Անցեալ Հինգշաբթի Հոկտեմբերի 22-ին, տեղի ունեցաւ Գանատայի քաղաքացիական (civilian) բարձրագոյն շքանշանը հանդիսացող Order of Canada-ի տուչութեան հերթական հանդիսաւոր տպաւորիչ արարողութիւնը, որուն ընթացքին Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ Մէրի Սիմոն 42 ականաւոր գանատացիներուն յանձնեց ձիւնի փաթիլի ձեւաւորումով ներկայացուած համբաւաւոր շքանշանները:
Order Of Canada շքանշանը ստեղծուած է 1967-ի Յուլիսի 1-ին, Գանատայի Հարիւրամեակին առիթով, առ ի ճանաչում և պարգևատրում՝ այն գանատացիներուն որոնք արտակարգ և օրինակելի բացառիկ իրագործումներ կատարած են Գանատական կեանքին՝ և նաև անոր սահմաններէն անդին՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Member of the Order Of Canada կոչումին արժանացողները բնորոշող նշանաբանն է «Անոնք կը փափաքին աւելի լաւ երկիր մը»: Այնպէս ալ Հոկտեմբեր 22-ին 42 շքանշանակիր Գանատացիներէն իւրաքանչիւրը կը յատկանշուէր ամենատարբեր՝ համայնքային, առողջապահական, գիտական, երաժշտական, արուեստի, դիւանագիտական, բժշկական, երաժշտական, ևայլ բնագաւառներու մէջ, իրեն բերած արտակարգ ծառայութիւնով և իրագործումներով:
Հանդիսութեան ընթացքին, պաշտօնական պատգամախօսը արտասանեց իւրաքանչիւր պարգևատրուողի վաստակը ամփոփող կոչնագիրը (Citation):
Order of Canada-ի կանոնագրութեան համաձայն, այս պարգևատրումին նկատի առնուելու համար ամէն գանատացիի թեկնածութիւնը կրնայ առաջարկուիլ: Ապա՝ պետական բարձրագոյն մակարդակի քննիչ մարմին մը, նախագահութեամբ Գանատայի Գլխաւոր Դատաւորին (Chief Justice of Cabada) կը ձեռնարկէ խորհրդապահական մանրակրկիտ աւելի քան տարի մը տևող քննութեան մը: Այսպիսով, թեկնածուին տուեալները խստագոյն լրջութեամբ ճշդելէ ետքն է միայն որ ան կը յանձնարարուի Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչին կողմէ արժանանալու համար երկրի քաղաքացիական (Civilian) բարձրագոյն մակարդակի պատուին:
Հինգշաբթի օրուայ տպաւորիչ հանդիսութեան ընթացքին, իրարայաջորդ բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուողներու շարքին, պատգամախօսը հրաւիրեց իր կարգին Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, և կարդաց հետևեալ պաշտօնական կոչնագիրը (Citation) “Over the course of fifty years, scientist and social leader Arshavir Gundjian laid the blocks on which today’s Canadian‑Armenian community continues to build. Relentless in his effort to help newcomers integrate into Quebec’s society while continuing to cherish their unique culture, he spearheaded the creation of the École Alex Manoogian, the Tekeyan Association of Montreal, and the Diocese of the Armenian Apostolic Church of Canada. Committed to supporting Armenian diaspora communities internationally, he also served as Vice-President of the Armenian General Benevolent Union for a decade.”, հայերէնով՝ « Յիսուն տարիներու ընթացքին գիտնական, հասարակական գործիչ եւ ղեկավար Արշաւիր Կէօնճեան խարսխած է հիմնաքարերը որոնց վրայ կը բարձրանայ գանատահայ գաղութի կառոյցը: իր անդուլ ջանքերով սատարած է նոր գաղթականները համալրուելու՝ Քեպէքի հասարակութեան մէջ, շարունակելով դիեցնել իրենց եզակի մշակոյթը: Ան գլխաւորած է շարժումը հիմնադրելու Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը Գանատայի մէջ: Իբրեւ յանձնառուն ծառայելու համաշխարհային հայ համայնքներու՝ ան ծառայած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան իբրեւ փոխնախագահ, ամբողջ տասնամեակ մը»:
Օրուայ պարգևատրուողներուն շարքին էր Գանատայի Միացեալ Նահանգներու մօտ՝ երկարամեայ դեսպան, երկար տարիներու յաջողագոյն Գանատայի դիւանագէտ Րէյմօն Քրէթիեն, եղբայրը Գանատայի նախկին Վարչապետ Ժան Քրէթիենին: Տարիներու ընթացքին փոքր թիւով ականաւոր հայ պարգևատրուողներու շարքին եղած են Շարլ Ազնաւուր, նկարիչ Եուսուֆ Քարշ, ֆիլմի արտադրիչ Աթոմ Եկոյան, ինչպէս նաև Զօրեան Ինսդիդուդի նախագահ Կրեկ Սարգիսեան:
Հոկտեմբեր 22-ի հանդիսութենէն և ընդունելութենէն ետք, Դոկտ Կէօնճեան՝ ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ Նատիա Կէօնճեանին, այցելեց Հ.Հ. Օթթաուայի դեսպանատունը, ուր ջերմագին շնորհաւորութիւններով իրենց ընդունեց և հիւրասիրեց ՆՎ Հայաստանի Արտակարգ և Լիազօր Դեսպան Անահիդ Յարութիւնեանը: Ներկայ էր նաև Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Սրբազան Յովակիմեանը: Միայն աւելի վերջն էր որ յայտնուեցաւ թէ Սրբազան Հայրը ինք նախաձեռնած էր, նախատեսուած խորհրդապահական կանոններով պետական քննիչ մարմնին առաջարկել, Դոկտ Կէօնճեանի թեկնածութիւնը:
Բարձր գնահատանքի և պատուի արժանացող Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան՝ որպէս գիտնական և նուիրեալ հասարակական ղեկավար պատիւ կը բերէ ամբողջ սփիւռքահայութեան, մանաւանդ գանատահայութեան և ի վերջոյ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան և Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որոնց գերագոյն ղեկավարութիւնը գլխաւորած և երկար տարիներով մաս կազմած է անոր: