Տէր Անդրէաս Քահանայ. «Հնարաւոր ամէն բան պէտք է ընել Դադիվանքի մէջ հայկական ներկայութիւնը պահպանելու համար»

Դադիվանքի գլխուն կը շարունակէ կախուած մնալ վտանգը: Արցախի թեմը՝ Պաքուէն պաշտօնական մակարդակով հնչած յայտարարութիւնները՝ պատահական չեն համարեր:

Ատրպէյճանը երբեք ալ չէ թաքցուցած իր յաւակնութիւնները՝ քանդել կամ իրեն վերագրել հայկական կոթողները: Դադիվանքի թեմայով սկսած տեղեկատուական արշաւը կը յուշէ, որ այս թեմայով խմորումներ կան: Այս պահուն յստակ է այն, որ Դադիվանքի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը շարունակեն հայ հոգեւորականները: Համալիրի հարեւանութեամբ ալ՝ իրենց առաքելութիւնը կը շարունակեն ռուս խաղաղապահները:

ՀԱԵ Արցախի թեմի հոգեւորական Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւատեանի խօսքով, հնարաւոր ամէն բան պէտք է ընել Դադիվանքի մէջ հայկական ներկայութիւնը պահպանելու համար։

«Մենք պէտք է շարունակենք մեր ծառայութիւնը այնտեղ, ռուսն ալ պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը այնտեղ, որովհետեւ, ըստ խոստումի, համաձայնութեան, վանքը պէտք է պահպանել, պահել։

Աստուած մի արասցէ, եթէ լքուի Դադիվանքը՝ նոյն ճակատագրին պիտի արժանանայ, ինչպէս մեր Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիները, այսօր Հադրութի եկեղեցիները, մնացեալ այն բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք մնացած են Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ»,- Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Օր» լրատուականի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Տէր Անդրէաս քահանան։