Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց` առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակ` Գրիգոր Նարեկացիի տիպարին վրայ։

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հայ վանական մըն էր, որ ապրեցաւ հազար տարուայ կողմ, ու մեզի թողուց աղօթքի գիրք մը, որուն մէջ ձուլուեցաւ հայ ազգին հաւատքը, քրիստոնէութիւնը ողջագուրող առաջին ազգը. Ազգ մը` որ Քրիստոսին խաչը պինդ բռնած շատ չարչարուեցաւ պատմութեան ընթացքին։ Գրիգոր Նարեկացին ճանչցուած է, որպէս համընդհանուր զօրակցութեան թարգման։»

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը

 

«Վկաները՝ վանականութիւնը և բարեխօսութեան զօրութիւնը` Գրիգոր Նարեկացին»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 26 Ապրիլ 2023ի առաւօտուն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, որով Քահանայապետը շարունակելով «Աւետարանական կիրքի եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդի» նիւթին յատկացուած խորհրդածութիւններու շարքը, անգամ մը եւս շեշտը դրաւ «վկայութեան» կարեւորութեան վրայ։

 

Վանականներուն վկայութիւնը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս. Կը շարունակենք առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը։ Մեկնեցանք Սուրբ Պօղոսէն եւ անցեալ անգամ անդրադարձանք նահատակներուն, որոնք Յիսուսը կ՜աւետեն իրենց կեանքով, մինչեւ զայն զոհելու Անոր ու Աւետարանին համար։ Սակայն կայ այլ մեծ վկայութիւն մը, որ կ՜անցնի հաւատքի պատմութենէն` վանականներուն վկայութիւնը, այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը հրաժարին աշխարհէն նմանելու համար Յիսուսին, աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ճանապարհին վրայ, որպէսզի բարեխօսեն բոլորի համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «անոնց կեանքը ինքնիր մէջ խօսուն է»։

 

Սէրն է` որ կը խթանէ վանականներուն կեանքը

«Վանականները հռչակումին կեդրոնական ջիղն են եւ անոնց աղօթքը Քրիստոսի Մարմնին անդամներուն համար թթուածին է, աներեւելի ուժը` որ թիկունք կը կանգնի առաքելութեան» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ նաեւ առաքելութեան պաշտպան սրբուհին վանական մըն է` Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզան։

«Սէրն է, որ կը խթանէ վանականներուն կեանքը և կը թարգմանուի անոնց բարեխօսական աղօթքին մէջ» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը եւ ասկէ մեկնելով ուզեց, որպէս օրինակ ներկայացնել Հայազգի մեծ սուրբը` Նարեկացին, զոր յիշեցնենք, որ 2015ի ապրիլին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուեցաւ ճիշտ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ հայոց բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին նուիրած սուրբ պատարագի ընթացքին։

 

Սուրբ Գրիգոր նարեկացին համընդհանուր զօրակցութեան վանականը

«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հայ վանական մըն էր, որ ապրեցաւ հազար տարուայ շուրջ, ու մեզի թողուց աղօթքի գիրք մը, որուն մէջ ձուլուեցաւ հայ ազգին հաւատքը, քրիստոնէութիւնը ողջագուրող առաջին ազգը։ Ազգ մը, որ Քրիստոսին խաչը պինդ բռնած շատ չարչարուեցաւ պատմութեան ընթացքին», յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ Սուրբ Գրիգորը իր համայն կեանքը ապրեցաւ Նարեկի Վանքին մէջ, ուր սորուեցաւ ուշադրութեամբ զննել մարդկային հոգիին խորքը, եւ աղօթքն ու բանաստեղծութիւնը միաձուլելով, նշանաւորեց թէ՛ հայ գրականութեան, թէ՛ հայ հոգևորականութեան գագաթնակէտը։

«Ան ճանչցուած է, որպէս համընդհանուր զօրակցութեան թարգման։ Ան կ’ըսէ «ես կամովին վրաս առի բոլոր մեղքերը…որոնց համար պատասխանատու եմ» (Հմմտ. Բան 72)։ Նման Յիսուսին, վանականները իրենց վրայ կ’առնեն աշխարհին հարցերը, դժուարութիւնները, հիւանդութիւնները եւ այլ շատ մը բաներ ու կ’աղօթեն անոնց համար։ Անոնք մեծ աւետարանողներ են» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

 

Վանքերը բարեխօսութեան կամուրջ

Վանքերը բարեխօսութեան կամուրջ մըն են բոլոր մարդոց համար։ Վանականները արցունք կը դափեն իրենց մեղքերուն համար ու նաեւ աշխարհի մեղքերուն համար եւ կ’աղօթեն ու սրտով կը դիմեն դէպի վեր։ Անոնք Եկեղեցւոյ իսկական ուժն են, որոնք յառաջ կը տանին Աստուծոյ ժողովուրդը», յարեց Սրբազան Պապը խրատելով այցելել վանքերը, ուր կայ աղօթք ու աշխատանք։ «Անոնց ձեռքերը միշտ զբաղած է` աշխատանքով ու աղօթքով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Տիրոջմէ հայցելով, որ մեզի պարգեւէ վանականներ, որոնք իրենց բարեխօսութեամբ յառաջ տանին Եկեղեցին։

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան