Վերջին 44-օրեայ պատերազմին առիթով քաղաքական աշխարհի լռութիւնը զարմացուց եւ զայրացուց հայ հասարակութիւնը ամէնուրեք: Սակայն, հետզհետէ պարզուեցաւ որ մինչեւ պատերազմը – երբ Ատրպէյճան կը զինուէր արագօրէն – միւս կողմէ տարած էր դիւանագիտական եւ լրատուական հսկայ աշխատանք համոզելու համար աշխարհը որ Պաքու արդար պատերազմ մը կը մղէ իր դէմ գործադրուած անարդարութիւնը շրջելու:
Երբ կը դիտենք Ատրպէյճանի առած նախաձեռնութիւնները եւ որդեգրած քաղաքականութիւնը` այդ գործարքները աւելի խելացի քաղաքական վարքագիծ մը կը բնութագրեն` Ալիեւի կարողութիւններէն շատ բարձր: Այդ կը նշանակէ որ Պաքու գործի լծած է միջազգային իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու եւ վերլուծաբաններու ամբողջ խումբ մը որուն ցուցմունքներով կը բանաձեւէ ու կը գործադրէ իր քաղաքականութիւնը:
Մենք կը տեսնենք որ Ատրպէյճան երբ կը մերժէ վերադարձնել հայ ռազմագերիները, կը մերժէ պարպել Հայաստանի սահմաններու վրայ գրաւած հայկական հողերը, հակառակ հայկական կողմի բուռն եւ հետեւողական բողոքներուն` ան խորամանկ կերպով նոր օրակարգեր կը թելադրէ մոռցնել տալու առաջինները. օրինակ, փակելով Լաչինի միջանցքը, պահանջելով Զանգեզուրի միջանցքը – եւ աւելի սարսափելին – Հայաստանի ամբողջ տարածքը հռչակելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ միջազգային արշաւի ձեռնարկելով այս վերջին պահանջը արդարացնելու:
Եթէ ցարդ այսպիսի պահանջներ կը նկատուէին զառանցանք, հայկական կողմին համար, ժամանակն է որ լուրջի առնուին անոնք եւ ենթարկուին հակաթոյնի, նախ քան որ անոնք դառնան համատարած համոզում եւ գործադրութեան արժանի ծրագիր:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը խաղան բաց քարտերով քանի համոզումն ունին որ իրենց տիրապետութեան ներքեւ կը գտնուի համապատասխան ռազմական ոյժ` գործադրութեան դնելու այդ ծրագիրները:
Այդ իմաստով չափազանց նշանակալից էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անդրադարձը այդ երեւոյթին Պերլինի բեմահարթակէն, իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Ան իր ելոյթին մէջ մատնանշեց այն անյարիր տուեալները որոնք գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի գործադրած քաղաքականութեան եւ խօսքին միջեւ: Ան ընդգծեց որ Ալիեւ մէկ կողմէ խաղաղութիւն կը քարոզէ, միւս կողմէ Հայաստանի ամբողջ տարածքը նուաճելու սպառնալիքներ բանաձեւելով:
Այս ելոյթը պէտք չէ մնայ իբրեւ պարագայական երեւոյթ այլ դառնայ քաղաքական ուղեգիծ ու պայքար, քանի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի փորձեն միշտ նոր օրակարգեր թելադրել միջազգային հանրութեան, միշտ մարտահրաւէրներ կարդալով հայկական կողմին:
Սակայն, այս բոլորը բաւարար լուծումներ չեն. Հայաստան պէտք է անցնի իր ռազմական հզօրութիւնը վերականգնելու դժուարին ճանապարհէն, զուգահեռաբար գործի լծելով իր դիւանագիտական եւ իրաւական հնարաւորութիւնները: Մանաւանդ պէտք է սորվի եւ քաջալերուի իր վերջին յաջողութենէն` Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի վճիռին կապակցութեամբ:
Այսօր բազմաթիւ ճակատներու վրայ մարտահրաւէրներ կը պարզուին Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան դիմաց. մէկ կողմէ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շուլցի յայտարարութիւնը, միւս կողմէ Պաքու-Ստեփանակերտ հանդիպումները եւ այս բոլորը Սերկէյ Լաւրովի եւ Քրեմլինի շղթայազերծած դիւանագիտական արշաւին ծիրին մէջ, Հայաստանի նկատմամբ:
Երկար ատենէ ի վեր Մինսքի խումբի սկզբունքները մոռցուած կը նկատուէին. աւելին` Պաքու եւ Մոսկուա մեռեալ կը հռչակէին Մինսքի խումբն ու անոր սկզբունքները: Սակայն, Նիկոլ Փաշինեանի Պերլին կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, այդ սկզբունքները վերստին կեանքի կոչուեցան նոյնինքն վարչապետ Շուլցի կողմէ: Արդարեւ, ան Փաշինեանի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին յատկապէս ըսաւ – «Կարելի չէ շարունակել կայուն կացութիւնը, եւ երկարաժամկէտ լուծումներ պէտք է գտնուին ժողովուրդին համար: Այս տեսանկիւնէն` խաղաղ լուծում մը պէտք է գտնուի, երաշխաւորելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութիւնը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Այս բոլոր սկզբունքները հաւասար են»:
Թէեւ աւելի ուշ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշ մեկնաբանութիւններ կատարեց Պրն. Շուլցի յայտարարութեան նկատմամբ, սակայն յայտարարութիւնը ինքնին վերստին շեշտաւորուած է Հելսինքիի համագումարի վախճանական աքթը, որ հիմք ծառայած է Մինսքի խումբի որդեգրած սկզբունքներուն:
Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին որոշումները, թուղթի վրայ փաստեր կը մնան` եթէ Հայաստանի իշխանութիւններ զանոնք քաղաքական դրամագլուխի չվերածեն միջազգային հարթակներու վրայ եւ ատեաններու առջեւ:
Վերեւի յայտարարութեան առնչուած ուրիշ գործարք մըն է Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցութեանց գործընթացը:
Արդարեւ, Մարտի 1-ին հանդիպում ունեցան Արցախի հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները, ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ: Ռուսական կողմը կը գլխաւորէր Զօր. Անտրէյ Վոլքով. Արցախի պատուիրակութեան գլխաւորն էր Արցախի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան, իսկ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ռամին Մամարով, Միլլի Մեճլիսի անդամ: Օրակարգի վրայ քննարկուած հարցերն էին.
Գորիս Ստեփանակերտ մայրուղիի ամբողջական բացումը
Կազի եւ ելեկտրականութեան կանոնաւոր մատակարարումը
Մէկ անգամուան այց ատրպէյճանական կողմին Քաշանի եւ Դրնբոնի հանքերը:
Այս հանդիպումէն ետք, հակառակ պայմանաւորուածութեան, Պաքու ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւն տարածած է թէ` բանակցութիւնները կայացած էին Արցախի հայութեան Ատրպէյճանի մէջ համարկումին (integration) շուրջ, ինչ որ Ստեփանակերտը կտրուկ կերպով հերքած է:
Հայաստանի իշխանութիւնները լայն բանալով իրենց դիւանագիտական բազմակողմ հնարաւորութիւնները ցարդ յաջողեցան տեղակայել Եւրոպական Միութեան դիտորդները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, ինչ որ պիտի կատարէ զսպիչ դեր Ատրպէյճանի յարձակումներուն դիմաց: Իսկ միւս կողմէ փայլուն յաղթանակ մը կը նշանակէ Արդարադատութեան Միջազգային Ատեանի որոշումը, զոր Ատրպէյճան կը շարունակէ անտեսել, հաւանաբար ոչ երկար ատեն:
Եւրոպական Միութեան դիտորդներու մուտքը Հայաստան բաւական ցաւագին ընդունած է ռուսական կողմը. Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա զայն նկատած է ոտնձգութիւն Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիէն ներս, որ կը միտի դուրս մղել Ռուսաստանը: Իսկ իր հերթին արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է թէ դիտորդներու տեղակայումը, առանց Ատրպէյճանի հաւանութեան, կրնայ օրինական խնդիրներ յառաջացնել: Հաւանաբար Պրն. Լաւրով տուեալ կ’առնէ որ Հայաստանի հողը ՀԱՊԿ-ի սեփական տարածքն է եւ հետեւաբար Երեւան պարտի Մոսկուայի արտօնութեան դիմել նման քայլ մը առնելէ առաջ:
Թոյվօ Քլաար, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը, նկատել կու տայ որ Ռուսաստան աւելի մտահոգուած է դիտորդներու խնդրով քան Ատրպէյճանը:
Սերկէյ Լաւրով հակասական յայտարարութիւններ կը կատարէ վերջերս: Օրերս ան այցելած էր Պաքու նշելու համար ռուս-ատրպէյճանական դաշնակցային պայմանագրի առաջին տարեդարձը: Մէկ կողմէ ան յայտարարած է որ Մոսկուա կ’ողջունէ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող պետութեանց ներդրումը Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութեանց, միւս կողմէ Նիկոլ Փաշինեանի «խիղճին կը թողու» այս վերջնոյն այն յայտարարութիւնը թէ Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ի, զայն յարձակման թիրախ կը դարձնէ:
Ի դէպ Պրն. Լաւրով ոչ վրդովեցաւ, ոչ ալ ըսելիք ունեցաւ երբ նախագահ Ալիեւ, ոչ-յանձնառու պետութեանց Պաքուի համագումարին խօսք առնելով դարձեալ Հայաստանի տարածքը հռչակեց «Արեւմտեան Հայաստան» եւ սպառնաց գրաւել զայն:
Հայաստան, գործակցելով Արեւմուտքի հետ, յանձն կ’առնէ որոշ սպառնալիքներ Ռուսաստանէն: Հետեւաբար իր քայլերը պէտք է ըլլան չափաւոր եւ հաշուուած, որովհետեւ Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ մխրճուած Մոսկուան կրնայ դիմել ոեւէ քայլի:
Մոսկուա, բնականաբար, հաշտ աչքով չի դիտեր Հայաստանի նախաձեռնութիւնները եւ զանոնք կը նկատէ պատեհութենէն օգտուելու առիթներ, երբ իր ոյժերը կը սպառին Ուքրանիոյ մէջ:
Սակայն, Հայաստան միակը չէ նման քայլերու դիմողը: Արդարեւ, վերջերս, Ամերիկա, միեւնոյն առիթէն օգտուելով, իր արտաքին գործոց նախարարը` Անթոնի Պլինքընը ղրկեց Ղազախստան, ուր համախմբուեցան թրքական պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները: Երբ Եւրոպա կը թափանցէ կովկասեան աշխարհամասէն ներս դարպասելով Հայաստանն ու Վրաստանը, Ամերիկա կը փորձէ միեւնոյն դերը կատարել Միջին Ասիոյ մէջ: Ուաշինկթընի դիտաւորութիւնը, բնականաբար, Ռուսաստանի յենարանները խախտելն է Միջին Ասիոյ մէջ: Միւս կողմէ ալ ան առիթը գտած ըլլալ կը կարծէ Թուրքիոյ յաւակնութիւնները խախտելու այդ տարածաշրջանին մէջ, մանաւանդ որ Թուրքիա ներկայիս իր դիրքերը ամրացնելու փորձեր պիտի ընէ երկրաշարժի ահաւոր ցնցումէն վերջ:
Քաղաքական բարդ իրավիճակ մը` թէ’ Կովկասի եւ թէ Ռուսիոյ սահմանակից այլ գօտիներու մէջ ուր քաղաքական դրոյքները կրնան սպառնալիքներու հասցնել:
Հայաստան կարիքն ունի իր դիւանագիտական հնարաւորութիւնները օգտագործելու – քանի դեռ չունի անհրաժեշտ զինոյժը ինքնապաշտպանութեան – սակայն պէտք է շարժի խոհեմութեամբ եւ օգտագործէ իր բոլոր դիւանագէտներուն փորձառութիւնները, հին թէ նոր, քանի պերճանքը չունի դեռ միայն անփորձ ոյժերով ճամբայ ելլելու:
«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ