ԺԱՄՆ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՆՔՆԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ

Յաւելեալ բացատրութիւններու պէտք չկայ հաստատելու համար, թէ համազգային մեր գլխաւոր հարցը, ճակատագրական խնդիրը կայ ու կը մնայ եւ գոնէ տեսանելի ապագայի համար պիտի մնայ հայոց պետականութեան պահպանման եւ հզօրացման պարտականութիւնը: Ազգային միւս բոլոր հարցերը կը ստորադասուին ասոր, բոլոր ջանքերու արդիւնաւորումը պայմանաւորուած են ասով: Առաւել եւս այսօր, երբ վտանգուած է նոյնինքն այդ պետականութիւնը, ներառեալ կիսատուած-կծկուած Արցախը, որուն գոյութիւնը, որպէս ժողովուրդ եւ պետական միաւոր, վտանգուած է առաւել քան երբեւէ:

Երեսուն տարի շարունակ խօսեցանք ու շեփորեցինք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարը: Համահայկական մեր ջանքերուն մէկ կարեւոր մասը, այո՛, կեդրոնացուցինք Արցախը ազատագրելու, շէնցնելու վրայ: Հայ մարդը, հայաստանցի, արցախցի թէ սփիւռքահայ, իր արիւնը տուաւ, ապա նաեւ իր քրտինքը, դրամը, գիտելիքը: Այլ հարց` թէ որքանո՞վ տուաւ, ի՞նչ տուաւ ու ե՞րբ տուաւ: Վերջինը կարեւոր է: «Հայաստան» հիմնադրամի վիճակագրութիւնը` շատ պերճախօս: Սկզբնական շրջանին` բաւարար, բայց հետզհետէ` նուազող տարողութեամբ: Խօսքը սփիւռքահայութեան չի վերաբերիր միայն, այլեւ` ամբողջ հայութեան, ներառեալ` յաջորդական կառավարութիւններն ու կառավարիչները, ներառեալ տակաւին գործող կառավարութիւնը, որ հայկական բանակի սպառազինումը «շփոթեց» զինուորներու վարտիկ ունենալու եւ ելակ ուտելուն հետ: Նաեւ` «թռչող դագաղներուն» հետ, այսինքն` թանկարժէք, առանց հրթիռի գնուած SU-35 ռազմօդանաւերուն հետ, որոնք պատերազմի ընթացքին երբեք օդ չբարձրացան: Ինչպէս ռուսական «Իսկենտէր» հրթիռարձակները, գնուած նախորդ իշխանութեան օրօք, քանզի չունէին GPS համակարգը` լեռներու վրայէն ու ձորերու մէջէն սուրալու եւ խոցելու թշնամիին գլխաւոր թիրախները: Աւելին` դաս չքաղեցինք 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն, ուր թշնամին օգտագործեց drone-ները, առանց օդաչուի սարքերը, որոնք հետագային, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին, թրքական «պայրաքտար»ներու ներմուծմամբ, ռազմի դաշտին վրայ փոխեցին ամբողջ վիճակը ի վնաս մեզի: Այլ խօսքով` թշնամին` թուրքն ու ազերին, մեզի յաղթեց գիտակա՛ն այն զինատեսակներով, որոնց գիտութիւնը մենք ունէինք կամ կրնայինք ունենալ տակաւին խորհրդային տարիներէն ի վեր:

Յաղթանակի դափնիներուն վրայ պառկիլ-հանգստանալը դարձուցեր ենք մեր սովորութիւնը, եւ յարափոփոխ աշխարհի սրընթաց վազքը դուրս է մնացեր մեր տեսադաշտէն` երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային հարցերուն: Պահ մը մոռացութեան տուինք նոյնիսկ թուրք-թաթարական հին եւ միշտ նոր ծրագիրը` փան-թուրքիզմն ու համաթուրանականութիւնը, որուն զոհը դարձեր էինք դար մը առաջ` զանազան հանգրուաններով, մեծ ու «փոքր» կոտորածներով եւ ի վերջոյ Ցեղասպանութեամբ եւ հայրենազրկումով: Մտածեցինք` 21-րդ լուսաւորեա՜լ, մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանուածութեան, ժողովրդավարութեան գերակայութեան այս դարուն ոչ մէկը եւ ոչինչ կրնայ սպառնալ մեզի նոր բնաջնջումով: Եւ ահա՛, հիմա ա՛յդ իրականութեան առջեւն ենք` մեր սովալլուկ շրջափակուած Արցախով, մեր խոցելի դարձած սահմաններով, մեր վտանգուած պետականութեամբ:

Արցախահայութեան օրհասական վիճակը իսկապէս յուզեց մեզ, որեւէ ձեւով օգնութեան փութալու, մեր ընդվզումն ու բողոքը յայտնելու ջանքերը չպակսեցան մեզի: Պէյրութ, Նիւ Եորք, Թեհրան, Ուաշինկթըն, Մոնթրէալ, Կլենտէյլ, Պուէնոս Այրէս, Լոնտոն, Մանչեսթր եւ այլուր բողոքի ցոյցեր եղան, բողոքագիրներ յղուեցան, ճամբաներ գոցուեցան, նոյնիսկ քարկոծում` լիբանանեան ձեւով: Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքը շրջափակուեցաւ եւ դիմացի հրապարակը նոր անունով կնքուեցաւ` Արցախի Հանրապետութիւն: Այդ շարժումներուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս դիտել կու տար ընկերներէս մէկը, գերազանցապէս նախկին հայաստանցիներու մասնակցութեամբ եւ մղումով եղաւ: Մինչդեռ ամբողջ հայաշխարհն էր յուզուած, զայրացած: Բայց աշխարհը զայն չտեսաւ: Չտեսաւ այն ոյժն ու թափը, զոր ունինք, բայց չենք գիտեր գործածել: Ու ճիշդ ատոր համար մարդիկ մեզ չարախնդրօրէն կամ կարեկցութեամբ կը նկատեն` Անուժ Ներուժ:

Ու որպէսզի պատկերը ըլլայ ամբողջական` խոստովանինք նաեւ մեր «պետական» ամօթը, որ կը շարունակուի հինգ տարի շարունակ` հետզհետէ աւելի տխմար դրսեւորումներով:

Մենք դժգոհ էինք այսպէս կոչուած նախկիններէն` իրենց ինքնակեդրոնութեան, ցուցադրականութեան, մարդիկն ու կազմակերպութիւնները ըստ անոնց նիւթական կարողութեան գնահատելու եւ սփիւռքահայութեան կարիքներուն ոչ համարժէք մօտեցման համար: Բայց անոնք, այդ «նախկիններ», կրցան, գոնէ, ստեղծել կամ նախաձեռնել համազգային հիմնադրամ, մասնագիտական յանձնաժողովներ եւ, ամենակարեւորը, կեդրոնական մարմիններ, որոնց փառապսակը դարձաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի կեդրոնական վարչութիւնը, որ, ինչպէս վերջին ժողովին կը յայտարարէր 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, սահմանուած էր դառնալու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամասնական տեւական ղեկավարութիւնը:

Մինչդեռ այժմ ունինք միագլուխ, այսինքն` անգլուխ եւ անպատասխանատու «կառոյց» մը, որ Արցախը լքած է Թուրքի երախին, իսկ Սփիւռքը` բախտի քմահաճոյքին:

Վաղուց ժամանակն է արդէն որ Սփիւռքը ինքզինք կազմակերպէ, ինքզինք օժտէ կեդրոնական համակարգող կամ նման մարմինով մը: Ֆրանսահայութիւնը ունի այդ փորձը, 20-էն աւելի կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Լիբանանահայութիւնը նոյնպէս ունի, սակայն միայն կուսակցութիւններու ընդգրկումով: Լաւագոյն փորձը ունեցած է Ամերիկայի հայութիւնը` ի դէմս Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, որ դժբախտաբար փլուզուեցաւ, երբ գլխաւոր donor-ները դարձան գլխաւոր ղեկավարները անոր, իսկ Քաֆեսճեան անձը տապալեց Ուաշինկթընի Ցեղասպանութեան թանգարանի հրաշալի ծրագիրը: Յատկապէս 90-ականներուն այդ կազմակերպութիւնը, մասնակցութեամբ կենսունակ  բոլոր` կուսակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, շատ ազդու գործունէութիւն ունեցաւ հայկական շահերը պաշտպանելու տեսակէտէ: Հետեւաբար ճիշդ պիտի ըլլար վերստին ուժերը հաւաքել Ամերիկայի, ներառեալ Գանատան, տարածքին, նկատի ունենալով այդ երկիրներուն դիրքն ու ազդեցութիւնը մեր տարածաշրջանի համար:

Նոր աղէտներ կը սպասեն մեր ժողովուրդին, նոր եւ դժուար յաղթահարելի մարտահրաւէրներ ունինք, որոնք տեւական բնոյթ կրնան ստանալ: Անզօր եւ անուժ պէտք չէ գտնուինք անոնց դիմաց:«Անուժ ներուժ» կարծիքը մեր մասին` պէտք է փոխենք միասնականութեամբ, բոլոր կարողութիւններու օգտագործումով:

 

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Երեւան

«ՊԱՅՔԱՐ» շաբաթաթերթ