Չորեքշաբթի՝ 26 Հոկտեմբեր 2022-ին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկանի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը։ Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումի կարելիութեան համար՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան սրբազան քահանայապետին փոխանցած է հայ ժողովուրդի ու կառավարութեան ջերմ ողջոյնները։ Նախարարը յայտնած է, որ իր այցելութիւնը Վատիկան տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելենական տարին, եւ լաւ կարելիութիւն է քննարկելու դարաւոր պատմական կապերու եւ նոյնանման հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւնները: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը երախտագիտութիւն յայտնած է 44-օրեայ պատերազմին եւ յաջորդած շրջանին Հռոմի Պապի կողմէն արծարծուած խաղաղութեան բազմաթիւ ուղերձներուն եւ կոչերուն համար։ Նախարար Միրզոյեան Նորին Սրբութեան ներկայացուցած է տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ ընդգծելով մարդկային հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը, եւ այս առթիւ Հռոմի Պապին փոխանցած է ՀՀ վարչապետին ուղերձը։