Ուրախութեան բոլոր ծալքերը ողջագուրող՝ խնդուք-յուզումի գունաւոր երեկոյ մը ըմբոշխնեց Մոնթրէալահայութիւնը՝ անհամբեր:
Կը կրկնենք «անհամբեր»ը, երբ համայն աշխարհ կորսնցուցած էր իր ուրախութիւնը, երբ «Covid»-ի պատճառաւ ժպիտը գողցուած էր մարդկային առօրեայ շրթներէն, երբ բոլորս թաղուած էինք կեանքի վեր ի վայրումներու, օրական մտահոգութիւններու, պատերազմներու, անստոյգ անակնկալներու մէջ, երբ բոլորս անհամբերօրէն կ’երազէի՜նք վերադարձը խաղաղութեա՜ն ու անդորրութեա՜ն…
… Ահա’, վրայ կը հասնէր Covid Movid-ը:
…Վրայ կը հասնէր, Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը իր բոլոր յանդգնութեամբ եւ ուժգնութեամբ կ’առնէր այդ հսկայական քայլն ու աշխատանքը շնորհելու համար, անյագօրէն սպասուած խնդուքի առիթը՝ վերջապէ’ս:
KEV ORKIAN բոլորովին նոր յայտագիրով մը կը ներկայանար, յայտնութիւններու ու անակնկալներու մարգարտաշարով մը:
Ելոյթը մեծամասնութեամբ անգլերէն լեզուով էր, երբեմն համեմուած հայերէնով: Ձեւ մը, որ աւելի մատչելի կը դարձնէր՝ օտարները ծանօթացնելու մեր փառքերուն ու բարքերուն նոյնիսկ եթէ այդ՝ ըլլար. կծու երգիծանքի թաքունութեան տակ:
Մենք կ’անկալէինք ելոյթ մը, որ պարփակէր, միա’յն խնդուք… սակայն մենք ստացանք աւելի’ն: Ստացանք դասական երեկոյ մը: Կեանքի առօրեայ թղթածրարները բացուեցան մեր առաջ՝ ընտանիք, սովորութիւն, հայրենիք, Արցախ, Արարատ…:
KEV ORKIAN-ի դաշնամուրի հմտութիւնը անգամ մը եւս կը յայտնուէր, հմտութիւն մը ընդգրկած՝ ազգային-մարդկային ասեղնաշարերը:
Բոլորովին անակնկալ մըն էր երբ KEV ORKIAN աջալրջութիւնը ունեցաւ դաշնամուրի վրայ, յարգելու, անդարձ մեզմէ բաժնուած գրիչի եւ պատմաբանութեան ռահվիրայ ընկ. Երուանդ Ազատեանի յիշատակը, անոր նուիրելով մահերգ մը:
Ապրիլ 1, 2023-ը դասական ծիծաղի փառատօն մը եղաւ:
600 ներկաներու, յոտնկայս բուռն ծափահարութիւնները ցնցեցին Centre d’Armenie-ի շքեղ սրահներու պատերը:
Առաջին անգամ ըլլալով դժուարին օրերու ճնշումն ու ազդեցութիւնը կարծես կը թօթափուէր մեր ուսերէն՝ թէկո՜ւզ մէկ ու կէս ժամուայ համար:
Գնահատանքի փունջ մը ծաղիկ, Թէքէեան Մշակ. Միութեան՝ իր նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ ընկ. Արթօ Մանուկեանի, որ գլուխը անցած մշակութային յանձնախումբին, ունեցաւ մտապատկերը՝ (Vision) հրամցնելու համար սոյն որակաւոր միջոցառումը:
Պերճ Գոգորեան