Չորս տարիներ առաջ, նախքան ժահրը, «Վէմ» համոյթը իր բարձրորակ կատարումով հանդէս եկած էր քաղաքիս Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնէն ներս ու արժանացած էր արուեստասէր ներկաներու գնահատանքին կրկին անգամ հանդիպելու ցանկութեամբ. եւ այսպէս, դարձեալ «Վէմ»ը Միութեանս հրաւէրով Միացեալ Նահանգներու շրջագայութեան ընթացքին կու գար ոչ միայն բոլորիս երաժշտական ծարաւը յագեցնելու, այլ եւ կեդրոնիս կազմակերպած մշակութային որակաւոր ձեռնարկներուն առաւել փայլք մը աւելցնելու:
Բոլորիս հանրածանօթ «Վէմ» քառեակը իր իսկ հիմնուած օրէն հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու, ապա Եւրոպայէն մինչեւ Հայրենիքի բեմերը՝ արժանանալով հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին. ի հարկէ այս բոլորը՝ շնորհիւ խումբի հիմնադիր-ղեկավար Մովսէս Պօղոսեանի տաղանդին:
Կիրակի՝ 13 Մայիս 2023, երեկոյեան ժամը ութին, Յ. եւ Ս. Արզումանեան սրահին ներկաները խանդավառութեամբ անհամբեր կը սպասէին երեկոյթի սկսելուն. սակայն հանդիսատեսներու հոսքին պատճառով դահլիճը պէտք էր յաւելեալ աթոռներով մատակարարել:
Որոշուած ժամուն, Միութեան վարչականներէն Յարութ Գույումճեան հանդէս եկաւ բարի գալուստի խօսքով՝ ողջունելով Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ արտակարգ և լիազօր դեսպան ՝ Վսեմաշուք Անահիտ Յարութիւնեանը, Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը, Գանատայի Քեպէք նահանգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեանն ու արուեստասէր ներկաները. ապա հրաւիրեց երեկոյիս հանդիսավար Պր. Սամուէլ Քէօշկէրեանը, որ երկլեզուով ներկաներուն ներկայացնէ համոյթի պատմականն ու արուեստագէտներուն հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք ծափողջոյններով արուեստագէտները բեմ բարձրացան կատարելու իրենց վստահուած հայ եւ արեւմտաեւրոպական երգահաններու բարդ յօրինումները:
«Վէմ» համոյթի ղեկավար արհեստավարժ ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան հակիրճ բացատրականով մեզ ներկայացուց յայտագրիս մաս կազմող որոշ հատուածներու պատմականը: Առաջին անգամն ըլլալով Գանատայի տարածքին Միութեանս բեմէն կը հնչէր Արթուր Ավանեսովի մշակումով Ը-րդ դարու կին երաժիշտ-բանաստեղծ Խոսրովիդուխտէն մեզ հասած «Զարմանալի է ինձ» մանկունք ԲՁ միակ շարականը: Այստեղ Ա. Ավանասով իր մշակմամբ յաջողած էր հմուտ կերպով մայր եղանակին զուգորդել եկեղեցւոյ կամարներու արձագանգը՝ հանդիսատեսին պահ մը փոխադրելով Սիւնեաց աշխարհը:
Անցնելով Տիգրան Մանսուրեանի «Լարային եռեակին», մօտէն ապրեցանք հեղինակի ներքնաշխարհի արտացոլմանը: Հակառակ ժամանակակից յօրինմանը՝ հեղինակը ներհուն ձեւով օգտագործած էր մեր միջնադարի երաժշտութեան աստիճանաւորումները (mode): Մովսէս Պօղոսեան անդարձ կատարեց Խոսրովիդուխտի ու Տ. Մանսուրեանի յիշեալ ստեղծագործութիւններու նոյնանման աստիճանաւորումներուն (mode) մասին:
Հետաքրքրական էր ունկնդրել վիպասանական վաղ շրջանի Աւստրիացի յօրինող Ֆրանց Շուպերտի Մեծալար Հարթ Սի (B flat Major D471) Լարային «միաբաժին» եռեակը (Trio)ն:
Գոհարիկ Ղազարոսեան՝ անուն մը, որուն մասին յաճախ կարդացած ենք ու զրուցած յատկապէս պոլսահայ շրջանակներէ ներս. սակայն ոչ ընկալած ողջ կատարումներով ու այսօր «Վէմ» քառեակը կու գար մեզ մօտէն ծանօթացնելու արեւելահայ երաժշտահաններու կողքին արեւմտահայ երաժշտահանի «Ո՜վ աղջիկ՝ ձեր մայրն այլևս չկայ» յօրինումը: Այստեղ ի յայտ կու գար Գ. Ղազարոսեանի մօտ Կոմիտասեան ոճի ներթափանցումը:
Յայտագրի առաջին մասը հասնելով իր աւարտին, ըմբոշխնեցինք Սերգէյ Ասլամազեանի մշակումներու լաւագոյն էջերէն միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր ազգային ժողովրդական դասական երաժշտութեան դպրոցի հիմնադիր՝ Կոմիտաս վարդապետի «Երկինքն ամպել է»ն ու «Կաքաւիկ»ը:
Կարճ ընդմիջումէ մը ետք, հանդիսատեսը վերստին թարմացած պատրաստ էր ընկալելու յայտագրի երկրորդ բաժինը այս անգամ սկսելով բոլորիս ծանօթ քսաներորդ դարու ռուս երաժիշտ Դիմիտրի Շոստակովիչի սենեկային «10-րդ Opus 118 լարային քառեակէն Դանդաղ (Adagio) բաժինը ապա Էդուարդ Միրզոյեանի 1947-ին յօրինած լարային քառեակը, ուր հեղինակը օգտագործած էր մեր ժողովրդական (յատկապէս Կոմիտասեան) բներգները (motive): Այստեղ նշմարելի էր Է. Միրզոյեանի ու Դ. Շոստակովիչի նոյնանման ոճականութիւնը: Այս մասին Մ. Պօղոսեան կու գար մեզ լուսաբանելու, որ վերջիններս ոչ միայն եղած են ժամանակակիցներ, այլեւ մտերիմներ: Դ. Շոստակովիչ իր տուեալ ստեղծագործութիւնը յօրինած է երբ Միրզոյեանի հրաւէրով գտնուած է Դիլիջանի երաժշտահաններու հանգստեան տանը:
Այս երկու խորաթափանց մեկնաբանութիւններէն ետք, քառեակը կրկին անգամ հանդէս եկաւ Ասալամազեան-Կոմիտասի «Քէլէ Քէլէ» եւ «Ալ այլուղս» լարային քառեակներով:
Նուագահանդէսը իր գագաթնակէտին հասաւ ազգային երաժշտութեան արդի դասական դպրոցի հիմնադիր՝ Արամ Խաչատուրեանի (փոխադրում Հ. Պապեանի) Դիմակահանդէսէն Վալսի հատուածով:
Երեկոն վերջ գտաւ օրուայ խօսնակին Յ. Գույումճեանի գնահատանքի խօսքերով, ներկաներուն լիցքաւորուած զգացումներով եւ երկարաշունչ ծափերով:
Տեղին է յիշել, որ տարիներէ ի վեր «Վեմ»ը օժանդակութիւնը վայելած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնական վարչութեան:
Ապրին Մովսէս Պօղոսեանն ու իր հիմնած ազգիս պատուաբեր «Վեմ» համոյթը, երեկոյթս գնահատող հանդիսատեսը, մանաւանդ քաղաքիս Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ իր հիմնուած օրէն իսկ ջատագովողը հանդիսացած է հայ մշակոյթին:
Սամուէլ Քէօշկէրեան
«Վեմ» քառեակի այցը՝ Ալեք Մանուկեան Վարժարան
Երկուշաբթի՝ 15 Մայիս 2023, վերջին օրը՝ «Վեմ» քառեակի Մոնթրէալ այցելութեան, երբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ատենապետ՝ պրն. Նուպար Պապիկեանի յանձնարարութեամբ՝ «Վեմ» փափաքեցաւ հանդիպում մը ունենալ Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեանի մատղաշ աշակերտներուն, ջամբելու ու աւանդելու հայ երաժշտութիւնը ամենանուրբ ելեւէջներով:
Առաջին հերթին, Ալեք Մանուկեան Վարժարանի տնօրէն՝ պրն. Շահէ Թանաշեան բացատրականը ըրաւ «Վեմ» քառեակի առաքելութեան եւ անոր հիմնադիրին պրն. Մովսէս Պօղոսեանի, որմէ յետոյ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ՝ պրն. Արթիւր Մարկոսեանի ձեռքի շարժումներուն հետեւելով, աշակերտները երգեցին – աւելի ճռուողեցին- նախապէս պատրաստուած երգ մը, ընկերակցութեամբ թմբուկի մը ու սրինգ-ի (Flute) մեծ խումբի մը:
Այժմ հերթը՝ քառեակին էր:
Մօտ 100-ի չափ պատանի-պատանուհիներ, ուսումի ու արուեստի ծարաւ, կը հետեւէին քառեակի լարերու զգայացունց նօթերուն: Հո’ն, կը նուագէր ժողովրդական-դասական երաժշտութեան դպրոցի հիմնադիր՝ Կոմիտաս վարդապետի «Կաքաւիկ»ը, յետոյ արդի դասական դպրոցի հիմնադիր՝ Արամ Խաչատուրեանի դիմակահանդէսէն վալսի հատուածը:
Խանդավառ էին աշակերտները, հպարտ էին նաեւ տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմէն ներկաներ, հպարտ էր մանաւանդ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ պրն. Արթիւր Մարկոսեան:
Երկուստեք նորանոր յաջողութեան մաղթանքներով՝ բաժնուեցան աշակերտ եւ այցելու՝ «ուսուցիչներ», երկուքն ալ իրենց հետ պահելով ջերմ հայկական անմոռանալի յիշատակ մը:
Պ. Գ.