ԵՐԿՈՒ ՍԽԱԼԻ ՀԱՆՐԱԳՈՒՄԱՐԸ ՉԻ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ ՄԷԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ

Ծանօթ է որ Հոկտեմբեր 28-31ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Համաշխարհային Հայկական Համագումար»ը մեր ազգի այսօրուան ճակատագիրը քննարկելու եւ ելքի ու դարմանումի միջոցներ գտնելու:

Եթէ ոչ այսօր` ապա ե՞րբ, այն պատկերին դիմաց որ կը գտնուի մեր հայրենիքը. եթէ չուզենք իսկ հաւատալ որ Արցախը կորսուած է` գոնէ ինքնամխիթարութեան համար պէտք է ընդունինք որ ան հակակշիռէն դուրս մնացած է: Ատենին, երբ Հայաստանը երաշխաւորն էր Արցախին, այսօր Հայաստան ինքը վտանգուած է մասնատման, գաղութացման եւ մինչեւ անգամ կորուստի:

Այս բոլորը բաւարար պատճառներ չե՞ն որ ազգովին համախմբուինք եւ գործենք առաջքն առնելու անխուսափելի կորուստին, հայրենիքի կործանման:

Եթէ այս իրավիճակը անգամ մղիչ ոյժ պիտի չդառնայ որ ազգովին սթափինք եւ դիմենք ինքնապաշտպանութեան` ուրեմն մենք կորսնցուցած պէտք է ըլլանք հայրենիքով ապրելու գաղափարը:

Դժուար եւ անկարելի եզրայանգումներ այսօր կու գան պարտադրուիլ մեզի որպէսզի համարձակինք չըսուելիքը ըսելու եւ չխորհուելիքը` խորհելու: Ուրեմն, այսօրուան մեր իրավիճակը կը թելադրէ մեզի ճշմարտութիւնը որ թուրքը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ մեր ազգը իր պապենական հողերէն այլ անէծքի դրոշմը դրաւ դեռ ծնելիք սերունդներուն վրայ, զանոնք վերածելով անհամերաշխ եւ աններդաշնակ զանգուածներու, որոնք գերագոյն աղէտին դիմաց անգամ անզօր կը դառնան հաւաքական կամք դրսեւորելու, եւ իրենց ձեռքերով իրենց ապագան կերտելու:

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին կապակցութեամբ յանուն Հանրապետական կուսակցութեան նախագահը` Արման Բաբաջանեան կարգ մը յարիր հարցադրումներ կ’ընէ, հոգ չէ թէ վերջաւորութեան զանոնք զուգորդելու իր քաղաքական օրակարգին: Ան հարց կու տայ.«Ո՞վ կարող էր պատկերացնել, որ Հայաստանի պետականութեան յարատեւութեանը սպառնացող այս օրհասական պահին Հայ Առաքելական եկեղեցու նուիրապետական զոյգ աթոռների գահակալները կարող են հրաժարուիլ մասնակցել համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին միայն այն պատճառով որ դրան չեն մասնակցելու Դաշնակցութիւնը, դաշնակցական Փափազեանը եւ այլք»:

Այսպիսի ճակատագրական հանգրուանին անտեղի պիտի ըլլար վիճիլ այն մասին թէ հա՞ւը կու գայ հաւկիթէն առաջ թէ հաւկիթը` հաւէն: Սակայն, անհրաժեշտ է վերլուծել կացութիւնը` եթէ նոյնիսկ մետասաներորդ ժամուն կարելի է հրաշքով լուծումներ գտնել:

Նախ պէտք է ըսել Բաբաջանեանի մօտ, եւ ընդհանրապէս` հայաստանցիներու մօտ մակերեսային մերձեցում մը գոյութիւն ունի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու նկատմամբ. արդարեւ, այդ ե՞րբ է որ երկու կաթողիկոսները կամ երկու աթոռները խորհրդակցած ըլլան միասնական դիրքաւորում մը որդեգրելու:

Անդին, Բաբաջանեանի օգտատետրի արձանագրութեանց արձագանգողներուն մակարդակը ողբալիօրէն սահմանափակ է- չըսելու համար աւելին: Եւ դժբախտաբար օրուան իշխանութիւնները, փոխանակ լուսաբանելու հանրութիւնը եկեղեցական հարցերու նկատմամբ եւ օգտուելու եկեղեցւոյ հեղինակութենէն – ինչպէս կ’ընեն Ռուսաստանի ու Վրաստանի կառավարութիւնները – աւելի հիմք կ’ընդունին զանգուածին տգիտութիւնը` նսեմացնելու Մայր Աթոռը, անոր Գահակալը եւ ընդհանրապէս` եկեղեցւոյ արժէքը:

Եկեղեցին, հայկական կազմակերպութիւնները, ղեկավար անհատներ պէտք էին համախմբուիլ այսօր Հայաստանի շուրջ, գոնէ ճանչնալու եւ գնահատելու վերահաս աղէտին տարողութիւնը: Այստեղ Պր. Բաբաջանեան կը շարունակէ «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային ծայրայեղ լարուած միջավայրը օբյեկիվօրէն բարձրացրել է Հայաստանի նկատմամբ այն սուբյեկտների շանսերը որոնք ունեն հայկական ինքնիշխանութեան թէկուզ մնացած փշրանքներն էլ փուլ տալու հաւանականութիւն եւ մտադրութիւն»:

Ներելով Պր. Բաբաջանեանի լեզուական մեղանչումները` կրնանք հաստատել որ իր մտահոգութիւնները արդարացի են:

Արդ, ինչո՞ւ կը գտնուինք այսպիսի անհասկացողութեան, պառակտումի եւ իրերամերժ դիրքաւորումներու մէջ:

Նախ անոր համար որ ներկայ իշխանութիւնները, իրենց նախորդներուն նման կը շարունակեն չճանչնալ սփիւռքը եւ գիտնալ թէ ո՞վ` ո’վ է: Մինչեւ որ կարելի չըլլայ գիտականօրէն ստեղծել ճանաչողութեան այդ մեքենան` անկարելի պիտի ըլլայ սփիւռքի հսկայ ներոյժը վերածել Հայաստանին սատարող գործօնի մը, միշտ գործակցութիւնը թողելով պարագայական ծանօթացումներու վրայ:

Անցեալին, երբ Հրանոյշ Յակոբեան սփիւռքի նախարար էր, իր արտասահմանեան այցելութեանց ընթացքին` ան որ հիւրասիրած էր զինք ան կը դառնար սփիւռքի ղեկավար եւ արժանի` շքանշանի: Այս համեմատութիւնը չենք կատարեր երգիծական նպատակներով, այլ ցաւալի իրողութիւն մը հաստատելու նպատակով, որովհետեւ, այսօր եւս, շատ բան չէ փոխուած սփիւռք-հայրենիք յարաբերութեանց մէջ:

Երբ Զարեհ Սինանեան նշանակուեցաւ սփիւռքի լիազօր յանձնակատար, յոյս կար որ կացութեան մէջ նշանակալից փոփոխութիւն մը տեղի ունենար, հակառակ անոր որ սփիւռքի նախարարութիւնը փոխարինուած էր աւելի նուազ իրաւասութիւններով մարմնի մը հետ, որովհետեւ Սինանեան իր անձին մէջ ու վրայ կը կրէր երկու հատուածներուն մշակոյթը, ապրած ու գործած ըլլալով թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ. ան կը տիրապետէր անհրաժեշտ լեզուներու եւ լիովին ծանօթ էր կողմերու հոգեբանութեան: Ան իր տուեալներով կրնար վերափոխել իշխանութեանց աշխարհայեացքն ու վերաբերումը սփիւռքի եւ անոր հարցերուն նկատմամբ:

Սակայն, պարզուեցաւ հակառակը. Սինանեան ինք որդեգրեց իշխանութեանց անբարտաւան վերաբերումը սփիւռքի նկատմամբ, թէ մենք հայրենի իշխանութիւնն ենք եւ մենք է որ կը բնորոշենք ո՞ր անձը կամ ո՞ր կազմակերպութիւնը արժանի է մեր գործակցութեան: Եւ այս գործընթացը պատճառ մը դարձաւ լարուածութեան եւ հակամարտութիւններու:

Միւս կողմէ Դաշնակցութեան – կամ անոր մէկ տիրական հատուածին – ընդդիմութիւնը այսօրուան իշխանութեանց` քաղաքականացուց սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները:

Այո, աններելի էին վարչապետին կամ Հայաստանի իշխանաւորներուն քարկոծումները Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի մէջ, երբ Չաւուշօղլու կամ Ալիեւ աննշմար կ’այցելէին Արեւմուտքի մայրաքաղաքները:

Այս արարքներուն դիմաց իշխանութիւններն ալ չմնացին իշխանական դիրքերու վրայ եւ դիմեցին վրէժխնդրական արարքներու, օրինակ` արգիլելով կարգ մը գործիչներու մուտքը Հայաստան, հաւասարելով հասարակ մարդոց վարքագիծին:

Ամիսներէ ի վեր կը ծրագրուէր այս գագաթաժողովը, սակայն, յայտնի չէ թէ ո՞ր շրջանակներու կամ հեղինակութիւններու հետ կատարուեցան խորհըրդակցութիւնները եւ որո՞նք հրաւիրուեցան այդ ժողովին:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը փորձեց ընդդիմութիւն-իշխանութիւն մերձեցում մը իրականացնել, իրար մօտ հրաւիրելով նախկին նախագահները. սակայն պարզուեցաւ որ այդ նախագահները տարակարծութիւններ ունէին իրարու հետ. միւս կողմէ ալ իշխանութիւնը քաջալերական ազդանշան մը չտուաւ` չբարձրացնելու համար Վեհափառին հեղինակութիւնը:

Կաթողիկոսներուն մերժումը չմասնակցելու գագաթաժողովին ունի բոլորովին տարբեր եւ արմատական պատճառներ:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտէն կը գործակցի Դաշնակցութեան հետ, հետեւաբար Արամ կաթողիկոս պարտ կը զգայ քայլ պահել այդ կուսակցութեան հետ, երբ անոր կարգ մը ղեկավարները կ’անտեսուին իշխանութեանց կողմէ:

Միւս կողմէ ծիծաղելի պիտի ըլլար մտածել որ Ամենայն Հայոց Հայրապետն ալ միեւնոյն պատճառով կը մերժէ մասնակցիլ, որովհետեւ ան ոչ մէկ կերպով հարկատու է այդ կուսակցութեան, նոյն ամբաստանութեան ենթարկուելու: Բայց ինչո՞ւ ահազանգ չեն հնչեցներ եկեղեցւոյ պետերը, երբ անոնք անցեալին նախաձեռնած էին համազգային հաւաքներու, նուազ աղետալի պայմաններու տակ£

Շատ հաւանաբար պատճառը իշխանութեանց վերաբերումն է Մայր Աթոռի նկատմամբ ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռին համար յարգելի նկատուած կազմակերպութեանց:

Ինչպէս կը պարզուի` նուիրապետական Աթոռներու բացակայութիւնը, անպայման աթոռակալներուն մեղքով չէ:

Սակայն, այդ բոլորին արդիւնքը այն պիտի ըլլայ որ իշխանութեանց դիմաց քծնող խումբ մը պիտի մասնակցի գագաթաժողովին, վերածելով զայն մասնակի եւ ոչ համազգային հաւաքի մը: Եւ այնտեղ առնուած որոշումներն ալ կրնան ի զօրու դառնալ միայն հատուածի մը եւ ոչ համայն ազգին:

Պատկերը տխուր է, իսկապէս` տխուր: Եթէ այսպիսի աղետալի ժամանակներու մէջ ալ մեր ազգը պիտի չկրնայ համերաշխութիւն եւ համակամութիւն ստեղծել` ուրեմն արժանի պիտի դառնայ այն արդիւնքին, որ պիտի բխի այս անիշխանական եւ անհաշտ իրավիճակէն:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ