«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ԱՆՓԱՌՈՒՆԱԿ ՎԱԽՃԱ՞Ն, ԹԷ՞…

Հայաստանի անկախացումէն ետք, Արցախի ազատագրումի պատերազմին զուգահեռ, Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու կառավարութեան նախաձեռնութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծումը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն ձեռնարկումներէն մէկն է: Մեր պատմական յիշողութեան մէջ առաջին անգամ հայկական բոլոր հատուածներու` կրօնա-դաւանանքային, կուսակցական, տեղայնական, դասակարգային եւ այլ խմբաւորումներու միաւորումը ազգային պետականութեան շուրջ` ի խնդիր անոր հզօրացումին, վերաշինութեան եւ բարօրութեան: Այնքան տպաւորիչ էր եւ յուսադրող այդ իրադարձութիւնը, որով բացի հայութենէն` ոգեւորուած էին նաեւ մեզի բարեկամ երկիրները, մինչ թշնամիները…

Համահայկական կազմակերպութեան ստեղծումին համար որպէս նախադրեալ կար երեք ազդակ` Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքները ամոքելու ազգային եւ միջազգային նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, Արցախեան ազատամարտը եւ հայրենակեդրոնութեան ոգեւորութիւնը Հայաստանի անկախութեան հռչակումով, որով համակուած էին բոլորը: Պէտք էր տնտեսապէս, համապատասխան ենթակառոյցներու ստեղծումով, կրթութիւնը արդիականացնելու միջոցով նպաստել մայր հայրենիքի, ներառեալ անշուշտ Արցախը, բարգաւաճումին:

Պէտք է յիշել Հիմնադրամի ստեղծման (1992) եւ այնուհետեւ որպէս միջազգայնօրէն գրանցուած առանձին կառոյց հիմնադրման (1994) ժողովները` նորանկախ Հայաստանի պետական ղեկավարութեան, զոյգ կաթողիկոսներու, Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական եկեղեցիի, ՀԲԸՄիութեան, աւանդական երեք կուսակցութիւններու, Ամերիկայի հայկական համագումարի, բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Պատկեր` որ կրկնուեցաւ յաջորդող տարիներուն` գաղութային-տեղական ներկայացուցիչներու, իսկ աւելի ուշ` անհատ բարերարներու յաւելումով: Հիմնադրամի տարեկան ժողովներու հարթակը դարձեր էր ոչ միայն հանդիպման վայր տարբեր հոսանքներու եւ կառոյցներու ղեկավարներուն համար, այլեւ` հայկական ազգային միտքի կեդրոնատեղի: Մարդիկ` որոնք մինչ այդ զիրար կը ճանչնային ընդամէնը անունով, ահա առաջին անգամ խորհրդակցելու, նոյնիսկ բանակցելու եւ համագործակցելու պատեհ միջավայր էին ստացեր:

Այսուհանդերձ, բնակարանաշինութեան, ճանապարհաշինութեան, կրթարաններու կառուցման կամ վերանորոգման, գիւղատնտեսութեան եւ այլ մարզերու մէջ, յատկապէս Արցախի եւ Աղէտի գօտիին մէջ, իսկապէս լուրջ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունեցած այդ կազմակերպութիւնը երեւան հանեց նաեւ իր թոյլ կողմերը, որոնցմէ առաջինը եթէ կառավարութեան կամայական միջամտութիւնն էր, որ իր հերթին պատճառ դարձաւ գործադիր տնօրէններու ոչ ճիշդ ընտրութեան, յաջորդը եւ ամենախոցելին` կազմակերպութեան նիւթականացումը եղաւ, ամէն բան նիւթական արդիւնքներով չափելու սովորամոլութիւնը:

Այդ երկու թերութիւններուն մասին, որոնց պէտք է աւելցնել նաեւ Սփիւռքի կարիքաւոր շրջաններու հարցերը գերազանցապէս սփիւռքահայութեան ուսին ձգելու տրամադրութիւնը, եզրակացութեան համար պէտք է արձանագրել, որ անցնող երեք տասնամեակներու փորձը վաղուց պէտք է յուշէր պատասխանատուներուն, որ Հիմնադրամի կառոյցը, աւելի ճշգրիտ` ղեկավարման ձեւը պէտք էր փոխել` ինքնավար կառոյցի (office autonome) կարգավիճակ տալով անոր, ինչպէս ըրած են հրեաները, լեհերը եւ մեծ սփիւռք ունեցող միւս ազգերը, որոնք ամէն տարի միլիառաւոր գումարներ կը մատակարարեն իրենց հայրենի երկիրներուն:

Եւ, ամենակարեւորը, տարիներու ընթացքին Հիմնադրամը լքեց իր գլխաւոր` միաւորիչ հարթակ հանդիսանալու, Հայաստան-Սփիւռք հարցերը համատեղ քննարկելու, նոր ծրագիրներ մշակելու առաքելութիւնը:

Այսուհանդերձ, վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ շատերը, Սփիւռքէն թէ Հայաստանէն, ներառեալ Արցախը պիտի զարմանան, որ ներկայ օրերուն, երբ Արցախի մեծ մասը յանձնուած է Ատրպէյճանին, իսկ մնացած մասը արդէն եօթներորդ ամիսը շրջափակուած կը մնայ, երբ իշխանութիւնը պատրաստակամ է զիջելու այդ մնացորդացին հետ նաեւ յաւելեալ տարածքներ Սիւնիքէն, ու երբ, միւս կողմէ, պատերազմ կորսնցնողը դեռ կառչած կը մնայ օտար ուժերու խաղալիքին վերածուած իր աթոռին ու տակաւին կը շարունակէ ազգը պառակտել, անտեսել Սփիւռքի պահանջատիրական ձգտումները եւ ուրանալ Արարատն անգամ, այս սիւնակներէն ակնարկութիւն կ’ըլլայ ազգային միասնականութեան, միջոցներն ու կարելիութիւնները յանուն Մայր հայրենիքի մէկտեղելու մասին:

Հաստատելով զարմացողներուն իրաւացի ըլլալը` որպէս յաւելեալ ապացոյց անդրադառնանք նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ գումարուած 33-րդ նիստին, որ ճշմարիտ արտացոլանքը եղաւ Հիմնադրամի անփառունակ վիճակին: Նիքոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ կայացած նիստին` ըստ ընկալեալ սովորութեան անձամբ մասնակցելու փոխարէն, ներկայացուցիչներ ղրկեր էին թէ՛ Մայր աթոռի, թէ՛ Անթիլիասի գահակալները, իսկ ՀԲԸՄիութիւնը ընդհանրապէս բացակայ էր: Բացակայ էր նաեւ Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից կազմակերպութիւններով: Աննկատ մնաց նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան ոեւէ ներկայացուցիչի ներկայութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, որ յանձին դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի` հիմնադիրներէն է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, ներկայացուած էր կուսակցական շարքերուն իսկ անծանօթ երիտասարդի մը կողմէ:

Յիշեալ նիստին, որուն գլխաւոր նպատակը նիւթական-ֆինանսական յատկացումներուն մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել-վաւերացնել տալն էր, անյայտ մնաց բոլորին հետաքրքրող հարցը. ի՞նչպէս ծախսուեցան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հիմնադրամի պատմութեան մէջ աննախադէպ` շուրջ 170 միլիոն տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնց շարքին` Թէքէեան Մշակ. Միութեան 100 հազար տոլար գումարը: Ճիշդ տեղին ու ժամանակին տրուած հարց` «դա փակ  թեմա է» պատասխանով…

Այս բոլորէն ետք կրնա՞նք յոյս ունենալ, որ երջանիկ օր մը համազգային կարեւորագոյն այս կառոյցը կրնայ վերականգնել իր համբաւը, վարկը, արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: Ե՞րբ, ի՞նչպէս:

Ստիպուած ենք պատասխանել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին վերագրուող խօսքով. «La question c’est Pashinyan», որ թարգմանի` «Խնդիրը Փաշինեանն է»:

Մնացեալը մե՛ր խնդիրն է:

 

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ