Հայաստանի Դիրքաւորումը Պարտի Շրջափոխուիլ
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Հաւանաբար շատ թեթեւ որակում նկատուի հաստատել թէ, ղարաբաղեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ի վեր, հայ աշխարհը կ’ապրի գոյութենական տագնապալից շրջան մը իբրեւ հետեւանք առօրեայ իրարյաջորդ ծայրայեղօրէն մտահոգիչ զարգացումներու:
Իրականութեան մէջ, ծայրայեղ մտահոգութեան պատճառը գոյութենական անհամար հարցերուն լուծումներ գտնելու փնտռտուքին մինչեւ այսօր ձախողած վիճակն է:
Անցեալ գրեթէ երեք տասնամեակներուն ընթացքին հայութիւնը անարդարանալի եւ անպատասխանատու կերպով կ’ապրէր խաբկանքի մէջ թէ իր տարածքային ամբողջականութեան կապակցութեամբ մեծ մտահոգութեան որեւէ պատճառ չունէր: Պատերազմին աղէտալի վերջաւորութիւնը յանկարծ ցաւագին կերպով այդ երազէն արթնցուց ամբողջ ազգը, ներառեալ աշխարհատարած եւ ցրուած հայկական մեծ սփիւռքը:
Գրեթէ երեք տարիներ անցան 9 Նոյեմբեր 2020-ի անպտուղ զինադադարի ստորագրութենէն ի վեր: Մինչ սփիւռքին համարեա ոչ մէկ առիթ տրուեցաւ այս տագնապին լուծման խնդրով լուրջ կերպով առնչուելու, միւս կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները անթիւ եւ անհամար ջանքեր կատարեցին, ձեռնարկելով տարբեր դիւանագիտական եւ միջազգային միջոցառումներու եւ հանդիպումներու: Կատարուեցան երբեմն հակասական փորձեր գտնելու համար նոր դաշնակիցներ եւ ստորագրելով կամ խոստանալով ստորագրել նոր խաղաղութեան համաձայնութիւններ, այն յոյսով թէ Հայաստանը եւ Արցախը, այդպէսով նոր միջոցներ կրնան գտնել, պաշտպանուելու համար Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի բացայայտօրէն յարձակողական ախորժակներուն դէմ: Սակայն Ալիեւի նպատակը կը մնայ անփոփոխ պարզապէս բռնաբարելու ամէն ինչ որ հայկական ազգային ինքնութիւն կը դրսեւորէ:
Արդարեւ փաստ է թէ այն բոլոր քաղաքական եւ դիւանագիտական հասկացողութիւնները եւ ակնկալութիւնները որոնք պատմականօրէն եւ աւանդաբար սնուցուած էին հայութեան կողմէ անցնող տասնամեակներուն եւ նոյնիսկ դարերուն ընթացքին, յանկարծ՝ եւ իբրեւ արդիւնք համաշխարհային «նոր պայմաններուն» դարձած են առ ոչինչ:
Այսպիսով Հայաստանի համար հարցական դարձած է իր Արեւելքի հետ ունեցած աւանդական դաշնակցութեանց գործնական արժէքը: Հետեւաբար եւ ստիպողաբար ան աննախընթաց քայլեր սկսաւ առնել նոր յարաբերութիւններ մշակելու համար Արեւմուտքին հետ:
Իր կարգին, այս վերջինը նուազագոյնը առերեսանց աննախընթաց քաջալերական հետաքրքրութիւն սկսաւ ցոյց տալ Հայաստանի դիմագրաւած տագնապին նկատմամբ եւ մինչեւ այսօր ալ ան բազմաթիւ ձեւերով, գոնէ առ երեւոյթ Հայաստանին հանդէպ իր լուրջ օժանդակութիւնը կը ցուցաբերէ: Հայութիւնը պէտք է անկասկած շարունակէ կառչիլ այս օժանդակութեան այնքան ժամանակ որ ան կը թուի ի զօրու մնալ:
Այս հանգրուանին սակայն, նկատի առնելով ստացուած արդիւնքները անոնք որոնք ստանձնած են հայկական ռազմավարութեան եւ որոշումներ առնելու մեծ պատասխանատուութիւնը ծանրակշիռ պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին լրջօրէն վերագնահատելու մինչեւ այսօր իրենց գործադրած ռազմավարութիւնը, եւ հաշուեյարդարը կատարել մինչեւ օրս ապահովուած արդիւնքներուն: Այնուհետեւ պէտք է որոշել’ կամ շարունակել ակնյայտօրէն ձախողած այդ ռազմավարութիւնը եւ կամ հիմնական փոփոխութիւն կատարել անոր մէջ:
Լրջագոյն վերագնահատման այս աշխատանքը պէտք է պարտադրաբար որդեգրէ չափելու միջոց մը որ զերծ ըլլայ որեւէ զգացական կամ ռոմանթիք կանխադիրքաւորումներու ազդեցութենէն: Այս առարկայական քննութենէն ստացուած արդիւնքները պէտք է ուղեցոյց ծառայեն վերաճշդելու եւ նոր ուղղութիւն տալու համար որդեգրուելիք նոր ռազմավարութեան:
Այս յօդուածին նպատակն է որպէս Լակմուս (Litmus) փորձաքար՝ որդեգրել Լաչինի միջանցքին արգելափակման խնդիրը, ներառեալ անոր լուծման համար բոլոր մակարդակներու վրայ ցայսօր կատարուած բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ անոնց տուած արդիւնքներուն գնահատականները, Դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ այսօր՝ աւելի քան 100 անցնող օրերուն ընթացքին:
Լաչինի միջանցքին տագնապը, բոլորովին ապաքաղաքական եւ առանձնապէս մարդասիրական բնոյթ ունենալով, հայութիւնը կ’ակնկալէր անոր լուծման համար արագ եւ ազդեցիկ միջամտութիւն: Ակնկալուած միջազգային միջամտութիւնը, բացի խստիւ դատապարտելէ Ատրպէյճանի վայրի այդ արարքը, պարտէր գործնապէս քանի մը օրերու ընթացքին իրականացնել անցքին բացումը:
Տխուր իրականութիւնը սակայն բոլորովին հակառակն է: Փաստ է թէ միջազգային քաղաքական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները, բոլորը, եւ իրենց բոլոր մակարդակներով, ամբողջովին տեղեակ են Ազերիներու այս ոճրային արարքին մասին: Նոյնիսկ՝ Հայաստան այս ծանրակշիռ տագնապը ներկայացուց Միջազգային Արդարութեան Դատարանին տնօրէնութեան: Այս վերջինը իր մօտ տասնհինգ երկիրներու ներկայացուցիչներէ կազմուած ատեանով, մանրամասն քննարկումներէ ետք միաձայնութեամբ, արձակեց իր վճիռը դատապարտելով Ատրպէյճանը եւ պաշտօնապէս պահանջելով միջանցքի բացումը, թոյլ տալու համար ազատ շրջագայութիւնը երկու ուղղութիւններով: Եւրոպական Խորհրդարանը պաշտօնապէս նոյնը պահանջեց Ատրպէյճանէն: Առաւել եւս Միացեալ Ազգերու ապահովութեան խորհուրդի մշտական անդամներէն երկուքը, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական ներկայացուցիչները դատապարտեցին Ալիեւը եւ պահանջեցին որ ան վերջ դնէ իր անօրինական շրջափակման: Տարբեր տեսակի միջազգային դիտորդներ գործուղուեցան տագնապի շրջանը եւ բոլորն ալ վկայ են շարունակուող անարդարանալի մարդկային տագնապին: Հակառակ այս բոլորին, անամօթաբար միջանցքը կը մնայ փակ, Ռուս «հզօր խաղաղապահներու» անզօր աչքերուն առջեւ:
Արդիւնքը այն է թէ գրեթէ չորս ամիսներէ ետք մարդասիրական տագնապը իր բոլոր մակարդակներով առկայ է եւ կը մնայ անլոյծ: Առաւել եւս ոչ միայն Ալիեւ բոլորովին կ’արհամարհէ բոլորին, այլ առաւել եւս անամօթաբար Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքներ կ’որակէ որպէս «Արեւմտեան Ատրպէյճան»:
Բացայայտ է թէ Ալիեւի այս կեցուածքը միջազգային Մաֆիայի տիրոջ վերաբերմունքն է պարզապէս: Քանի Հայաստան կը շարունակէ կառչիլ «խաղաղութեան եւ համակերպումի» իր քաղաքականութեան, նոյնիսկ անորոշ դիրք մը ստանձնելով Արցախի հայկականութեան, անոր ինքնավարութեան եւ ապահովութեան անհրաժեշտութեան կարեւորագոյն հարցերուն նկատմամբ, այնքան աւելի բացայայտօրէն յարձակողական եւ վաշխառու կը դառնայ Ալիեւը բացէ ի բաց յայտարարելով իր նպատակը Հայաստանը քարտէզէն բոլորովին ջնջելու մասին:
Ուրեմն որեւէ պահանջ չէ մնացած քննարկելու որոշելու համար թէ միջազգային հասարակութիւնը եւ մինչեւ այսօր Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութեանց որդեգրած ռազմավարութիւնը՝ պաշտպանուելու համար ատրպէյճանցի մաֆիօզօ Ալիեւին սադրանքներուն դէմ, պարզապէս եւ դժբախտաբար ամբողջովին ձախողած են:
Իբրեւ հետեւանք՝ յառաջիկայ միջազգային բոլոր յայտարարութեանց եւ այսպէս կոչուած թատերականացուած բանակցութեանց ընթացքին, Հայաստանի կեցուածքը եւ գործածած լեզուն պարտին հիմնականօրէն փոխուիլ:
Այլեւս որեւէ անխոհեմ ակնկալութիւն՝ թէ հաշտուողական եւ համակերպման կեցուածք մը Ատրպէյճանի կամ Ալիեւի նկատմամբ, կրնայ մեղմացնել այս վերջիններուն յարձակողական կեցուածքը, եւ Հայաստանի տարածքները գրաւելու նպատակով շղթայազերծուելիք նոր պատերազմի մը առաջքը առնել, պարտի մէկ կողմ դրուիլ: Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ թէ Ալիեւը եւ Ատրպէյճանը, իրականութեան մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի կը պատրաստուին Հայաստանի թէ Արցախի վրայ յարձակելու՝ եւ վերջացնելու համար Նոյեմբեր 2020-ին կիսատ մնացած իրենց ծրագիրը: Անոնք վերջերս պարզապէս փորձարկութեան մէջ են հաշուարկելու համար Արեւելքէն թէ Արեւմուտքէն որեւէ կողմի մը տրամադրութիւնը «հայութեան օժանդակութեան հասնելու» համար: Հիմա համոզուած են այլեւս թէ իրենց հաւանական յարձակումը կրնայ առաւելագոյնը տեղի տալ բողոքներու եւ աղաղակներու: Սակայն, ի վերջոյ, բացի եթէ հայերը ինքնապաշտպանութեան կարողութիւն ցուցաբերեն, ուրիշ ոչ մէկը իր ճկոյթ մատն իսկ պիտի շարժէ եւ կամ զէնքի ծայրը բարձրացնէ, որեւէ կերպով օգնելու համար անոնց:
Հետեւաբար, գիտակցելէ ետք անսխալական այս Լակմուս (Litmus) փորձարկութեան արդիւնքին, հայերը թէեւ բնականաբար պէտք է առ ի ձեւակերպութիւն անպայման շարունակեն դիւանագիտական բազմակողմանի իրենց նախաձեռնութիւնները, Արեւելքի, Արեւմուտքի, Հարաւի եւ Հիւսիսի ուղղութիւններով: Սակայն նոյն ժամանակ անոնք վճռականօրէն պէտք է որդեգրեն հետեւեալ աշխատանքային ուղեգիծերը:
1.- Հայաստան’ անքուն եւ անդուլ աշխատանքով պարտի գործադրել իր ինքնապաշտպանութեան միջոցները զօրացնելու աշխատանքը: Ան պարտի արդիական ամենաազդու զէնքերով օժտուելու աշխատանքին ձեռնարկէ իր իսկ արտադրական միջոցներով եւ կամ զանոնք գնելով միջազգային տրամադրելի շուկաներէն: Հաւասար կարեւորութեամբ պարտի ինքզինք օժտել լաւ մարզուած մարտունակ բանակով մը որուն պէտք է մասնակցի իր առու եւ էգ ամբողջ բնակչութիւնը: Այս պիտի ընէր ինքզինք յարգող որեւէ ուրիշ ազգ մը, վկայ ծանօթ Իսրայէլի օրինակը:
2.- Այսուհետեւ Հայաստան պէտք է յստակ եւ անզիջող լեզուով պաշտպանէ իր պաշտօնական տարածքային իրաւունքները բոլոր միջազգային ատեաններուն առջեւ: Ան պարտի առանց նուազագոյն ուշացումի փաստազրկել Ատրպէյճանի պատմական զեղծարարութիւնները որոնց տարածման համար ան կը գործածէ իր նիւթական առատ միջոցները: Արցախը եւ Հայաստանը պարտին մասնաւոր ջանքերով թարմացնեն միջազգային հասարակութեան մօտ, իրենց պատմական տուեալները: Յատկապէս պէտք է յիշեցնեն թէ Արցախը հազարամեակներէ ի վեր մաս կը կազմէ հայոց բազմադարեան պատմութեան, շատ աւելի հեռաւոր թուականներէ ի վեր, բաղդատուած Ատրպէյճանի հազիւ թէ հարիւրամեայ պատմութեան հետ: Անհրաժեշտ է Արցախին Դեկտեմբեր 10, 1991-ին, օրինական անկախութիւն ապահոված ըլլալու իրականութիւնը միջազգային լուսարձակին կեդրոնը վերազետեղել եւ առաջին իսկ առիթով’ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտի պաշտօնապէս ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: Այս աշխատանքը յաջողեցնելու համար զօրակոչի պէտք է ենթարկել Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհատարած սփիւռքին բոլոր միջոցները: Համաշխարհային կարծիքը պէտք ունի դաստիարակուելու: Անհրաժեշտ է ձեռնարկել տեղեկատուական պատերազմի մը չէզոքացնելու համար Ատրպէյճանի վարած ապատեղեկացման բուռն պատերազմը:
3.- Որպէս անկախ պետութիւն’ Հայաստան իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ պարտի իրեն տրամադրութեան տակ գտնուող այդ հարթակը վայրկեանական գործածել ամէն անգամ որ Ատրպէյճան դուրս կու տայ իր զառանցական արտայայտութիւնները, Հայաստանը եւ Երեւանը, մաս որակելով «Արեւմտեան Ատրպէյճանին»:
Միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ դրսեւորուելիք Հայաստանի կեցուածքին փոփոխութեան վերոյիշեալ առաջարկը անհրաժեշտ եւ իրատեսական է: Սակայն անհրաժեշտ է նախ այդ մասին ապահովել համահայկական վճռականութիւն, փրկուելու համար ազգային ամբողջական բնաջնջման վտանգէն: Այլապէս եթէ շարունակուի այսօրուայ խեղճացած քաղաքականութիւնը, բնաջնջումը անխուսափելի է.
Շտապ կոչ կ’ուղղուի վարչապետ Փաշինեանին եւ ներկայ իշխանութեան, այսօրուան իրենց ձախողած քաղաքականութիւնը սրբագրելու եւ փոխելու: Նոյն ժամանակ կոչ կ’ուղղուի իրենց որպէսզի դրական գործակցութեան մթնոլորտ ստեղծեն իրենց շուրջ որպէսզի իրենց շարքերը հարստացնեն Հայաստանի մէջ իրենց շուրջ գտնուող փորձառու եւ կառուցողական ոյժերով: Անոնք պարտին նաեւ անկեղծ եւ իրական ջանքեր գործադրել արդիւնաւէտ կերպով հասնելու համար լայնատարած անկազմակերպ սակայն բազմակարող սփիւռքին:
Եթէ ներկայ իշխանութիւնները անկարող են պատասխանելու այս մարտահրաւէրին, այս կամ այն պատճառներով, պարտին պարզապէս ետ քաշուիլ, աւելի համարձակ ոյժերու տեղ տալու համար որպէսզի անոնք յառաջ տանին մեր ազգի վերապրումին համար անհրաժեշտ այս գոյութենական հսկայական պայքարը: