Լիբանանահայ գաղութի մտաւորական խաւի տերեւաթափը կը շարունակուի: Երեքշաբթի 22 Նոյեմբեր 2022-ին լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը` հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ, կրթական մշակ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ծնած է 1941 թուականին, Ճիւնիի մէջ, Լիբանան:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, Ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Ան քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ, եւ ապա` իբրեւ գրադարանապետ:
Ժիրայր Դանիէլեան կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ` սերունդներ կոփելով հայեցի կրթութեամբ եւ բարձրորակ ուսումով:
Գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատուրեան անոր մասին կ’ըսէ. «Ժիրայր Դանիէլեան որոնողը, հմուտ բանասէրը, լրագրութեան պատմաբանն ու մատենագէտը, մանկավարժը, խմբագիրն ու հրատարակիչը», ինչպէս նաեւ` «Սփիւռքի հայ մամուլի ու գրական գործի լաւագոյն գիտակներից մէկը…»:
Ժիրայր Դանիէլեան կը վարէ խմբագրութիւնը` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին, «Հիւսիսեան Հայագիտական Տարեգիրք»-ին, «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»-ին, «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին եւ «Շիրակ» ամսագրին:
Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ` «Զարթօնք», «Արարատ», «Ազդակ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ:
Ժիրայր Դանիէլեան պատասխանատու խմբագիրն է 2005-ին իր հիմնադրած «Կամար» գրական պարբերաթերթին:
Վերջին տարիներուն ձեռնհասօրէն կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական հիմնարկը:
1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները. «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981), «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Նահանջ առանց երգի»-ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983), «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997), «Լիբանանահայ դպրոցը. թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007), «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» (Երեւան, 2011):
Ան վերջին տարիներուն մեծ ներդրում ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական բնօրրաններու յուշամատեաններու խմբագրութեան եւ վերահրատարակութեան աշխատանքին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ:
Ժիրայր Դանիէլեան գրական լայն հորիզոնով եզակի հետազօտող մըն էր, որ իր ինքնատիպ վերլուծումները կը կատարէր, նաեւ` բանասիրական բնագաւառի մէջ անխոնջ պեղումներով նորութիւններ կը յայտնաբերէր, սխալներ կը մատնանշէր, բաղդատականները կը հիմնաւորէր փաստական տուեալներով, իսկ բանավիճային բնոյթի գրութիւններուն կու տար առարկայականութիւն, սկզբունքայնութիւն եւ տրամաբանական եզրակացութիւն:
Դոկտ. Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկաները կը հանդիսանային մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը:
2011-ին, իր ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակներու առիթով Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ան ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան շքանշանները:
21 Յունիս 2017-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:
14 Յուլիս 2017-ին Լիբանանի Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պատահած ահաւոր պայթումին պատճառով իր աչքերէն կը վիրաւորուի: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կը կորսնցնէ, միւս աչքն ալ` լրջօրէն կը վնասուի:
Ժիրայր Դանիէլեանի շիջումով սփիւռքի հայկական գաղութները առհասարակ եւ լիբանանահայ գաղութը` յատկապէս, կորսնցուցին հմուտ մատենագէտ, պատկառելի մտաւորական եւ հայոց ոսկեղինիկի ջահակիր հայորդի մը: