Ժամանակն է որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայաստանէն մինչեւ Արցախ կամ ամբողջ երկրագունդի տարածքին միանգամայն կանգ առնէ եւ ապա կատարէ շատ լուրջ ինքնահայեցողական վերլուծումը իր ներկայ աշխարհաքաղաքական վիճակին` փորձելու համարիր իր մօտիկ եւ հեռու ապագային համար իրատես նախատեսութիւններ նախաձեռնել:
Արագ ակնարկ մը վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ապշեցուցիչ զարգացումներուն վրայ, պէտք է սկսի ճակատագրական 44 օրերու քանդիչ պատերազմէն եւ անոր աղետալի վերջաւորութենէն որուն յաջորդեց սանձարձակ քաղաքական յորձամրրիկը որուն մէջ կլանուած է այսօր մեր երկիրը: Ան այսօր կը փորձէ հետապնդել ներքին ու մանաւանդ արտաքին քաղաքական նպաստաւոր տարբեր ուղղութիւններ: Այս ընթացքին դիմագրաւուած մարտահրաւէրներու աննախընթաց ուժգնութիւնը ստեղծած է մթնոլորտ մը, ուր յոգնած ընդհանուր բնակչութիւնը եւ նոյնիսկ ընտրանի դասակարգը աստիճանաբար կարծես դարձած է քաղաքականօրէն զգայազուրկ ու պատրաստ է ընդունելու ապագան ինչ որ ալ ըլլայ ան, եւ կամ համակերպելու ֆիզիքապէս հայրենիքը լքելու անբաղձալի տարբերակին, փնտռելու համար աւելի բարենպաստ մարգագետիններ, խոստմնալից հեռու երկիրներու մէջ:
Այս տեսարանին ականատես պաղարիւն եւ հանդարտ հայ դիտորդ մը երբ փորձէ պարզաբանել Հայաստանի եւ Արցախի մօտիկ ու հեռաւոր ապագան, անհրաժեշտօրէն պիտի ի վերջոյ ընդունի թէ նկատի առած այս օրուան հասանելի հանրային տեղեկատուական դաշտի մէջ բոլոր տուեալները անկարելի է ներկայիս գտնել ոեւէ ճանապարհային քարտէս մը, որ կ’առաջնորդէ Հայաստանի համար լաւագոյն ապագայ մը խոստացող տրամաբանական եւ իրատես զարգացումներու: Ընդհակառակը, անհերքելի է որ Հայաստանն ու Արցախը այսօր կը դիմագրաւեն նոյնիսկ իսկական սպառնալիք մը իրենց ապագայ գոյութեան:
Սիրելի հայրենակիցներ, նկատի առնելով այս պարագան պէտք է ընդունինք որ կացութիւնը այսօր իսկապէս աղետալի է: Սակայն, պէտք է նաեւ գիտակցինք թէ բարեբախտաբար տակաւին անկարելի կամ ուշ չէ կացութիւնը դարմանելու համար քայլեր առնելու: Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ անմիջապէս առնուին այդ քայլերը:
Հայաստանի թէ Սփիւռքի հայե’ր, անհրաժեշտ է սթափիլ: Գիտակից որեւէ հայ իրաւունք չունի անտարբերութեան մէջ մնալու երբ մեր բազմահազարամեայ ազգը իր պատմութեան ամենաճակատագրական եւ ճգնաժամային խաչմերուկին վրայ կը գտնուի այսօր:
Խիստ վրդովեցուցիչ միտքերու այս ընթացքը նախ քան աւելի եւս յառաջացնելը, անհրաժեշտ է որ վստահ ըլլանք թէ այս յօդուածը արդարանալի ահազանգ մըն է որ կը հնչեցնէ եւ ոչ թէ անարդարանալի խուճապ մը կը ստեղծէ:
Արդարեւ, այսօր Հայաստան այցելողներուն մեծ մասը այնտեղ իրենց տեսած թրթռուն կեանքէն մեծապէս տպաւորուած ու տառացիօրէն ազդուած կը վերադառնայ: Գիշերային կեանքը շլացուցիչ է, ճաշարանները խճողուած են: Արդիական նոր շէնքեր կը բարձրանան ամէնուրեք եւ կ’ըսուի թէ տնտեսութիւնը աննախընթաց համեմատութեամբ աճած է: Նոյնպէս բարձր մակարդակով միջազգային արհեստագիտական եւ առեւտրական համագումարներ տեղի կ’ունենան Երեւանի մէջ, եւ վերջապէս, տակաւին վերջերս տեղի ունեցած Համահայկական Համագումարը աշխարհի չորս ծագերէն 600 հայ անհատներ իրար քով բերաւ: Բոլորն ալ եկած էին Հայաստանին ծառայելու գաղափարներով եւ բարի տրամադրութիւններով:
Միւս կողմէ, քաղաքական գետնի վրայ, Հայաստանի բարձրագոյն մակարդակի ներկայացուցիչներուն աննախադէպ յաճախականութեամբ հանդիպումները միջազգային բարձրագոյն առաջնորդներու հետ խիստ տպաւորիչ են: Յաջորդական այս հանդիպումները տեղի կ’ունենան հետզհետէ աւելի մեծ թափով, թէպէտ երեւութապէս դժուար ըմբռնելի է հետապնդուող տրամաբանութիւնը: Իշխանութեան ամենաբարձր ներկայացուցիչները կը հանդիպին արեւմտեան բարեկամ երկիրներու` ամենաբարձր ղեկավարներու հետ եւ նոյնքան ալ արեւելեան ոչ բարեկամ երկիրներու` չըսելու համար թշնամի` ղեկավարութեան հետ: Քանի մը ժամերու տարբերութեամբ ժողովները իրար կը յաջորդեն քաղաքական ամէնահակադրուած կեդրոններուն մէջ ինչպէս Մոսկուա, Պրիւքսէլ, Սոչի, Փարիզ, Ուաշինկթըն եւայլն:
Մինչ այսպէս Հայաստան երեւութապէս կը թուի միջազգային աննախադէպ ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալ, միւս կողմէ սանձարձակ յարձակումները թէ Հայաստանի եւ թէ Արցախի սահմաններուն վրայ կը շարունակուին: Արդարեւ, ազերիական յայտարարութեանց պատերազմաշունչ ոճը, որուն Թուրքիա հետեւողականօրէն կը ձայնակցի, իր գագաթնակէտին վրայ է այսօր ոչ պակաս քան ինչ որ էր 44օրուան պատերազմի նախօրեակին: Անբացատրելիօրէն ազերիները չեն ազդուիր նոյնիսկ ամերիկեան, ֆրանսական եւ Եւրոպական Միութեան բացայայտօրէն զիրենք դատապարտող յանդիմանութիւններէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր «պաշտպան եւ դաշնակից Ռուսիոյ խաղաղապահ ոյժերուն» անոնք գործնապէս բացակայ են: Անոնք բացէ ի բաց որդեգրած են միւս կողմ նայելու դաւադրական հնարքը:
Նկատի ունենալով հանդերձ վերոյիշեալ անբաղձալի իրականութիւնը, հայկական իշխանութիւնները որոշապէս պէտք է շարունակեն հետապնդել բոլոր դիւանագիտական միջոցները, հոգ չէ թէ որքան ազդու կամ անհետեւանք ըլլան անոնք: Սակայն եւ այնպէս, նկատի առնելով այդ նոյն իրականութիւնը, որոշ է որ ո’չ մեր իշխանութիւնները եւ ո’չ ալ որեւէ հայ անհատ այն պատրանքը պէտք է ունենայ թէ երբ Ալիեւի ոյժերը անգամ մը եւս անցնին Հայաստանի կամ Արցախի սահմանները, զինուած ըլլալով մահացու ամէնէն արդիական զէնքերով, որոնք շարունակ կը գնեն իրենց զինուորական առատաձեռն պիւտճէով, ըլլան ռուսական զէնքերը եւ կամ արեւմտեան կամ ՆԱԹՕ-ի ոյժերը, պիտի երբեք կասեցնեն անոնց յառաջխաղացքը, նախ քան անոնք հասնին մինչեւ Երեւանի սիրտը, մանաւանդ որ Ալիեւ անամօթաբար ըսած է ու կը կրկնէ թէ Երեւանը Ատրպէյճանին կը պատկանի…:
Միթէ այս դառն սակայն իրապաշտ հեռանկարը բաւարար չէ՞ Հայաստանին համար շտապ արթնանալու եւ անմիջապէս համազգային ուժգին ջանքով մը սկսիլ կառուցելու համար իր սեփական ինքնապաշտպանութեան ուրոյն համակարգը: Այս վերջինը պիտի պարտի ընդգրկել մեծագոյն թիւով պաշտպանութեան ոյժեր որոնք օժտուած ըլլան բարձրագոյն որակով, նորագոյն զինուորական սարքաւորումներով: Հայաստանի մէջ ներկայիս որեւէ այլ գործունէութիւններէն առաջ, այս աշխատանքին պարտի տրուիլ բացարձակ առաջնահերթութիւն:
Փաստօրէն այս մարտահրաւէրը կը պարտադրէ Հայաստանի մէջ թէ դուրս, բոլոր հայերուն, ուր որ ըլլան անոնք, դիմագրաւելու ծանր պարտաւորութիւններ գալիք աննախատեսելիօրէն բազմաթիւ տարիներու համար:
Այս առնչութեամբ, քաջալերական լաւ լուրը այն է թէ գոնէ կայ նուազագոյն մէկ նախադէպ ազգի մը որ նոյնանման մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուէր անցեալին, եւ որ փայլուն յաջողութեամբ յաղթահարեց զայն, իր անկախութեան տիրանալու անմիջական վաղորդայնին: Որոշ է թէ անոնց համար եւս հեշտ չէր եղած այդ պայքարը: Վստահաբար կռահեցիք…: Իսրայէլ ծանրագոյն վիճակի մէջ կը գտնուէր 1948-ին, իր անկախութենէն անմիջապէս ետք: Իսկ այժմ բոլորս գիտենք թէ ուր հասած է ան:
Բնականաբար գիտակցելով համապատասխան բոլոր տուեալներուն երբեք պիտի չառաջարկէի որ մենք ջանանք կրկնել անոնց իրագործումները: Միւս կողմէ ամէն պատճառ ունինք ակնկալելու եւ պահանջելու որ Հայաստան փորձէ եւ յաջողի դառնալ Փոքր-Իսրայէլ մը: Պայման է անշուշտ որ այսպիսի իրագործումի համար հայերը իսկապէս լրջօրէն հետապնդեն իրենց ազգը փրկելու ջանքերը նոյն այն հետեւողականութեամբ եւ կիրքով որ յատուկ էր երիտասարդ Իսրայէլին եւ աշխարհատարած հրեայ ժողովուրդին 1948-ին, եւ տարիներ շարունակ անկէ ետք: Համարեայ ոչինչ փոխուած է մինչեւ այսօր 75 տարիներ ետք …:
Աշխարհի չորս ծագերը տարածուած հայեր, լաւ է որ գիտակցինք թէ այս մոլորակին վրայ ոչ մէկ ազգ ձրիօրէն հասած է իր փրկութեան:
Այս մարտահրաւէրը այնքան լուրջ է որ նոյնինքն Հայաստանի ներկայ առաջնորդը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդունի թէ այնպէս ինչպէս Պեն Կուրիոնը ըրաւ 1948-ին, այս աշխատանքը իր օրակարգին գլուխը դնելէ բացի այլ ընտրանք չունի: Կ’ըսուի թէ 1948-ին Պեն Կուրիոն երկտասնեակ մը կամ աւելի հրեայ առաջնորդներու խումբ մը հաւաքած է Իսրայէլի անապատային վայրերու ամէնէն մեկուսացած մէկ տեղ մը, եւ ան կտրուկ կերպով տեղեկացուցած է անոնց որ թոյլ պիտի չտայ իրենց հոնկէ դուրս ելլելու մինչեւ որ ծրագիր մը չմշակեն կերտելու համար ապահով Իսրայէլ մը: Նիկոլ Փաշինեան քանի որ ներկայիս գլուխն է Հայաստանի Հանրապետութեան, պէտք է ընէ նոյնը, մանաւանդ որ շատ աւելի լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի այսօր ինք քան ինչ որ էր Պեն Կուրիոն 1948-ին …:
Որոշ է անշուշտ թէ վերջին Հայկական Ընդհանուր Համագումարը որ գեղեցիկ եւ մեծ ցուցադրութիւն մըն էր անկասկած, յամենայն դէպս, բոլորովին անկարող է գլուխ հանելու այսպիսի ծրագիր մը:
Մտաւորական եւ արհեստագիտական կարողութիւն առկայ է անկասկած Հայաստանի եւ սփիւռքի միացեալ ամբողջ տարածքին: Խորհրդապահական լուրջ աշխատանք մը կայ կատարելիք մաղէ անցնելու համար աշխարհատարած ամբողջ հայութեան տուեալները, կազմելու համար Ազգային Ռազմավարութեան Խորհուրդ մը: Այդ աշխատանքը պէտք է կատարէ վարչապետին գլխաւորութեամբ փոքր խումբ մը կազմուած բանալի անձնաւորութիւններէ որոնք պարտին նշանակուիլ բոլորովին անկախ իրենց մինչեւ օրս ունեցած քաղաքական հակումներէն, աւելի եւս շեշտելու համար նախաձեռնուած այս աշխատանքին կենսական գերագոյն կարեւորութիւնը:
Կ’ուզենք հաւատալ թէ Փաշինեան կարող է նախաձեռնելու այս աշխատանքին: Այդ պարագային հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւնը վստահաբար պիտի կանգնի իր կողքին, անկախաբար այս օրերուն յաճախ իր դէմ կատարուող անմակարդակ եւ հասարակ ցուցադրութիւններէն: Միւս կողմէ սակայն, եթէ Փաշինեան վարանի եւ չհամարձակի ձեռնարկել թէեւ բաւականին դժուար եւ սակայն ազգային փրկութեան համար կենսական այս մարտահրաւէրին, այն ժամանակ ան այլեւս չի կրնար մեղադրել անոնք որոնք զինք պատասխանատու պիտի նկատեն մեր ազգին վերապահուած խորապէս մութ ապագային համար:
Ընդհակառակը երբ վերոյիշեալ կուսակցական անկողմնակալ նկարագրով ազգային փրկութեան կեդրոնական ծրագրային ղեկավարութիւն մը յաջողի ստեղծուիլ շատ մօտ ապագայի մը, բոլոր հայկական կարեւոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ եկեղեցին, բոլոր քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ զանազան տարբեր հակումներ ունեցող կազմակերպութիւնները պիտի ստիպուած նպաստեն գերագոյն այս նպատակին, մէկ կողմ դնելով ամէն դժկամութիւն, քանի որ այլապէս անոնք պիտի վստահաբար կորսնցնեն հանրութեան զօրավիգը:
Փոքրիկ-Իսրայէլի այս տիպարով ստեղծուած «հպարտ եւ ապահով Հայաստան»ին պիտի չպակսին ոչ մտաւորական ոյժ, ոչ մասնագիտական կարողութիւն, ոչ ալ նիւթականի տրամադրելիութիւն, որոնք անհրաժեշտ են որպէսզի կառուցուի պաշտպանութեան անանցնելի պարիսպ մը ընդդէմ ազերիական կամ թրքական քմահաճ յարձակողական փորձերու: Նոյն Պեն Կուրիոնն էր որ նաեւ ստեղծեց իսրայէլեան բաժնեթուղթերու շատ յաջող դրութիւնը, որ մինչեւ այսօր Իսրայէլին կը հայթայթէ նիւթական կարեւոր աղբիւր մը, որուն հատուցողները հրեաները չեն միայն այլ թերեւս անոնց մէջ կան նոյնիսկ այս տողերը կարդացողներ:
Պիտի դարձեալ կրկնեմ այն ինչ որ բազմիցս գրեցի ասկէ առաջ, թէ Փաշինեանը կամ իր գործակիցները պէտք չէ տակաւին վարանին «Հայաստանի վերակառուցման բաժնեթուղթեր» ստեղծելու ծրագրին առնչութեամբ ինչ որ կ’երեւի տակաւին պարագան է դժբախտաբար ըստ վերջերս թիւ 1 լրատուական ալիքին վրայ Կարէն Զագարեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին: Եթէ այդ ծրագիրը իրագործուի այստեղ յիշուած դրական մթնոլորտի մը հովանիով, այդ բաժնեթուղթերու դրութիւնը, այնպէս ինչպէս առաջարկած էի, թէեւ անպատասխան մնացած` վարչապետ Փաշինեանին ուղղուած 2020 Հոկտեմբերին գրուած բաց նամակիս մէջ, շարունակական աղբիւր մը պիտի դառնայ անկասկած` իրագործելու համար այս յօդուածով առաջարկուած ազգային փրկութեան կենսական ծրագիրը:
Ստորագծենք անգամ մը եւս թէ Ազգային Փրկութեան այս ծրագիրը պէտք է անպայմանօրէն ղեկավարուի բարձրագոյն մակարդակի, անկողմնակալ եւ արհեստավարժ Ազգային Ռազմավարութեան Խորհուրդի մը կողմէ որ պարտի գլխաւորուած ըլլալ օրուան վարչապետին կողմէ: Անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կերտել բարգաւաճ ու հպարտ եւ ապահով Հայաստանը:
Այն ժամանակ է միայն որ ոչ մէկ դրացի հակառակորդ պիտի այլեւս համարձակի խանգարել Հայաստանը:
Միայն այն ժամանակ է նաեւ որ Հայաստանը պիտի կարողանայ ստեղծել իր ճարտարարուեստը, տնտեսութիւնը եւ կեանքի բարձր որակը:
Ապահովութեան մթնոլորտի մը մէջ Հայաստան ի վերջոյ արդարօրէն պիտի հանդիսանայ ամբողջ հայութեան համար քաշողական լուսաւոր փարոս մը:
Մոնթրէալ