Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սիտնիի հայկական երեք կազմակերպութիւնները որոշում կայացուցին Հայաստանէն հրաւիրել Հանրապետութիւն քաղաքական կուսակցութեան նախագահ Պրն Արամ Սարգսեանը, որ երկու տարի եղած է Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ, ծառայած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ Արցախի ազատագրման առաջին պատերազմի օրերուն։ Անոր լուսահոգի եղբայրը՝ Վազգէն Սարգսեան եղած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը։
Ի լրումն բազմաթիւ քաղաքական և համայնքային հանդիպումներուն ու խորհրդակցութիւններուն, տեղի ունեցան երկու հիմնական իրադարձութիւն, ուր հանգամանօրէն քննարկուեցան մեր ազգային ընթացիկ խնդիրները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի ու Սփիւռքի հե առնչուած:
Ապրիլի 21-ին ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ջանքերով կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աննայի սրահին մէջ: Համերգասրահը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ եւ համայնքի ղեկավարներով։ Սիտնիի հայ համայնքը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց օրուան մշակութային ծրագրին, փրոֆեսիոնալ հաղորդավարներուն և գեղարուեստական յայտագրի կատարողներուն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Զանի Նազարեան Օքգեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը՝ Արամ Սարգսեանը, որ հիմնականօրէն փոխանցեց հզօր ուղերձ մը հայրենի վերջին իրադարձութիւններուն հետ առնչուած, լի արդի փաստերով ու տուեալներով։
Ան իր ելոյթին ընդմէջէն բացատրեց Իրանի և այլ հարևաններու դերը և ցոյց տուաւ, թէ ինչո՞ւ արևմտեան լուծումներն ու դաշինքները, յատկապէս Ֆրանսայի, Գերմանիայի և ԱՄՆ-ի կողմէ, աւելի լաւ առաջարկներ են քան արդիւնքներ, մինչդեռ Ռուսաստանը կրնայ մնալ մեր երկարաժամկէտ դաշնակիցն ու բարեկամը, քանի որ այնտեղ աւելի քան 2 միլիոն հայ կ՚ապրի, իսկ մենք ունինք ամենամեծ առևտուրի և զէնքի գործարքները անոնց հետ: Սակայն եւ այնպէս նոր դաշինքներ ունենալը երբեք պէտք չէ խանգարէ մեզ, որ մենք ցանկութիւն ունենանք շարունակելու մեր հինը:
Ինչ կը վերաբերի Արցախի բանաձևին, ան կրկնեց Քոսովոյի օրինակը և մատնանշեց հասարակաց նմանութիւններ, թէ ինչպէս կը գործեն նոյն սկզբունքները, ուստի այն կարելիութիւն ունի անկախ կարգավիճակ ձեռք բերել՝ երաշխաւորելով իր բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը։ Ան բացատրեց նաեւ, թէ ինչպէս և ինչու Հայաստանը կը գոյատևէ շարունակական պատերազմներէն և ջարդերէն ետք՝ օգտագործելով լանդշաֆտը, ըսաւ. Նայեցէք տեղագրութիւնը Արցախի մէջ, բոլորը սարեր են, ուստի մենք այդ է որ կ՚օգտագործենք մեր օգտին:
Վերջինս վստահեցուց Հայաստանի տնտեսական կենսունակութիւնը հանդիսատեսին` թուարկելով բարձր արժէք ունեցող ռեսուրսներ, օրինակ. Ջուր և հանքային նիւթեր։
Հանդիսատեսը ունկնդրելով օրուան պատգամախօսը առաւել եւս հզօրացաւ երբ իրականութեան առջեւ գտնուեցաւ։ Ան ներշնչուեցաւ աւելի լաւ ապագայի վստահութեամբ, որ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է նոր աշխարհակարգերով և հակամարտութիւններով, ուր Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին նոյն խաչմերուկներուն վրայ:
Ոգեկոչումը եզրափակուեցաւ Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հայրենասիրական խօսքերով և պահպանիչ աղօթքով։
Վահէ Արթինեան
Սիտնի