Օրերս եգիպտական, հայրենի եւ սփիւռքի լրատուական միջոցները ողողուեցան եգիպտահայ հինգ երիտասարդներու արձանագրած բացառիկ նուաճումով։
Սարօ Երզնկացեան, Արի Երզնկացեան, Վարուժան Գազանճեան, Սիմոն Տեփոյեան ու Շահան Թէրզիպաշեան. ահա՜ եգիպտահայ մեր տղաքը, որոնք նախաձեռնեցին, կազմակերպեցին եւ յաջողութեամբ հասան Արարատ լերան գագաթը եւ հոն հպարտութեամբ բարձրացուցին Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դրօշները։
Բոլորս գիտենք, որ Արարատ լեռը վաղուց գայթակղիչ բարձունք մը եղած է շատերու եւ ինչ խօսք` առաւելապէս Սրբազան լերան իրողութեամբ ապրող հայերուն համար։ Ճիշդ է, բոլորս ալ քիչ թէ շատ կրնանք ենթադրել հազարաւոր մեթրեր մագլցողներուն հանդիպած դէպքերն ու դժուարութիւնները, բայց այնուամենայնիւ, որո՞ւն համար հետաքրքրական չէ գիտնալ, թէ այս երիտասարդները ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մտայղացան այս յանդուգն գաղափարը եւ անցան իրագործման ճանապարհ։
Անմոռանալի արկածախնդրութիւն, երկար ճանապարհագնացութիւն եւ յիշատակելի փորձառութիւն մը, որուն մասին, անկասկած, դեռ երկար կը պատմեն այս տղաքը դեռեւս իրենց թոռներուն….
Ապրի՜ք տղաք։
Նորանոր բարձունքներ նուաճէք եւ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրէք։
Հպարտ ենք ձեզմով։
Կը շնորհաւորենք նաեւ մեր խիզախ երիտասարդներուն ծնողները, ազնիւ մայրերն ու հայրերը, որոնց ցանած հայեցի բարի սերմերը իրենց զաւակներուն հոգիներուն մէջ ջերմացնող խինդ են, այսօր, եւ լուսաւոր կայծ։
Այո՜, աւելի քան երբեւէ, այսօր կարիք ունինք գիտակից, հաւատաւոր հայ միտքերու, խանդավառ հոգիներու եւ անմար կայծով յառաջ շարժողներու…
«ԱՐԵՒ» շաբաթաթերթ