ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏԵՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՓԱԿՈՒԻԼ ՇՈՒՏՈՎ            

Ժամանակին Արշակ Չօպանեան առանձինն հայ դատի յանձնախումբ մը կը հանդիսանար եւ իր Փրօ-Արմենիա շարժումով ան ֆրանսական մտաւորականութեան մօտ հայութեան ի նպաստ տպաւորութիւն ստեղծած էր, այն աստիճան որ Ֆրանսան կը ներկայացնէր իբրեւ հայասէր երկիր. սակայն, այն օրը որ ֆրանսական կառավարութիւնը լքեց Կիլիկիան, 200,000 անպաշտպան հայերը թողելով քեմալական վոհմակներու սուրին տակ՝ հասկցանք որ հայասիրութիւն բացատրութիւնը քաղաքական եզրաբանութիւն մը չէր: Զայն ստեղծած էինք ինքնախաբէութեան համար:

Ֆրանսական իշխանութիւնները Առաջին Աշխարհամարտին համոզած էին Պօղոս Նուպար փաշան եւ անոր միջոցաւ նաեւ հայրենազուրկ հայերը, որ կռուելով դաշնակիցներու կողքին հայոց պիտի տրուէր հայկական օճախ մը Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ. եւ իսկապէս ալ շուրջ 5000 հայ երիտասարդներ միացան հայկական կամաւորական գունդին եւ ֆրանսական բանակին կողքին յաղթական մուտք գործեցին Կիլիկիա, ապազինուելու եւ լքուելու համար ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ:

Կարծէք այդ պատմական դասն ալ բաւարար չնկատելով` հայերս հայասիրութեան այդ պիտակը տուինք ռուսերուն, եւ մինչեւ այսօր ալ դեռ հաւատացողներ կան որ Ռուսաստան հայասէր երկիր մըն է, մինչդեռ պետութեանց համար գոյութիւն ունի միայն պետական շահ որ կը դրսեւորուի ռէալ փոլիթիքի կերպարանքով:

Երբ պետութեանց ռէալ փոլիթիքներու բախման կամ համադրման պահերուն Հայաստանի համար կը ստեղծուին բարենպաստ պայմաններ, այդ պարագային է որ Հայաստան կրնայ օգտուիլ պատեհութենէն` տուեալ երկիրները ըլլան հայասէր կամ ոչ:

Այս օրերուն Հայաստանի ճակատագիրը կը տարուբերուի շրջանային ոյժերու բախման եւ զուգորդութեան մէջ – Թուրքիա, Ատրպէյճան, Իրան եւ Ռուսաստան կը ջանան իրենց միջեւ բաժնել կովկասեան տարածաշրջանը: Հայաստան պիտի հետեւի անոնց քաղաքական նախաձեռնութեանց եւ ըստ այնմ դասաւորէ իր քաղաքականութիւնը:

Հայաստան ամբողջութեամբ լքուած էր 44օրեայ պատերազմին. ոչ ռուսական 102րդ ռազմախարիսխը Կիւմրիի մէջ, ոչ Հայաստան-Ռուսաստան դաշինքը, ոչ ալ Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւն) սատարեցին Հայաստանի պաշտպանութեան: Պէտք է ընդգծել նաեւ Արեւմուտքի բացարձակ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը Հայաստանի ճակատագրին նկատմամբ:

Սակայն, երբ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով, Ռուսաստանի դիրքերը սկսան խախտիլ տարածաշրջանին մէջ, ՆԱԹՕ-ն, Եւրոպական Միութիւնն ու Ամերիկան նախաձեռնեցին լեցնելու գոյանալ սկսող քաղաքական պարապութիւնը` Հայաստան դարձաւ անոնց համար քաղաքական գործօն մը:

Միւս կողմէ Հայաստանի բարեկամ Իրանն անգամ փութաց շնորհաւորելու նախագահ Իլհամ Ալիեւը, «իր պատմական հողերը» վերագրաւած ըլլալուն համար:

Իրանի քաղաքականութիւնը եւս ապրեցաւ յեղաշրջում մը, երբ Ատրպէյճանի տարածքային գրաւումով Իրան-Ատրպէյճան սահմանը ընդարձակուեցաւ եւ լայն դուռ բացուեցաւ Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ համար վերակենդանացնելու իրենց հին ծրագիրները Իրանի այժմու իշխանութիւնը տապալելու եւ իրանեան Ատրպատականը Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ բաժին հանելու: Հետեւաբար, Իրան եւս անդրադարձաւ որ Հայաստան կրնայ կռուան մը հանդիսանալ իրեն տարածաշրջանային հակամարտութիւններու մէջ, եւ Իրանի պետութիւնը բարձրագոյն մակարդակներով յայտնեց որ շրջանին մէջ որեւէ սահմանային փոփոխութիւն` կարմիր գիծ է Իրանին համար: Իսկ վերջերս ալ Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարը Հոսէյն Ամիր Ապտուլահեան Սիւնիքի մէջ յայտարարեց որ «Հայաստանի ապահովութիւնը` Իրանի ապահովութիւնն է»:

Ուրեմն, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հայանպաստ յայտարարութիւնները եւ Իրանի վերջին պահուն ցոյց տուած հոգածութիւնը Հայաստանի հանդէպ` արտայայտութիւնները չեն անոնց հայասիրութեան. այլ դրսեւորումներն են իրենց քաղաքական շահերուն, բայց Հայաստանին առիթ   կ’ընծայեն օգտուելու զարգացող այս պատեհութիւններէն:

Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութեանց կը մնայ արագ թափով զինուիլ եւ թոյլ չտալ որ քաղաքական այս պատեհութիւնները կորսուին:

Թէեւ քիչ մը ուշ` սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները սկսան հաշուետուութիւն պահանջել Մոսկուայէն, վերջնոյն պարտազանցութեան համար` իր դաշնակցային յանձնառութենէն:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն Մարիա Զախարովա եւ Սերկէյ Լաւրով զգուշացուցին Հայաստանը որ չտարուի Արեւմուտքի խոստումներէն: Նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալ գագաթաժողով մը կազմակերպեց Հոկտեմբեր 31ին, Սոչիի մէջ, Ուաշինկթընեան տարբերակի դիմաց ռուսական տարբերակը վաճառելու, ուր հեռաւոր ժամանակներուն մէջ կը ծփար խոստում մը Արցախի կարգավիճակին մասին:

Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց առաջարկը լաւ իմանալով որ կատարուածը պարզ խաղ մըն էր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Արեւմուտքին դէմ հանելու: Սոչիի հանդիպման Ալիեւ դարձեալ յայտնեց իր կրկներգը որ ինք լուծած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը զէնքի ոյժով եւ այլ ընտրանք չէր մնացած բացի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան դաշնագրէն, որուն կնքումին առիթով դարձեալ հրապարակ պիտի գայ Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը: Փութին չկրցաւ պաշտպանել իր իսկ առաջարկը: Ալիեւ նոյնիսկ մերժեց ռուս խաղաղապահներու կեցութեան պայմանաժամը երկարաձգելու Փաշինեանի առաջարկը:

Այժմ Հայաստան եւ Ատրպէյճան դարձեալ կը նային դէպի Արեւմուտք: Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով կը մեկնին Ուաշինկթըն հանդիպելու Պլինքընին:

Իսկ հայ-թրքական բանակցութեանց մասին Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց որ որոշ տեղաշարժ գոյութիւն ունի: Նման լաւատեսական արձագանգ մըն ալ լսուեցաւ Անգարայէն, ուր նախագահական խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը: Ծանօթ է որ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները պայմանաւորուած են Ատրպէյճանի հանգոյցով:

Քալընի առաջարկը երկսայրի սուր մըն է. ան կ’ըսէ «Մենք կը ցանկանք որ գործընթացը առաջ երթայ. գիտենք որ հայկական կողմն ալ այդ հարցին մէջ համակիր է, կառուցողական դիրքորոշում ունի: Մենք կ’աջակցինք նաեւ Ատրպէյճանին որ դրական կերպով շարունակէ գործընթացը. մենք կը խրախուսենք միաժամանակ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Հայաստան կարգաւորումը ամբողջ Հարաւային Կովկասին հանգստութիւն բերելու: Աստուած տայ տեսնենք այն օրը, որ մեր յարաբերութիւնները կարգաւորուած ըլլան, սահմանը բացուած ըլլայ, սահմանային առեւտուր, երթալ-գալ ըլլայ»:

Վերեւի մեղրածոր խօսքերը աւելի քաղցրացնելով Պր. Քալըն կ’աւելցնէ. «Հայաստան 2.5-3 միլիոն բնակչութեամբ դէպի ծով ելք չունեցող ցամաքային պետութիւն մըն է, որուն ամէնէն կարեւոր ելքը Թուրքիան է: Ուստի յարաբերութիւններու կարգաւորումը լաւ կ’ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին, Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքացի հայերուն եւ նաեւ հայկական սփիւռքին»:

Այդ ե՞րբ է որ թուրք պետական դէմք մը այդքան հոգածու ըլլայ Հայաստանի նկատմամբ. սակայն թակարդը վերջաւորութեան է երբ Պր. Քալըն կը հակադրէ Հայաստանը սփիւռքին, փորձելով սեպ մը խրել երկուքին միջեւ, գրելով. «Ցաւօք, գուցէ ի վերջոյ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքներն ալ հասկնան, քանի որ, գիտենք, աշխարհի մէջ երկու մեծ հայկական սփիւռք կայ, մէկը Ֆրանսայի եւ միւսը Ամերիկայի մէջ: Յոյս ունիմ որ անոնք ալ կը հասկնան, որ կարգաւորումը շահեկան կ’ըլլայ առեւտուրի տեսանկիւնէն. Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ առեւտուր կ’ընէ, մարդիկ կ’երթան-կու գան, Հայաստանի ժողովուրդն ալ շունչ կը քաշէ: Ասիկա ներդրում կ’ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար»:

Ինչպէս կը տեսնուի` թուրք դիւանագէտը ոչ միայն կը հակադրէ Հայաստանը սփիւռքին, այլ անուղղակի կերպով կը խոստովանի սփիւռքին քաղաքական տարողութիւնը – տարողութիւն մը, որուն սփիւռքն անգամ չ’անդրադառնար յաճախ:

Երբ Ատրպէյճան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ եւ վերստին տիրացաւ իր կորսնցուցած հողերուն, ան, Թուրքիոյ աջակցութեամբ արդէն շահած էր լրատու միջոցներու կողմնակալութիւնը, համոզելով որ կը պայքարէր իր սեփական հողերուն ի խնդիր: Հայկական կողմը, դժբախտաբար ի վիճակի չեղաւ լրատու միջոցներու եւ դիւանագիտական հարթակի վրայ հակառակ արշաւ մը յաջողեցնելու:

Այսօր, սակայն Արեւմուտքի վերաբերումը տարբեր է, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական աշխարհինը, երբ Ատրպէյճան ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան հողատարածքէն ներս: Պաքու ցարդ իր ոճիրները կը յաջողեցնէր Մոսկուայի եւ անոր արբանեակներուն գործակցութեամբ. Ռուսաստանի դիրքերուն խախտումը նուազեցուցած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ այդ դիրքերուն օգտագործումը: Ալիեւ կ’անդրադառնայ թէ պատեհութեան պատուհանը հետզհետէ կորսուելու վրայ է եւ Արեւմուտքի միջնորդութիւնը, կարգաւորման մէջ, կրնայ ըլլալ ազդու եւ ոչ անպայման նպաստաւոր Պաքուի. հետեւաբար կը փութայ, ոյժերու անհաւասար պայմաններուն տակ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքել Հայաստանի հետ:

Իսկ Հայաստանին համար աւելի ձեռնտու է աւելի ուշացնել դաշնագրի կնքումը, մինչ այդ աւելցնելով իր ռազմական կարողութիւնները, ոյժի միջոցաւ պաշտպանելու ամէն պայմանագրութիւն:

Թուրքիոյ տնտեսական անկումը, Արեւմուտքի հետ յարաբերութեանց վատթարացումը եւ 2023ի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութեանց հեռանկարը կը պարտադրեն որ Անգարա փորձէ բարի վարուց վկայական ապահովել դիւանագիտական միջազգային հրապարակի վրայ:

Կը մնայ որ Հայաստան ճիշդ արժեւորէ այս տուեալները եւ կերտէ իր համապատասխան դիւանագիտական գործընթացն ու գաղափարախօսութիւնը (doctrine):

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ