Կիրակի` 11 Դեկտեմբեր 2022-ին, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարը պատմականօրէն տօնակատարեց Եկեղեցւոյ Օծման եւ Անուանակոչութեան 52-րդ ամեակը: Այս առիթով հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի: Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին բարեշնորհ սարկաւագներն ու դպիրները, իսկ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» Դպրաց Դաս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրապետ՝ Մուրատ Տէմիրտօկէնի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Վահրամ Սարգսեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ եւ առաջ իր հոգեշունչ քարոզին ընդմէջէն բնութագրեց Եկեղեցւոյ կատարած դերը եւ քրիստոնէական հաւատքի զօրութեան փոխանցումը։ Ապա, անդրադարձաւ եկեղեցւոյս նախկին բարերարներուն, թեմական եւ ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր նուիրեալներուն անգնահատելի եւ անփոխարինելի ծառայութեան վաստակին: Այնուհետեւ, շարունակելով խօսքը շեշտեց, որ եկեղեցին այսօրուայ պայմաններուն տակ կը շարունակէ գործել, որ այսօր ալ կ’ապրի եւ կը պահանջէ աննահանջ գործունէութիւն եւ հոգածութիւն: Եւ որ այսօրուայ մեր հոգեւոր պարտքն է շարունակել տէր եւ պաշտպան կանգնիլ այս սրբազան հաստատութեան ոգիով ու նուիրումովը մեր նախնեաց:
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մասնայատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ՝ Եկեղեցւոյս նախկին հոգեւորականներու, բարերարներու, ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու, եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյս մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցած անդամներու եւ նուիրեալ զաւակներու հոգիներուն ի հանգիստ:
Այնուհետեւ, տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ Եկեղեցւոյ «Մարի Մանուկեան» սրահէն ներս, ուր կազմակերպութեամբ ծխական խորհուրդին տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ մը, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի միաբան՝ Գերշ․ Տ․ Արարատ Եպս․ Գալթագճեանի։
Ճաշկերոյթը մեկնարկուեցաւ սեղաններու օրհնութեամբ, որուն յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Ուստի, օրուան հադիսավարուհի՝ տիկ. Սիլվա Ամատունի Թօքաթլեան հանդէս եկաւ իր բարի գալուստի մաղթանքով եւ ապա բացայայտեց Մայր Տաճարի 52 տարիներու ընծայած առաքելութիւնը, որուն շնորհիւ Մոնթրէալահայ գաղութը վերահաստատեց իր հաւատքի եւ հայակերտումի ճանապարհը։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Dano Peace արհեստավարժ հանրածանօթ նուագախումբը, որ իր ճազային ոճով հաճոյալից պահ մը ստեղծեց եւ ներկաներուն հրամցուց բարձրարժէք երաժշտական կտորներ, որուն ընկերակցեցան նաեւ ներկաները:
Ապա, իր սրտի եւ երախտիքի խօսքը փոխանցեց ծխական խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ․ Ատրինէ Աղազարեան:
Այնուհետեւ, յատուկ անակնկալով մը նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյս նախկին հոգեւոր հովիւներէն՝ Գերշ. Տ. Արարատ եպս. Գալթագճեանի ծննդեան 60-րդ ամեակը, որ կը զուգադիպէր Եկեղեցւոյ տարեդարձի օրուան։
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ 52րդ-ամեակը խորհրդանշող բարձր շքանշաններու պարգեւատրումն ու յանձնումը, որ կատարեց Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան իր կողքին ունենալով ծխական խորհուրդի ատենապետուհին եւ օրուան հանդիսավարուհին: Շքանշանին արժանացան հետեւեալ անձնաւորութիւնները ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր․
– պրն․ Վարուժան Մարկոսեան, տիկ․ Մակտա Զաքարեան, պրն․ Աւետիս Ճիհանեան, պրն․ Անդրանիկ Շիրինեան, պրն․ Արէթ Սօնմէզ, պրն․ Ֆրէտէրիք Գալինեան, օրդ․ Շուշան Արոյեան, պրն․ Նուրհան Ճանքուլ եւ պրն․ Զաւէն Գազանճեան, ծխական խորհուրդէն ներս իրենց մատուցած երկարատեւ ծառայութեան համար, որոնք իրենց մասնագիտական կարողութիւնները ի գործ դնելով ներդրած են զանազան բնագաւառներէ ներս, ըլլան անոնք դրամահաւաքի, ճարտարապետական, արեհստագիտական եւ այլ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ծխական խորհուրդին ձեռամբ կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր 52-րդ ամեակի յոբելեանական կարկանդակի հատումն ու բաշխումը:
Ծխական խորհուրդի մասնայատուկ շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը օրուան հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սիլվա Ամատունի Թօքաթլեանին եւ բոլոր անոնց որոնք օգտակար հանդիսացան տօնակատարութեան կազմակերպութեան, յատկապէս մեր պատրաստակամ նուիրատուներուն, որոնք միշտ իրենց ժրաջան աջակցութեամբ նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալեր կը հանդիսանան մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Թո՛ղ միշտ կանգուն մնայ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անշէջ եւ լուսաշող կանթեղին լոյսի ճառագայթները յաւերժ պիտի ճաճանչեն Մայր Տաճարին 100 եւ առաւել ամեակներ եւս:
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ