ՍՐՏԱՌՈՒՉ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ` ՁԱԽԱՒԵՐ ԿԱՏԱՐՈՒՄՈՎ

Բովանդակ հայութիւնը Յուլիսի 25-ին գոհունակութեան շունչ մը քաշեց. Հայաստանի կառավարութիւնը վերջապէս որոշեր էր զանգուածային օգնութիւն ուղարկել 230 օրերէ ի վեր պաշարուած արցախահայութեան: Սովահար եւ սովամահութեան ենթակայ 130 հազար մեր հայրենակիցները 8 ամսուան մէջ առաջին անգամ ալիւր, ձէթ, մաքարոն, շաքար, կաթի փոշի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ պիտի ստանար, առաւել` դեղամիջոցներ, վիթամիններ եւ բժշկական այլ ապրանքներ: 30 հազար երախաներ, յղի կանայք, հիւանդներ ու տարեց մարդիկ գէթ առժամանակ սնունդ պիտի ստանային, գոյատեւումը շարունակելու կարելիութիւն եւ, նոյնպէս կարեւոր, սփոփանք` որ Մայր Հայաստանը զիրենք չէ լքած:

Իսկապէս ոգեշնչող էր 19 բեռնատար մեքենաներու ելքը Երեւանի Շահումեան հրապարակէն, օտար դեսպանատուներու ներկայացուցիչներու հայեացքին տակ, դէպի հարաւ, անոնց երթը դէպի Գորիս, ապա` Կոռնիձոր եւ այնուհետեւ` Հաքարի գետի կամուրջի դիմաց, ուր ազերի թուրքերը անցակէտ-մաքսատուն հաստատեր էին ապօրինաբար: Ամբողջ երթը կը նկարահանուէր` անասելի գոհունակութիւն պատճառելով բոլորիս, նոյնիսկ անոնց` որոնք առիթ չէին փախցներ պետական իշխանութիւնը անգործութեան համար անընդհատ քննադատելու: Մայր Հայաստանը վերջապէս կը կատարէր իր քայլը, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, հակառակ արցախահայութիւնը սովամահութեամբ կամ արտագաղթով չէզոքացնելու թուրք-ազերիներու մարտավարութեան:

Ու մինչ SPAYKA բեռնափոխադրական ընկերութեան (ի դէպ` 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք ճնշումներու ենթարկուած եւ փակուելու ենթակայ առաջին մեծ ընկերութիւնը) բեռնատարերը ընթացքի մէջ էին դէպի Արցախ, ինքզինքիս հարց կու տայի, թէ վարչապետը արդեօք որո՞ւ կամ որոնց հետ էր համաձայնեցուցած իր այդ համարձակ քայլը եւ, մտովին, հարց կու տայի, թէ Արցախի իշխանութիւնը պիտի կարենա՞յ 360 թոն սննադամթերքն ու միւս պարագաները արդար եւ հաշուենկատ բաշխել մեր ազգաբնակչութեան, անքուն գիշերէ մը ետք, Յուլիսի 26-ի առաւօտեան, համացանցէն կ՛իմանայի, որ բեռնատարները բարեյաջող տեղ հասած են ու կը սպասէին համապատասխան կարգադրութեանց: Գրեթէ վստահ էի, որ կարգադրութիւնը եղած է ռուսական կողմին հետ, թերեւս արեւմտեան երկիրներու լուռ համաձայնութեամբ, որպէս մարդասիրական քայլ, եւ շուտով, շատ շուտով, Լաչինի միջանցքով բեռնատարները մուտք պիտի գործեն Ստեփանակերտ…:

Այսօր, Օգոստոսի 2, տեղ հասնելէ 8 օր ետք, բեռնատար մեքենաները, բոլորն ալ կանգնած կը մնան իրենց նախնական դիրքին վրայ, ապրանքներու մեծ մասը, առաջին հերթին` դեղամիջոցները, փչանալու սպառնալիքին տակ:

Բնաւ պիտի չուզէի այս ճչացող ապիկարութիւնը որպէս առիթ օգտագործել ցոյց տալու, անգամ մը եւս, Հայաստանի ներկայ կառավարութեան եւ անոր պետին ապիկարութիւնը ապացուցուած կրկին ու կրկին: Սակայն չեմ կրնար եղածը վտանգաւոր ու չարամիտ արկածախնդրութիւն չորակել: Կատարուածը կարելի է նմանցնել մէջքով դէպի զամբիւղը կանգնած պասքեթպոլիստին, որ գնդակը դէպի ետեւ կը նետէ` յոյս ունենալով կոլ արձանագրելու, եւս բախտի: Մտաւ` լաւ: Չմտաւ` ի՞նչ ընենք, գոնէ փորձեցինք «տրամաբանութեամբ»:

Ոմանք, ինչպէս ես, կը մտածէինք, որ Նիկոլ Փաշինեանը այդ քայլով կ՛ուզէր մէկ անգամէն ոչ թէ մէկ, այլ երեք կէտ արձանագրել: Առաջին` անգամ մը եւս ցոյց տալ թուրք-ազերիներուն դաւաճանութիւնը, որ յաւելեալ ապացոյցի պէտք չունի արդարութիւն սիրող որեւէ մէկուն համար: Երկրորդ` ի ցոյց դնել ռուսական կողմին անգործութիւնը տարածաշրջանի ապահովական պատկերին վրայ, անուղղակի հրաւէր ղրկելով այլ` եւրոպական ուժերուն, որոնք բնաւ պիտի չգան: Երրորդ` ի հեճուկս իր քննադատներուն ընդգծել իր հոգատա՜ր վերաբերումը արցախահայութեան հանդէպ, մինչդեռ այդ քայլը նման է ճաշէն ետք մանանեխ հիւրասիրելու: Դառն եւ կծու մանանեխը մեր ժողովուրդը կը վայելէ արդէն այն պահէն սկսեալ, երբ Փաշինեանը ընդունեցաւ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու պարտադրանքը: Այդ պահէն սկսեալ Ալիեւը եւ իր եւրոպացի կամ ռուս չալղըճները սկսան յայտարարել, որ Արցախն ու արցախահայութիւնը Ատրպէյճանի ներքին գործն են, այսինքն` ինչ ուզեն կրնան ընել:

Ու տակաւին, բարեմիտ ենթադրութեամբ մը կարելի էր մտածել, որ Նիկոլ Փաշինեանը իր այդ քայլով կը յուսար շարժել միջազգային մամուլին հետաքրքրութիւնը եւ քարոզչական յաղթանակ տօնել: Զուր յոյսեր, յումպէտս ծախուած միջոցներ: Միշտ տկար եւ վերջին հինգ տարիներուն աւելի եւս տկարացած մեր արտաքին քարոզչութիւնը չկրցաւ, չէր կրնար շարժել միջազգային կարեւոր որեւէ լրատուամիջոցի հետաքրքրութիւնը, հակառակ որ 19 բեռնատարներու երթն ու առաքելութիւնը, զուտ լրագրողական տեսակէտէ, զգայացունց նորութիւն կրնար ըլլալ բոլոր լրատուամիջոցներու համար, նոյնիսկ ռուս-ուքրանական պատերազմի այս օրերուն, որպէս մարդասիրական ճակատամարտի սրտառուչ դրուագ:

Միով բանիւ` սխալ յղացուած, ապա ծրագրուած, սխալ կազմակերպուած գործողութիւն, որ եւս առաւել նսեմացուց մեզ, որպէս ազգ եւ պետութիւն, նոր պարտութիւն` բոլորիս համար:

Իսկ ամէն բանէ աւելի վհատեցնողը փաստն է, որ սովահարութեան մատնուած մեր արցախահայութեան ոչ իսկ մէկ քիլօ հասաւ 360 թոն օգնութենէն: Այս պատահարներու տակ ընդունելի միակ ելքը բեռնատարներուն պարունակութիւնը ռուս խաղաղապահներուն յանձնելը պիտի ըլլար: Չհաստատուած լուրերու համաձայն` այդպիսի առաջարկ եղած է ռուսական կողմին: Տակաւին պատասխան չկայ:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Երեւան

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ