Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Նոյեմբեր 18-ին հիւրընկալեց բժիշկ Հրայր Յովակիմեանը:
Նախագահի հրամանագիրով առողջապահութեան զարգացման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, սրտի բարդ վիրահատութիւններ իրականացնող նորարարական բժշկական կեդրոն ստեղծելուն եւ բազմաթիւ նոր մասնագէտներ պատրաստելու, մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար բժիշկ Յովակիմեանը պարգեւատրուեցաւ Հայրենիքի շքանշանով:
Նախագահ Խաչատուրեան շնորհաւորեց բժիշկը, բարձր գնահատեց անոր վաստակը, քաջառողջութիւն, նոր յաջողութիւններ մաղթեց եւ
համոզմունք յայտնեց, որ Հրայր Յովակիմեանը կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը ունենալ առողջապահութեան զարգացման գործին մէջ իր փորձն ու գիտելիքները փոխանցելով երիտասարդ սերունդին: