Հայկակ Արշամեան. «Եթէ հնարաւորութիւններ ստեղծուին Սուրիոյ գաղութի կարեւոր մէկ հատուածը Հայաստան կը փոխադրուի»

Մերձաւոր Արեւելքի գաղութները վտանգուած. «ԱՊԱԳԱՅ»-ի բացառիկ հարցազրոյցը «Հայաստան հիմնադրամ»-ի ղեկավար՝ Հայկակ Արշամեանին հետ

 

Պրն. Արշամեան, այսօր ի՞նչ  իրավիճակի մէջ են Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, յատկապէս Թուրքիան հարուածած աղէտալի երկրաշարժէն ետք։ Հարցումը կու տամ, յատկապէս իմանալէ ետք, որ կը գտնուէիք Հալէպ, դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններու ծիրին մէջ։ Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք իրավիճակը։ Ինչպիսի՞ն էր հայկական Հալէպի վիճակը։

Շատ կարճ ժամանակով գտնուեցայ Հալէպի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի կազմին հետ էի, մարդասիրական աջակցութիւն կը տանէինք Սուրիա։ Սկիզբը Դամասկոս եղանք։ Ցաւօք սրտի, այդ Դամասկոսը չէր, ինչ որ ես տեսած էի տարիներ առաջ, բայց երբ Հալէպ հասանք, արդէն իրական աղէտը տեսայ, որ ոչ միայն երկրաշարժի աղէտն էր, այլ ընդհանրապէս Սուրիոյ պատերազմի աղէտը, որ իր դառն հետքը ձգած է քաղաքին վրայ։ Համարեա բոլոր տուները ռմբակոծուած էին։ Մարդիկ դուրսը կ’ապրէին, քանի որ կը վախնային, որ երկրաշարժը կրկնուի, հետեւաբար անոնք կը սարսափէին տուն երթալու։ Իմ տպաւորութեամբ, Հալէպի, այսպէս ասած բնակչութեան էթնիք կազմն ու մարդագրական  պատկերը փոխուած էր։ Ուղղակի իմ դիտարկումներս են որ կ’ընեմ, քանի որ հոն եղած եմ քանի մը անգամ եւ այդ մէկը զգացի։ Իրօք, տեղի մեր համայնքը ծանր իրավիճակի մէջ է, ինչպէս է նաեւ պարագան Սուրիոյ մնացեալ քաղաքացիներուն։ Մեր նպատակն էր դրամական աջակցութիւն հասցնելը։ Հիմնադրամը 2019 թուականէն սկսեալ, յատկապէս Ֆրանսայի մեր տեղական մարմնի ֆինանսաւորմամբ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, հիմնականին մէջ կրթական հաստատութիւններուն, բաւական լուրջ դրամական աջակցութիւն ցոյց կու տայ։ Իսկ այս անգամ մենք դրամահաւաք չկազմակերպեցինք եւ ինքնակամ հաւաքուեցաւ մօտ $140,000, որուն $100,000-ը յատկացուցած էր Ֆրանսայի մեր տեղական մարմինը, նաեւ անոր միացան մեր միւս գործընկերները՝ Հոլանտայէն, Պրազիլէն։ Սուրիոյ մէջ մեր դեսպանին հետ քննարկումներ ունենալէ ետք որոշեցինք, որ այդ օգնութիւնները անպայման պիտի յատկացնենք հայկական կրթօճախներուն։ Այդ որոշումը առինք նպատակով՝ առաջինը, որ 25 գործող դպրոցներու ողջ անձնակազմը 1,100-էն աւելի ուսուցչական կազմ եւ աշխատակազմ ունին, որոնց հիմնական մասը բնականաբար հայեր են, բայց նաեւ կան ոչ հայեր՝ տեղացիներ, որոնք այդ դպրոցներուն մէջ կ’աշխատին եւ որոշեցինք գումարը այս ձեւով բաժնել, որպէսզի բոլորը ֆինանսական աջակցութիւն ստանան։ Մեր յատկացուցած գումարը անոնց կը հաւասարի անոնց առնուազն երկու ամսուայ աշխատավարձին։ Միեւնոյն ժամանակ, կային չորս կրթական հաստատութիւններ, որոնք տուժած էին երկրաշարժէն։ Անոնց ալ գումար յատկացուցինք։ Ընդհանուր առմամբ այցի նպատակը սա էր, բայց կը կարծեմ, որ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն վիճակը ծայրայեղ վատ է, թէ՛ ընկերային-տնտեսական վիճակը, թէ՛ հոգեբանական վիճակը, թէ՛ այդ տարածաշրջան մնալը իրենց համար ուղղակի անվտանգութեան սպառնալիք է։ Գիտենք նաեւ, որ տեղի մեր գաղութին թիւը բաւական նուազած է։ Այդ հսկայ ծաղկող գաղութը, որ մեր Սփիւռքի այսպէս ասած «մայր գաղութ»ն էր, այսօր ուղղակի ոչնչացման եզրին է։

 

Այս բոլորին առընթեր, Հայաստանի դիւանագիտական կազմին հետ, դուք կարողացած էք շփուիլ տեղի պատասխանատուներուն հետ. տրամադրութիւնները ի՞նչ էին, յատկապէս որ տարաբնոյթ լուրեր կը հասնին այստեղ։ Շատեր պատրաստ են մինչեւ վերջ գաղութը պահպանել, շատեր կ’ուզեն դուրս գալ, բայց միջոց չունին։ Հալէպահայ միջին խաւի իրական պատկերը ի՞նչ է։

Ցաւօք չհասցուցի ուղիղ շփուելու համայնքին հետ, բայց կը կարծեմ, որ եթէ հնարաւորութիւններ ըլլան Հայաստան տեղափոխուելու, այդ մարդոցմէ լուրջ հատուած մը Հայաստան կը տեղափոխուի Գամիշլիի շրջանը մարդիկ քիչ մը ինքնաբաւ են, սակայն Հալէպի եւ Դամասկոսի հայութեան տնտեսական վիճակը վատ է, մասնաւորաբար դրամանիշի արժեզրկման հետեւանքով։ Անոնք, որ Լիբանանի սահմանին մերձ կը գտնուին, կ’երթան եւ Լիբանանէն առեւտուր կ’ընեն, ուր համեմատաբար կազը, պէնզինը աւելի աժան են, չնայած, որ Լիբանանի վիճակն ալ փայլուն չէ։

 

Անցնինք Լիբանանին. գիտէք Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով կարեւորագոյն գաղութներէն մին է Լիբանանի հայկական համայնքը։ Այնտեղ ալ առանց պատերազմի կարծէք մաշում մը կը շարունակուի։ Ի՞նչ տուեալներ ունիք Լիբանանէն։

Եթէ կը յիշէք, անցեալ տարի $100,000 յատկացուցինք Լիբանանի կրթական 16 հաստատութիւններու։ Նորէն նոյն սկզբունքով, այսինքն՝ ուսուցիչներու թիւով, մօտ 700 ուսուցիչի։ Հիմա, եւս 100,000 Եւրօ գումար ստացանք Ֆրանսայի մեր տեղական մարմնէն։ Իրենք ամէն տարի այդ 100,000 Եւրօն անպայման կը հասցնեն։ Լիբանանի մեր գործընկերները մեզի ուսուցիչներու նոր ցուցակ ուղարկեցին եւ շատ շուտով դպրոցներու հետ պայմանագիրները կը վերականգնենք, քանի որ ուղղակի դպրոցներուն կ’ուղարկենք այդ գումարները եւ լուրջ ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանան հայկական օճախները։ Կրնայ հարց առաջանալ, թէ ինչու յատկապէս դպրոցներուն կ’օգնենք, որովհետեւ ըստ հիմնադրամի, նաեւ բոլորիս համար պարզ է, որ հայ կրթութեամբ, հայոց լեզուի պահպանմամբ հնարաւոր է գաղութը պահել։ Եթէ եկեղեցին եւ դպրոցները չըլլան, այդտեղ շատ շուտ կ’ուծանան մեր հայրենակիցները, քանի որ արաբական դպրոց կ’երթան եւ երեխաները միայն ընտանիքի մէջ հայերէն կը խօսին։ Լիբանանին իրավիճակն ալ ուղղակի սոսկալի է։ Արդէն երկու-երեք տարի է ես կը խօսիմ գործընկերներուս հետ, կը խօսիմ նաեւ ՀՀ դեսպանին հետ, միշտ կապի մէջ ենք, կը խօսիմ նաեւ Անթիլիասի ներկայացուցիչներու հետ, եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ, Աւետարանականներուն, Կաթողիկէներուն, մշտական կապի մէջ ենք։ Երբ հարցնեմ անոնց եթէ ինչ որ բան փոխուած է, անոնք ուղղակի կը ծիծաղին։ Հոն հիմա անկառավարելի վիճակ է, թէ՛ դրամանիշի արժեզրկման իմաստով, թէ՛ գիներու բարձրացման իմաստով։ Լիբանանի հայկական գաղութը շատ նօսրացած է։ Այդ հզօր, զարգացած, մտաւորականութիւն տուող, կրթող, սփիւռքը սնուցող գաղութներէն մէկը այժմ կը գտնուի ծանրագոյն վիճակի մը մէջ եւ այդտեղի դրամատնային համակարգի խստութիւնները նաեւ թոյլ չեն տար մարդոց, որ երկար տարիներու ճակտի քրտինքով հաւաքուած աւանդները ստանան։ Ինչպէս միշտ, նման իրավիճակներու մէջ, հարուստները աւելի կը հարստանան, իսկ աղքատները աւելի կ’աղքատանան։ Թէ՛ Սուրիան եւ թէ՛ Լիբանանը, ցաւօք սրտի դարձած են մարտադաշտ տարբեր գերտէրութիւններու միջեւ։

 

Երկուքս ալ լաւ գիտենք, որ պատկերը մոխրագոյն է։ Այս բոլորին մէջ, փրկելու բան մը կա՞յ, մանաւանդ, մտորումներուս մէջ տեղ կը գտնէ հայրենադարձութեան պարագան։ Ճիշդ է, որ «Հայաստան հիմնադրամ»ը յարմար մարմինը չէ, որ պիտի զբաղի այս հարցով, բայց, արդեօք որեւէ ծրագիր, որեւէ մտադրութիւն, որեւէ գաղափար մը կայ այս ուղղութեամբ, առնուազն փրկելու համար անոնց, որոնք փափաք ունին հայրենադարձուելու։

Շատ ցաւոտ հարց կը բարձրացնէք, եւ այս պարագային մարդս երկընտրանքի առջեւ կը գտնուի, քանի որ մէկ կողմէ կրնայ գաղութը վերանալ, որ տուեալ երկրի մէջ քու ներուժդ է, եւ այդ գաղութներուն մէջ մարդիկ հարիւրաւոր տարիներ ապրած են։ Չնայած մեծ մասը ցեղասպանութենէն փրկուած մեր հայրենակիցներու յետնորդներն են, բայց նոյն Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական գաղութը հարիւրաւոր տարիներէ գոյութիւն ունեցած է։ Նոյնը եղած է Դամասկոսի մէջ, Երուսաղէմի մէջ։ Քեսապցիները Կիլիկեան Հայաստանի ժամանակներէն այդտեղ ապրած են։ Այդ տարածաշրջանի մէջ հայկական արմատները Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանէն արդէն գոյութիւն ունին։ Իսկ չորրորդ դարուն, Ալեքսատրէթի ծոցը հայկական ծոց կ’անուանէին։ Այդտեղ նոյնիսկ թեմ ստեղծուած էր եւ հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներ հիմնուած էին։ Այսինքն, ասիկա այդ մարդոց հայրենիքն է ի վերջոյ, եւ քիչ մը դժուար է այդ «տիլէմա»ն յաղթահարելը։ Բայց ես վստահ եմ, որ եթէ կազմակերպուած ներգաղթ ըլլայ, թէ՛ Հայաստանի հանրապետութիւնը, որպէս պետութիւն վստահաբար իրենց տէր կը կանգնի եւ թէ ալ զանոնք Հայաստան փոխադրելու  կարեւոր ներուժը կը ճարուի։ Բայց անշուշտ, այս մէկը հիմնադրամի գործառոյթը չէ։ Մենք մարդասիրական կազմակերպութիւն ենք։ Բնականաբար պատրաստ ենք միշտ աջակցելու։ Հայաստանի հանրապետութիւնը ունի այն հիմնարկները, որոնք կրնան հայրենադարձութիւնը կազմակերպել եւ ունի ֆինանսական հնարաւորութիւնը այդ մէկը կատարելու համար։ Բայց այս պահուն, քանի որ Հայաստանը ինքն եւս լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ ապա դժուար թէ այս ժամանակներուն հայրենադարձութեան վերաբերեալ լուրջ ծրագիրներ մէջտեղ հանուին։ Անշուշտ չմոռնանք, որ դէպի Հայաստան ներհոսքը երբեք ալ չէ դադրած եւ Լիբանանի օրինակը տալով յիշեցնեմ, որ վերջին անգամ մենք մեծ հոսքի մը ականատեսը դարձանք 2020 թուականին եղած Պէյրութի մեծ պայթումէն անմիջապէս ետք, որ ցաւօք դանդաղեցաւ Արցախի 44 -օրեայ պատերազմին հետեւանքով։

 

Գիտենք, որ պատերազմը այնքան խաղաքարտեր խառնեց։ Այդ առումով ալ երեսուն տարուան ձեռքբերումը՝ «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»ը, նոյնպէս քննադատութեան թիրախ դարձաւ։ Այսօր ի՞նչ է պատկերը, տակաւին քննադատութիւններ կը հնչե՞ն մարմնի հասցէին։

Ցաւոտ հարց կը բարձրացնէք։ Ասոր մասին բազմիցս խօսած եմ տարբեր հարցազրոյցներու ընթացքին։ Մեզի որոշ չափով յաջողուեցաւ այդ հակա «Փի առ»ին դէմ դնել, սակայն մինչեւ այսօր ալ տարբեր գաղութներու մէջ տարօրինակ բամբասանքներ կը պտըտին, որ մինչեւ օրս չեն դադրած։ Կը կարծեմ, որ այդ ամէնուն վերջ կը դնէ հաշուեքննիչ պալատի եզրակացութիւնը, խօսքը կը վերաբերի այն գումարին, որ «Հայաստան հիմնադրամ»ը նուիրաբերեց Հայաստանի հանրապետութեան։ Այդ գումարը փոխանցուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան պիւտճէ, եւ այդ գումարի օգտագործման թափանցիկութեան եւ նպատակայարմարութեան եզրակացութիւնը մօտ օրէն կը հրապարակուի մանրամասնօրէն։ Հաշուեքննիչ պալատը գերագոյն անկախ audit-ն է, որ կախեալ չէ կառավարութենէն,  ՀՀ Ազգային ժողովը կ’ընտրէ անոր նախագահն ու անդամները, ուստի յուսամ որ այդ եզրակացութիւնը լոյս սփռելով կը բանայ մարդոց աչքերը եւ անոնք կը համոզուին, որ այդ գումարները ո՛չ «գացած են» ինչ որ մէկու մը գրպանը կամ ինչ որ պարգեւավճարներու, այլ ուղղակի օգտագործուած են Հայաստանի մէջ, նաեւ Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու ընկերային հարցերը լուծելու համար։ Մանրամասնութիւնները արտացոլուած կ’ըլլան այն եզրակացութեան մէջ եւ խորհուրդ կու տամ, որ մարդիկ կարդան, տեղեկանան եւ եթէ ունին դիտարկումներ, քննադատութիւններ, կրնան այդ հարցերը ուղղել կառավարութեան եւ վստահ եմ, որ բոլոր հարցերուն պատասխանները կը ստանան։ Եւ այս առումով ալ կը յուսամ, որ այս հարցը շուտով կը դադրի խոհանոցային քննարկման առարկայ դառնալէ։

 

Սագօ Արեան