ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Ոմն լրագրողուհի,- անունը կարեւոր չէ,- որ սովորութիւն ունի ներկայանալու նաեւ «բնապահպանի» փետուրներով,- ինչպէս Լաչինի միջանցքը փակող ատրպէյճանցիները,- օրերս, աւելի ճշգրիտ` Ծաղկազարդի յաջորդ օրը, մաղձ թափեց Հայ Առաքելական եկեղեցիին ուղղութեամբ: Դիմատետրի իր էջին մէջ ան յայտարարեց, թէ «Եկեղեցին ատում է բնութիւնը»: Խօսքը, բացատրենք մեր ընթերցողներուն, կը վերաբերէր Ծաղկազարդի օրը եկեղեցիներու մօտ զանազան անհատներու կողմէ վաճառուող ուռենիի ճիւղերուն, որոնք Հայաստանի մէջ, առ ի չգոյէ արմաւենիի, աւանդականօրէն կը փոխարինեն Երուսաղէմ մուտք գործող Քրիստոսը դիմաւորող բազմութեան ձեռքին ծածանող արմաւենիի ճիւղերը: Այն տարբերութեամբ, որ ուռենիի ճիւղը աւելի նուրբ եւ ճկուն ըլլալուն` յարմար է նաեւ մանուկներու եւ կիներու գլխուն որպէս պսակ օգտագործելու: Օրհնուած պսակ` որ սովորաբար կը տարուի տուն եւ խնամքով կը պահուի ամիսներով:
Թէ ի՞նչ կապ կայ այս գեղեցիկ աւանդութեան եւ բնապահպանութեան միջեւ, թէ այս պարագային ո՞ւր է փաստը կամ պատճառը Հայ եկեղեցին հակաբնութենականութեան մէջ մեղադրելու, յայտնի է միայն խնդրոյ առարկայ «լրագրողուհիին», նաեւ` աղանդաւորներուն, որոնց թիւը մասնագէտները հարիւր հազարներով կը հաշուեն Հայաստանի մէջ:
Վերջերս, մեր մամուլի էջերուն վրայ՝ «Համախմբուիլ Արցախահայութեան Շուրջ» վերնագիրին տակ, որպէս համահայկական միաւորումի եւ համախմբումի միակ ու վերջին կռուան մատնանշուած էր Հայ Առաքելական եկեղեցին` որպէս վերկուսակցական, վերքաղաքական ու վերպետական կառոյց, որ պարտի օրհասական այս օրերուն ազգը, ժողովուրդը, ազգային կառոյցները եւ նոյնիսկ իշխանութիւնները համախմբողի իր առաքելութիւնը կատարել, վասն արգելափակուած արցախահայութեան եւ Հայոց պետականութեան փրկութեան:
Յօդուածը արժանացաւ զանազան արձագանգներու` դրական եւ բացասական, մեծ մասամբ` անստորագիր: Բացասականներու կարգին եղան Հայաստանի մէջ յաճախ արծարծուող` Հայ եկեղեցիին ուղղուած քննադատութիւններ` երբեմն խծբծանքի մակարդակի: Հոս հարկ չենք համարեր վերջիններուն անդրադառնալու, բայց ճիշդ կը համարենք հակիրճ անդրադարձ մը կատարել առարկութիւններէն երեքին.
Ա) Սահմանադրութեամբ իսկ Եկեղեցին անջատ է պետութենէն, հետեւաբար եկեղեցականները պէտք չէ խառնուին քաղաքական հարցերու:
Բ) Վերջին 4-5 տարիներուն առկայ են լարուած յարաբերութիւններ Պետութեան եւ Եկեղեցիին միջեւ, մինչդեռ առանց Պետութեան մասնակցութեան կամ համաձայնութեան անկարելի է, ձախողութեան դատապարտուած է համահայկական տարողութեան որեւէ նախաձեռնութիւն, ինչպէս եղաւ Ռուբէն Վարդանեանի հրաւիրած վերջին` փետրուարեան համաժողովը, որ մնաց անհետեւանք, ապարդիւն, անշուշտ եթէ «արդիւնք» չհամարենք այն, որ Մատենադարանի յարգարժան տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան հրաժարեցուեցաւ իր պաշտօնէն` իր տնօրինած շէնքին սրահը համաժողովի կազմակերպիչներուն վարձակալութեամբ տրամադրած ըլլալուն համար…
Գ) Հայ եկեղեցին ի՛նք պառակտուած է եւ սուր հակասութիւններ կան ոչ միայն Էջմիածինի եւ Անթիլիասի միջեւ, այլ նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ Մայր Աթոռի, ինչպէս նաեւ` հասկնալիօրէն առանձնայատուկ սահմանափակումներ` Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ նուիրապետական միւս Աթոռներուն միջեւ:
Արդարեւ, երեքն ալ լուրջ եւ լրջագոյն առարկութիւններ, որոնք արժանի են մամուլի նեղ սիւնակներէն անդին խորունկ քննարկումներու եւ խորհրդածութիւններու:
Այսուհանդերձ, ընդամէնը թռուցիկ անդրադարձումով մը կարելի է ըսել, որ`
ա) Սահմանադրութիւնը յստակօրէն բնորոշած է Հայ եկեղեցին որպէս Ազգայի՛ն եկեղեցի: Հետեւաբար ազգային եւ համազգային բոլոր հարցերու մէջ Եկեղեցին իրաւունք, առաւել եւս` պարտականութի՛ւն ունի իր խօսքն ու գործը ի սպաս դնելու հայութեան եւ անոր հայրենիքի ծառայութեան: Ընդորում` Հայաստան պետութեան, որուն, չմոռնանք, հիմնադիրներէն է մեր Եկեղեցին: Պարզապէս յիշենք երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին արտասանած ճառը Հայոց խորհրդարանին մէջ, Անկախութեան հռչակման նիստին, առանց մոռնալու նաեւ, որ Մայր Աթոռը ոչ միայն բանիւ, այլեւ գործով, իր ունեցած գրեթէ ամբողջ գումարի տրամադրմամբ եղաւ առաջին բարերարը մեր նորանկախ պետականութեան:
բ) Դժբախտաբար, Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի աթոռին տիրանալէն անմիջապէս յետոյ իր սրբազա՜ն պարտականութիւնը համարեց Հայ եկեղեցիին նսեմացումը: Անոր առաջին հրամանագիրներէն մէկը եղաւ` Ամենայն Հայոց Հայրապետը մինչ այդ իր վայելած պետական պաշտպանութեան իրաւունքէն զրկելը: Անկէ ի վեր, փոխանակ օգտուելու եւ օգտագործելու Հայ եկեղեցիին համաշխարհային ու համահայկական հեղինակութիւնը, որուն կապակցութեամբ այս սիւնակներէն բազմիցս արտայայտուած է մեր մեծանուն խմբագրապետ Երուանդ Ազատեանը, վարչապետ Ն. Փաշինեանը եւ անոր վարչախումբը եթէ ոչ հալածած, առնուազն անտեսած են Հայ եկեղեցիին դերը, կարողութիւններն ու հեղինակութիւնը: Անտեսում եւ հակակրանք` ի հաճոյս բոլոր տեսակի աղանդաւորներու, ինչպէս վերոյիշեալ «լրագրողուհին», որուն, ինչպէս անոր նմաններուն վճարովի պարտականութիւններէն մէկը Հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու քայքայումն է եղած եւ է՛: Ահա՛ իսկական` «հինգերորդ շարասիւնը», որուն վերջերս կ’ակնարկէր Նիկոլ Փաշինեանը` այդ շարասիւնը փնտռելով Հայոց բանակին եւ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ:
գ) Ինչ կը վերաբերի Հայ եկեղեցիին` եթէ ոչ պառակտուածութեան, ապա` ներքին անմիաբանութեան հարցին, դժբախտաբար իրողութիւն է, եւ առաջին հերթին մեր եկեղեցական առաջնորդներուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն համախմբուիլ, արագ լուծում տալ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, վեր կանգնիլ կուսակցական եւ անձնափառասիրական նկրտումներէն, որոնք հետեւանք են նախորդ դարու 50-ական թուականներէն մինչեւ այսօր շարունակուող աշխարհաքաղաքական խարդաւանքներու, որոնց այժմ կրկին զոհն է դարձեր հայութիւնը ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս:
Եկեղեցին մեր ազգի եւ ազգային պետութեան աղն է, եւ ինչպէս Քրիստոս կ’ըսէ` եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, հապա ինք ինչո՞վ պիտի աղուի:
Ժամանակ չկայ: Եկեղեցին պէտք է համախմբուի, որպէսզի կարենայ համախմբել:
«Պայքար» շաբաթաթերթ