխադարձ հողային ամբողջականութիւնը եւ յայտարարեցին թէ այդ սկզբունքները պէտք է իբրեւ հիմ ծառայեն սահմանազատման բանակցութեանց:

Հետաքրքրական էր որ 13 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրար կը հանդիպէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները. ինչպէս ծանօթ է` նախորդ հանդիպումները կայացած էին նախագահներ Սերժ Սարգիսեանը եւ Ապտուլլա Կիւլի միջեւ: Այս վերջին հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողան խուսափեցաւ գրգռիչ արտայայտութիւններէ պարզ այն պատճառով որ այս օրերուն կը փափաքի մեծերու վայել վարք մը ցուցաբերել, աչքը յարած ըլլալով 2023ի Թուրքիոյ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութեանց, որոնք վտանգուած կը թուին ըլլալ Թուրքիոյ տնտեսական տագնապին եւ Էրտողանի վարկանիշի անկման պատճառաւ: Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց որ սահմանները անմիջապէս կը բացուին եւ երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկութիւնը կը սկսի, այն պահուն որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կնքեն խաղաղութեան պայմանագիրը: Սակայն, արդէն, այստեղ է որ թաղուած է շան գլուխը: Անգարա, որ իբրեւ թէ բանակցութեանց սկսած էր առանց նախապայմաններու, արդէն մէջտեղ դրած էր ամէնէն անյաղթահարելի պայմանը: Չհաստատուած լուրերու համաձայն` կ’ըսուի նաեւ թէ Էրտողան պահանջած ըլլայ Փաշինեանէն հրաժարիլ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարէն:

Այստեղ անյաղթահարելի փորձաքարը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշինքի կնքումն է, որովհետեւ նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ յաղթողի դիրքերէն յոխորտալ եւ անկարելի պայմաններ թելադրել Հայաստանին:

Առաջինը այն որ Փրակայի ժողովը որոշեց քաղաքացիական պատուիրակութիւն մը ղրկել երկու երկիրներու սահմանին երկու ամսուան լիազօրութեամբ: Հայաստան ընդունեց հիւրընկալել այդ վերահսկող պատուիրակութիւնը իր հողամասին վրայ, մինչ Ատրպէյճան արտայայտուեցաւ վերապահութեամբ, յայտնելով որ այդ պատուիրակութեան հետ կ’առնչուի այնքանով որ իր շահերը կը թելադրեն:

Ատրպէյճան գիտակ է որ նման պատուիրակութիւն մը կրնար հաստատել իր նախայարձակ ըլլալը եւ վկայել իր գործած պատերազմական ոճիրներուն մասին:

Երկրորդը` մէկ կողմէ համաձայնելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու սկզբունքին, նախագահ Ալիեւ փութաց հակասող յայտարարութիւն մը ընել տակաւին այդ ժողովը չհասած իր աւարտին, ըսելով «Պարզ չէ որ ինչու անոնք չեն համաձայնիր մեզի տալու անցք [խուսափեցաւ corridor եզրէն] դէպի Նախիջեւան: Ասիկա պարզապէս իրենց պարտաւորութեան հերքումն է. բայց մենք կը մնանք համբերատար եւ զուսպ. ես վստահ եմ որ այդ եւս պիտի յաջողինք իրականացնել`ուշ կամ կանուխ: Սակայն աւելի լաւ` շուտ»:

Ինչպէս կը տեսնուի` արդէն սպառնալիք մը կայ Ալիեւի խօսքին վերջաւորութեան:

Ալիեւ գիտէ թէ Հայաստան արդէն երեք ճամբաներ ցոյց տուած է, որոնց միջոցաւ Ատրպէյճան կրնայ կապուիլ Նախիջեւանին, սակայն անոր պահանջը միջանցքն է, որ ըլլայ իր հակակշռին ներքեւ, Հայաստանի հողամասը կիսելով երկուքի:

Ալիեւ կը շարունակէ իր ռազմաշունչ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ եւ կը մնայ անզիջող, մինչեւ անգամ մեծերու կոչերուն դիմաց: Արդարեւ, Ամերիկայի պետական քարտուղարը` Անթոնի Պլինքըն անձամբ հեռաձայնած է Ալիեւին, յայտնելով որ Ատրպէյճանն է նախայարձակը եւ պէտք է ետ քաշէ իր ոյժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն: Միեւնոյն բովանդակութեամբ զանգ մը տուած է Ֆրանսայի նախագահը` Պր. Մաքրոնը, սակայն Ալիեւ կը մնայ անտեղիտալի, մարտահրաւէր կարդալով միջազգային հանրութեան:

Ալիեւ, բնականաբար, ապաւինած է իր մեծ եղբօր` Էրտողանին: Եթէ պատահի որ աւելի զօրաւոր ճնշում մը բանեցուի` այդ ճնշումը կը հասնի Թուրքիոյ եւ Թուրքիա հանդէս կու գայ իբրեւ պաշտպան ՆԱԹՕի շահերուն, կովկասեան շրջանէն ներս, հակակշռելով ռուսական ներկայութիւնը այնտեղ: Արեւմուտքի մեծերը, գիտնալով հանդերձ որ Թուրքիա Կովկասի մէջ բացառաբար կը սպասարկէ իր սեփական շահերը, կը ստիպուին աչք փակել եւ ձեւացնել որ Թուրքիա իսկապէս կը ծառայէ ՆԱԹՕի շահերուն:

Ալիեւի ամբարտաւանութիւնը սնուցող այլ պատճառներ եւս գոյութիւն ունին. անոնցմէ մէկն է այն վարկը որ ան կ’ապահովէ Եւրոպային ուժանիւթ մատակարարելով, հոգ չէ թէ սահմանափակ քանակով: Միւս պատճառներէն մէկը այն է որ Թուրքիան դարպասապահը նշանակած է Ատրպէյճանը իր թուրանական ծրագրին եւ Պաքուի վրայ դրուած է պարտականութիւնը, ոյժի միջոցաւ բանալու«միջանցք»ը դէպի Միջին Ասիական երկիրներ:

Սակայն ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է որ Ատրպէյճանը հողամաս տրամադրած է Իսրայէլի իբրեւ ռազմադաշտ, ուրկէ այս վերջինը կ’իրականացնէ լրտեսական վերահսկողութիւն եւ ռազմական պատրաստութիւն` հաւանական յարձակում կատարելու Իրանի վրայ: Ի դէպ, 44օրեայ պատերազմին միակ շահառուն Ատրպէյճանը չէր. այդ պատերազմէն օգտուեցաւ նաեւ Իսրայէլը, որովհետեւ պատերազմէն առաջ Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը 140 քիլոմեթր երկարութիւն ունէր, մինչ պատերազմի հետեւանքով ան վերածուեցաւ 35 քիլոմեթրի, լայնօրէն բանալով Իրանի սահմանը իսրայէլեան ծրագիրներուն դիմաց:

Աւելին, եթէ Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի ոյժերով յաջողուի տապալել Իրանի այժմու վարչակարգը – ինչ որ հաճոյ է նաեւ Արեւմուտքին – Ատրպէյճան կը յուսայ իր հողամասին կցել «Հարաւային Ատրպէյճան»ը որուն հաւանական իրականացման յոյսով արդէն կազմուած է «աքսորեալ կառավարութիւն» մը Անգարայի մէջ:

Այս հաւանականութիւններուն ի տես զարմանալի չէ որ Իրան քանիցս սպառնացած է վերջերս արգիլել սահմանային ոեւէ փոփոխութիւն Կովկասի մէջ. իսկ այս օրերուն ալ որոշած է կայացնել հզօր ռազմափորձեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ:

Նախագահ Ալիեւ Փրակայի մամուլի ասուլիսի ընթացքին, յայտարարած է որ Արցախի հայերը կը նկատէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ եւ պատրաստ չէ ոեւէ կողմի հետ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:

Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդունելի տարազի մը ներքեւ ներկայացնելու իրողութիւնը, որ իրենց հակակշռէն դուրս մնացած է Արցախի ճակատագիրը, կը ջանան հանրութիւնը համոզել որ իրենք աշխատանք կը տանին` Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ընտրեալ մարմիններու միջեւ բանակցութիւններ սկսիլ:

Փրակայէն վերջ, Հոկտեմբեր 13ին սկսած է Ասթանայի ժողովը ԱՊՀ երկիրներու համար: Արդէն այստեղ բաւական լուրջ յանդիմանութեամբ Ռուսաստան կը դիմաւորէ Հայաստանի ներկայացուցիչները:

Նախքան Փաշինեանի հասնիլը Ասթանա, արդէն հանդիպած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները, բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ: Սերկէյ Լաւրով հեգնական կերպով հարց տուած է Արարատ Միրզոյեանին թէ ի՞նչ են այն «ասէ-կոս»ները որոնք կը լսուին Եւրոպայէն Հայաստան եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններու մասին, եւրոպացիներու մասնակցութեամբ: Խաղաղութեան դաշնագիրը կարելի է իրագործել միայն գործադրութեան դնելով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն պայմանաւորուածութիւնը Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեամբ:

Արարատ Միրզոյեան, վերջապէս համարձակած է Լաւրովէն պահանջելու Ռուսաստանի դիրքորոշումը Ատրպէյճանի հողային գրաւումներուն եւ ռազմական գործողութիւններուն մասին:

Լաւրով քաղաքական այս լուրջ խօսակցութիւնը, որ վերացած է պարոնեանական կատակերգութեան մը, յայտնելով որ Ռուսաստան պատրաստ է ՀԱՊԿի դիտորդական պատուիրակութիւն ղրկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանը, պայմանաւ որ ՀԱՊԿը նիստ գումարէ եւ պահանջէ այդ առաքելութիւնը: Իսկ նիստը միայն կրնայ հրաւիրել ՀԱՊԿի նախագահութիւնը, որ … Հայաստանն է:

Երբ 207 զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ կան` ինչպիսի՞ խնդիր է պատուիրակութիւն ղրկելու խեղկատակութիւնը, մինչ անդին խռովութիւններ սկսած Ղազախստանի մէջ Մոսկուա, Հայաստանէն հրահանգեց զինուորական ջոկատ մը ուղարկելու այնտեղ, առանց նիստի եւ առանց խօսակցութեան:

Երբ ՀԱՊԿի անդամներէն մէկը յարձակման ենթարկուի, այդ մարմնին կանոնագրութեան 4րդ կէտը կը պահանջէ որ միւս անդամները հասնին յարձակման զոհին օգնութեան:

Զարմանալի չէ որ ընդհանուր յուսախաբութիւն կը տիրէ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի այդ դիրքաւորման նկատմամբ եւ հետզհետէ բողոքները կը զօրանան պահանջելով որ Հայաստան հրաժարի ՀԱՊԿի անդամակցութենէն:

Հայաստան կը գտնուի դիւանագիտական փափուկ կացութեան մը դիմաց. եթէ պաշտօնականացնէ իր պահանջը հրաժարելու ՀԱՊԿէն, Մոսկուա կրնայ բիրտ հակադարձութիւն մը ունենալ: Եթէ շարունակէ լռել Մոսկուայի կառավարութեան դիմաց` Ատրպէյճանն կրնայ աւելի եւս լկտիանալ եւ Մոսկուայի անտարբեր հայեացքին ներքեւ աւելի լայնածաւալ յարձակումներ կայացնել:

Հայաստան դեռ կը շարունակէ մնալ խաղաղութեան պատրանքի փնտռտուքին մէջ …:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ