Մոնթրէալ – Թէքէեան Մշակ. Միութիւն
Երեք հայրենասէր, եռեակ յոյզերով, յոյսերով ու յուսախաբութիւններով լեցուն, վայելքն ու բախտաւորութիւնը ունեցած էին, այցելելու ու հետերնին բերելու, բոլորովին տարբեր անկիւնէ դիտուած Հայաստան մը:
Արթօ Մանուկեան, Էլի Պէրպէրեան եւ Յովհաննէս Պոյաճեան:
Պարզեցին իրողութիւններ, տուին ականատեսի վկայութիւններ՝ անկողմնակալ, թափանցիկ ու յստակ:
Կ’ըսենք անկողմնակալ, որովհետեւ, կամայ թէ ակամայ, ազգային մղիչ զգացումներ, ընդհանրապէս կը փորձեն հակազդել իրականութիւնը:
Երեքն ալ զգուշութեամբ հեռու մնացին, մանաւանդ քաղաքական վերլուծումներէ ու ներկայացուցին՝ այն ինչ որ տեսան ու զգացին:
Ուրեմն այս ձեւով՝
* «Տիգրան Մեծ» անունով ռազմավաստակ վարժարան մը հիմնուած է Արմաւենի-ի մէջ, ուր կը պատրաստուին սպաներ (այժմու թիւը 300-ի մօտ). պատասխանատու երիտասարդներ, որոնք հեռու պէտք է մնան որեւէ քաղաքական կամ կուսակցական հոսանքներէ: Սոյն զինուորական կեդրոնը հիմնուած է գնդապետ՝ Կորիւն Ղումաշեանի տնօրինութեամբ: Կատարուած են հիմնական նորոգութիւններ, օժանդակութեամբ Ամերիկահայ՝ (New York) նուիրատուներու:
* Երեք զրուցողներէն մին գեղեցիկ արտայայտութիւն մը ունեցաւ,- «Սփիւռքը գանձ մըն է Հայաստանի համար, եթէ Ատրպէյճան քարիւղի հարստութիւն ունի, Հայաստանի քարիւղը Սփիւռքն է»:
* Յիշուեցաւ նաեւ Համահայկական Համաշխարհային Գագաթնաժողովի մասին (Armenian Global Summit) 28-31 Հոկտ.-ին: Մօտ 800 գիտնականներ, մասնագէտներ ու քաղաքագէտներ, եկած էին ներկայ գտնուելու 150 հոգիով կազմուած զանազան զրուցախումբերու (Panelists) տալիք գաղափարներուն ու կարծիքներուն:
Մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ այդ գագաթնաժողովը, հակառակ կարգ մը կրօնական, քաղաքական հոսանքներու կատարած «boycott»ին:
Նկատելի էր ներկայութիւնը կարգ մը ականաւոր դէմքերու որոնք հայրենադարձի վիճակով (Status) հաստատուած են ու սրտանց կը փափաքին իրենց գիտութեամբ կամ մասնագիտութեամբ, զօրավիգ կանգնիլ հայրենիքին, իր դժուարին այս օրերուն: Հայաստան այս միտքի ուժերուն պէտք ունի այժմ, թերեւս նիւթականէ աւելի:
* Բնականաբար ամենուրեք կը տիրէ տխրութիւն: Հագուստներու սեւ գոյնը շեշտուած է: Շատ մը տեղեր ձողերու վրայ կը ծածանի եռագոյն մը, ուր հերոսի մը գերեզմանի ներկայութիւնը կը յայտնէ. իսկ այցելութիւնը դէպի Արցախ եղաւ աւելի սրտաճմլիկ ու ահարկու: Դատա՜րկ է Ստեփանակերտը:
* Թէքէեանի հոգատարութեամբ բազմաթիւ տարբեր ծրագիրներու կարգին՝ ինչպէս Հովանաւորել Ուսուցիչ Մը (Sponsor a Teacher), վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին մշակուեցաւ ուրիշ ծրագիր մը: 18 ընտանիքներու շնորհուեցաւ մեղուի փեթակներ, խոզուկներ ու յղի կովեր: Այդ բախտաւոր գիւղացիները, 2 տարի ետք, բաղդատաբար քիչ մը աւելի ինքնաբաւ դառնալով, իրենց կարգին նուիրեցին խոզուկներ ու փեթակներ դրացի գիւղացիներուն որոնց թիւը հասած է մօտ 28 ընտանիքներու:
* Մտերմիկ էր այս եռեակ զրուցախումբին մօտեցումը: Առիթը տրուեցաւ ներկաներուն մասնակցելու եւ հարցումներ ուղղելու:
Բոլորին պոռթկումներն ու սրտի տագնապը՝ ունէր նոյն հասարակ յայտարարը՝ ազգային մտահոգութիւն անստոյգ ներկայի ու մօտալուտ վտանգալից ապագայի նկատմամբ:
Կարծիք յայտնողներուն մէջն էր նաեւ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որուն քաղաքական ուսումնասիրութեամբ մշակուած տեսակէտը խիստ հետաքրքրական էր: Ան օրինակ առաւ՝ Իսրայէլը, երբ 1948-ին պետութիւն մը ստեղծուեցաւ: Այդ փոքր հողաշերտը, ամբողջովին շրջապատուած թշնամիներով, ոչ միայն դիմագրաւեց բոլոր վտանգները, այլեւ դարձաւ ինքնաբաւ ու համաշխարհային նախանձելի ուժ մը:
Իսկ նիւթականի հարցը լուծուեցաւ թղթադրամներով ու արժեթուղթերով (Israelian bond) ի զօրու թէ ներքինի (Իսրայէլի) թէ արտասահմանի, անշուշտ կեդրոնանալով, այդ՝ գործածելու, մասնաւորաբար զինուորական նպատակի:
Հետաքրքրական ու գնահատելի հանդիպում մըն էր, որ նախաձեռնած էր Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը Ուրբաթ 25, Նոյ. 2022-ին:
Մէկ իրականութիւն կարելի է եզրակացնել այս հանդիպումէն: Իրականութիւն մը, որ նորութիւն չէ այլ յիշեցում մը թերեւս: Պատահարը ծանր էր. չենք կրնար անտեսել, իսկ վնասը հսկայ է ու անփոխարինելի… սակայն տկարութեան մէջ պէտք չէ մոռնալ, կամ հեգնել դարերու մեր արժէքները, եւ այդ արժէքներուն ներկայացուցիչը՝ հայրենիքն է: Իշխանութիւններ եկե՜ր են ու գացե՜ր… հողը մնացեր է սո’ւրբ ու յաւիտեա’ն:
Պ. Գ.