Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնը, թէ իր Հայաստան մուտքը արգիլուած է:
«Ես ձեր նշած հրապարակումը չեմ կարդացած, սակայն այսօր առաւօտեան ստացած ենք նամակ մը, որուն բովանդակութեան տակաւին նոր ծանօթացած եմ: Նամակին մէջ կը նշուի, որ իմ արտայայտութիւններս վնաս կը հասցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որ այս պատճառով իմ մուտքս անբաղձալի է: Ինչպէս կը հասկնամ` խորհրդարանի ներկայացուցիչը այսպէս պատասխանած է այն առաջարկներուն, որոնք անցեալ շաբաթ ուղարկած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալէն Սիմոնեանին, անոր տեղակալին` փոխնախագահին, որ կը զբաղի հայ-ռուսական միջխորհրդարանական կապերով, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար՝ Միրզոյեանին, անոնց հրաւիրելով մասնակցելու Լազարեան ակումբի նիստին, որ նպատակ ունէինք կատարել 28-29 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ կլոր սեղանի շուրջ` «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմական անցեալն ու ներկան» նիւթով: Սակայն կը տեսնեմ, որ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, հաւանաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս-հայկական յարաբերութիւններու ո՛չ պատմական անցեալը, ո՛չ ալ ներկան կ’ուզեն քննարկել: Այս առնչութեամբ ասիկա առաջին միտքն է, որ կը ծագի միտքիս մէջ: Եւ ասիկա կ’երեւի ունի իր բացատրութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով այն գիծը, որով անոնք կը գնեն վերջին ամիսներուն: Կը հերքեմ այն ամէնը, ինչ որ նամակին մէջ գրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վնաս հասցնելու առումով: Կը կարծեմ` եթէ գնահատելու ըլլանք Հայաստանին վնաս հասցնելը, ապա, կը կարծեմ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գտնենք մարդիկ, որոնք շատ աւելի մեծ վնաս հասցուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան, քան կարող է հասցնել ո՛չ միայն Զաթուլինը, այլ նաեւ ոեւէ այլ օտարերկրացի, կամ ինչպէս որ իմ պարագայիս` Տումայի երեսփոխանը», ըսած է քաղաքական գործիչը:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն չէ միջամտած, եւ հայկական լրատուամիջոցներու խնդրանքով մեկնաբանութիւններ կը կատարէ եւ միշտ առաւելապէս ազնիւ կ’արտայայտուի` հիմնուելով անձնական հայեացքներու վրայ: