Մարկարիթա Սիմոնեանի Հայաստան մուտքը արգիլուած է

Ռուսական «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի ղեկավար Մարկարիթա Սիմոնեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքը արգիլուած է: Ան այս մասին յայտնած է իր թելեկրամեան ալիքին վրայ:

Սիմոնեան անդրադարձած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Զաթուլինի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքը արգիլելու մասին լուրին` յայտնելով, որ իր Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքը եւս արգիլուած է:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարը արգիլած է երկար տարիներ Հայաստանին աջակցող Քոնսթանթին Զաթուլինի Հայաստան մուտքը: Իմս, ի դէպ, նոյնպէս», գրած է Սիմոնեան: