Կարօ Փայլան. «Լ. Ղարաբաղ շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչ կ’ուղղեմ նախագահ էրտողանին»

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչ կ’ուղղեմ նախագահ Էրտողանին։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է թուրքիոյ ազգային ժողովի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը՝ անդրադառնալով աւելի քան երկու շաբաթ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան խնդրին:

«Լաչինի միջանցքը, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնող հաղորդակցութեան միակ ճանապարհն է, իրենք զիրենք «բնապահպան» համարող խումբ մը ատրպէյճանցիներու եւ Ատրպէյճանի ապահովութեան պաշտօնեաներու կողմէ փակ կը պահուի աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր։ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն հետեւանքով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սնունդի, դեղի նման հիմնական կարիքները ապահովելու տագնապը հետզհետէ կ’աճի։ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայ բնակչութիւնը շրջափակման տակ է։ Մարդկային տագնապի վերածուող այս շրջափակումին ժամ առաջ պէտք է վերջ տրուի։

Թուրքիա պէտք չէ անտարբեր մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հետզհետէ աճող այս մարդկային տագնապին հանդէպ։ Քաղաքական ուժերը անյապաղ գործողութեան պէտք է ձեռնարկեն։ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչ կ’ուղղեմ նախագահ Էրտողանին։

Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը Թուրքիոյ օգտին է։ Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային տագնապին վերջ տալու համար բոլորս պատասխանատուութիւն ստանձնենք՝ թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին եւ թէ Հայաստան-Թուրքիա բնականոնացման գործընթացին մէջ կրնանք վերադառնալ դրական օրակարգի»,- գրած է ան։