Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը խոր ցաւով կը հաղորդեն մահը աւելի քան կէս դարու հանրայայտ ազգային ծառայութեամբ ծանօթ Երուանդ Ազատեանին, որ պատահեցաւ Մարտ 25ին Ճիւփիթըր, Ֆլորիտա, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ ,Ապրիլ 22ին Սաութֆիլտ, Միշիկըն (2201 Northwestern Hwy.) Տան կարգը պիտի կատարուի նախորդ գիշեր Ապրիլ 21ին: Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կը խնդրուի կատարել «ԹՄՄ Երուանդ Ազատեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին:
ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ
Վաղ շրջանի ազգային կեանքը եւ աշխատանքը
Երուանդ Ազատեան իր ազգային ծառայութեան ժամանակահատուածին մէջ ամէնէն ազդեցիկ քաղաքական եւ մշակութային ազգային դէմքերէն էր հասարակական կեանքէն ներս: Որպէս լրագրող, խմբագիր, գործադիր եւ աշխոյժ անհատականութիւն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ ստանձնած է պատասխանատու ատենապետի պաշտօն ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութեան եւ երկար տասնամեակներ ղեկավարած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գործընթացը (ՌԱԿ):
Ծնած է Մայիս 12, 1935ի Ռայաք, Լիբանան, ատանացի ծնողքէ աւազանի անունով Էտմոն Կոտալազեան: Փոխադրուած էր Պէյրութ, ուր յաճախած է Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը։ Երկրորդական ուսման համար յաճախած է ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ուր ստացած է իր հայեցի կրթութիւնը:
Առեւտրական գիտութեանց մէջ իր Պսակաւոր Արուեստից վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն: Աւելի ուշ ուսումը շարունակած էր Պոստոնի Նորթիսթըրն եւ Տիթրոյթի Ուէյն Սթէյթ համալսարաններուն մէջ, հետեւելով անգլիական եւ ամերիկեան գրականութեանց եւ Միջին Արեւելեան ուսմանց:
1972ին ստանձնած է ՀԲԸՄի նախագահ Ալեք Մանուկեանի անձնական գրասենեակին վարիչի պաշտօնը, ատենապետելով միեւնոյն ատեն ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամին, որ դարձաւ օրհնութիւն մը մեր ազգային ծառայութեան մէջ եղող մշակներուն: Մեծ թիւով նոր գիրքեր լոյս տեսան այդ Հիմնադրամի միջոցով:
Լրագրութիւն
Իբրեւ հայ մամուլի ծառայող եղած է Պէյրութի Գերսամ Ահարոնեանի «Զարթօնք» օրաթերթի օգնական խմբագիր (1953-1958) եւ «Զարթօնք-Սփոր շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագիրներէն: Հրաւիրուած է խմբագրելու Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթը, ուր կը մնար մինչեւ 1967: Այնուհետեւ տեղափոխուած էր Պոստոն, ուր 1967-1972ին պաշտօնավարած էր որպէս վարիչ-տնօրէն «Պայքար» Հաստատութեան եւ իբրեւ խմբագրական կազմի անդամ «Պայքար» օրաթերթի եւ անգլիատառ «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին: Խմբագրած է նաեւ Պոստոնի «Պայքար» գրական եռամսեան:
Հիմնադիրներէն եւ գլխաւոր աշխատակիցներէն եղած է Մոնթրէալի
«Ապագայ» շաբաթաթերթին եւ անկախութենէն ետք Երեւանի «Ազգ» օրաթերթին: Գլխաւոր դեր վերցուցած է «Պայքար» շաբաթաթերթի վերհրատարակութեան ստանձնելով պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը մինչեւ իր մահը: Գրական, գեղարուեստական, քաղաքական եւ պատմագիտական յօդուածներ հրապարակած է Պէյրութի «Շիրակ» գրական ամսաթերթի, Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» ամսագրի, «Նայիրի» շաբաթաթերթի, «Գրական թերթի», «Պայքար», «Ապագայ», «Զարթօնք», «Արեւ», «Տհը Արմինիըն Միրըր-Ափեքթէյթըր», «Տհը Արմինիըն Օպզըրվըր«, «Նոր Կեանք» թերթերուն եւ «Արարատ» եռամսեային:
Քաղաքականութիւն
Պէյրութի երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան
միացած է ռամկավար ազատական շարքերուն, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Եգիպտոսի մէջ որպէս ՌԱԿի ղեկավար Ազատեան ունեցած է կարեւոր դեր թեմական ընտրութիւններուն ուր կարեւոր չափով իր հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ Ցուրտ Պատերազմի օրերուն, Եգիպտոսի թեմը մնացած է հաւատարիմ Էջմիածինին: Ամերիկայի մէջ մաս կազմած էր ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան:
1982-1995 ան ատենապետն էր ՌԱԿ Մամլոյ Յանձնախումբին: Ան մասնակցած է զանազան խորհրդակցական հանդիպումներու վերջ տալու ներքին բաժանումի տագնապը, որ սկսած էր 1995ին:
Ան առաջին օրէն, մասնակցութիւն բերած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարին (հիմնուած 1972ին) մաս կազմելով զանազան յանձնախումբերու: Յաճախ ան ներկայացուցած է Ալեք Մանուկեանը որ Տնօրէն Խորհուրդի անդամ էր:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Ան կանուխէն անդամակցած է ԹՄՄի՝ Պէյրութի մէջ յաճախ իր աշխատակցութիւնը բերելով «Շիրակ» գրական ամսաթերթին: Եգիպտոսի մէջ եւս մաս կազմած է ԹՄՄի քոյր կազմակերպութեան՝ Գահիրէի Գեղարուեստասիրացին եւ Աղեքսանդրիոյ Տիգրան Երկաթին:
Անդամ էր ԹՄՄ «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական եւ «Վարդգէս ու Ռիթա Պալեան» մամլոյ մրցանակներու յանձնախումբերու: 1991էն ի վեր կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի ԹՄՄ տարեկան մշակութային պարգեւատրումներու ծրագրին: Անուրանալի է նաեւ կրթական մարզէն ներս ԹՄՄի խողովակով Ազատեանի մատուցած բազմակողմանի օժանդակութիւնը Պէյրութի «Վահան Թէքէեան» վարժարանին եւ Միութեան Լոս Անճելըսի «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի շինութեան հանգանակութիւններու աշխատանքին:
Գիրքեր
Երուանդ Ազատեանի հայերէն լեզուով հրատարակած գործերը հետեւեալներն են. «Կեանք եւ երազ Հայաստան» (1964), «Գրական գեղարուեստական սեւեռումներ» (1988), «Դիտումներ եւ դատումներ» (2006), «Ազգային-քաղաքական Յորձանուտի մէջ» – երկու հատոր (2021): Իսկ անգլերէն լեզուով գիրքերը՝ Portraits and profiles (1995), Hisory on the Move (1999), մաս կազմած է անգլերէն հրատարակութեան Գերսամ Ահարոնեանի A Historical Survey of the Armenian Case (1989), խմբագրած է A Legacy of Armenian Treasures: The Alex Manoogian Museum (2013) եւ գործակից խմբագիրն է երկլեզու հրատարակութեան Vahan Tekeyan: Selected Poems (2014):
Ծառայութիւնը զանազան մարմիններու եւ յայտագիրներու
Ազատեան անդամ էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Լրագրողներու Միութեան եւ խորհրդական՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան 2005 թուականէն սկսեալ: Արտասահմանեան անդամ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի եւ ստացած է պատուոյ տոքթորայի վկայականը Երեւանի պետական համալսարանէն (1988) եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանէն: Հիմնադիր անդամ էր Երեւանի համալսարանի բարեկամներու միութեան:
Ան մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան 1972 թուականէն սկսեալ հսկելով հայերէն դասաւանդութեանց դասընթացքներուն: 1978էն ի վեր վարած է Տիթրոյթի ռատիօժամի յայտագրին:
Ան մաս կը կազմէր Լա Վերնի (Գալիֆորնիա) Միջազգային Գոլէճի տնօրէն խորհուրդին եւ Ուէյն Սթէյթ Համալսարանի հրատարակչական մարմնի հայկական բաժնի վարչութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդական էր Միշիկըն համալսարանի Անն Արպըրի հայկական դասաւանդութեանց բաժանմունքին:
Ազատեան արժանացած է «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ 1989ին, «Յակոբ Մեղապարտ» շքանշանին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ, «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, ոսկեայ շքանշաններուն՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Գրողներու Միութեան, Մարշալ Բաղրամեան շքանշանին՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարին կողմէ եւ Հայաստանի ԹՄՄի «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանին:
Հայկական գրականութեան, լեզուի եւ մանաւանդ արուեստի հանդէպ իր սէրը ձեւով մը պատճառ հանդիսացած են որ Ազատեան Գահիրէի մէջ ծանօթանար իր կողակիցին՝ արուեստագիտուհի Նորա Իփէքեանին, որուն հետ բնակութիւն հաստատած էր Տիթրոյթի մէջ:
Թող հողը թեթեւ գայ իր յոգնած ոսկորներուն: