Մինչ Մոնթրէալ մեծամասնութեամբ թաղուած էր, պաղի ու մութի մէջ, անդին, Ապրիլ 8-ին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը լոյսերու մէջ ողողուած ու տաքուկ մթնոլորտի մէջ, սովորութիւն դարձած, իր խթման տօնակատարութիւն-խրախճանքը կը տօնէր:
Պարը սիրող հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր, թերեւս փախուստ տալու եւ նոյն ատեն ջերմանելու թէ’ տրամադրութեամբ թէ’ ֆիզիքապէս Մոնթրէալի մրրիկին առթած վնասներէն ու վտանգներէն:
Առատ համադամներ, խթումի աւանդական ձուկ եւ այլազան ճաշեր, կողմնակի ճոխ ուտելիքներ, աւելի կը զարդարէին ճաշակով պատրաստուած սեղանները, իսկ սրահին՝ Զատիկի պատշաճ յարդարումը կատարուած էր վարչութեան անդամներուն կողմէ:
Հարթակը կը վայելէին եռանդուն պարողներ, որոնք կը հետեւէին Խաժակ Վանեանի, Ռաֆֆի Նուրշանեանի եւ DJ. Eric-ի խանդավառ նուագներուն:
Այս առիթով Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը գնահատելի գաղափարը ունեցաւ, արժեւորել՝ Տիկնանց Յանձնախումբի աշխուժ անդամ, հաշուապահական աշխատանքներու օժանդակ ու վարչական այլ եւ այլ գործունէութիւններու միշտ աչակից՝ Տիկ. Նորա Միննէթեանը, իր տարիներու անսակարկ աշխատանքին համար՝ նուիրելով զայն յուշատախտակ մը:
Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան այս աշխուժ գործունէութեանց շարքը գնահատելով՝ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:
Պերճ Գոգորեան