Ի՞նչ կը կատարուի  Մոսկուա-Երեւան  գիծին  վրայ եւ ի՞նչ զարգացումներու  սպասել

Անցնող աւելի քան տասը օրերու ընթացքին Հայաստանի թիւ մէկ խնդիրը դարձաւ սահմաններուն ստեղծուած լարուած իրավիճակը։ Օրեր առաջ երբ երեւանաբնակ հանրայայտ լրագրող գործընկերոջ մը հետ կը զրուցէի ինծի անգամ մը եւս պարզ կը դառնար, որ ցանկացած պահու Ատրպէյճան կրնայ նոր պատերազմ մը շղթայազերծել, ոչ միայն Արցախի այլ նաեւ Հայաստանի դէմ։

Միջազգային բեմահարթակին վրայ ստեղծուած դրութիւնը եւ ի մասնաւորի Ուքրանիոյ ծանր պատերազմը Ատրպէյճանին տուած են մէկէ աւելի «բանալի»ներ։ Պաքու յենուելով ստեղծուած դրոյթներուն վրայ ու մտածելով, որ այսօր առկայ իրավիճակը անպայման կրնայ փոխուիլ կը շտապէ։

Կը շտապէ բազում ուղղութիւններով, կը խուսանաւէ Հաւաքական Արեւմուտքին հետ, Եւրոպական ցամաքին հետ կը խօսի «նաւթակազ»ի խաղաթուղթով, կը բռնէ Անգարայի ձեռքը եւ կը փորձէ Թուրքիա «մխրճել» այս վտանգաւոր խաղին մէջ ու սակայն ամենակարեւորը կ’օգտուի Ռուսաստանի իրավիճակէն ու այդ ուղղութեամբ ալ առաջ կը տանի Երեւան-Մոսկուա որոշակի լարուածութիւնը, որ կարծէք մեր ունեցած «կրակներ»ուն վրայ նոր վառելանիւթ կը թափէր…։

Խորքային պատկերն այս է այս օրերուն։ Ու ճիշդ է այն վարկածը, որ յատկապէս առաջ կը մղուէր հաշուի նստելով այն փաստին հետ, որ Ատրպէյճան ռազմական մեծ քանակի կուտակումներ կը կատարէ մեր սահմաններուն, երեւան կու գայ նոր իրականութիւն մը, որուն անունը առաւելապէս կը կոչուի «Իրանեան գործօն»։ Թեհրանի եւ անոր հայանպաստ քաղաքականութեան ու վճռական մօտեցումներու թեման ի հարկէ այլ յօդուածով մը կարելի է ներկայացնել, սակայն այսօր ամենաէականը այն է, որ մեզի բոլորիս համար դարձած է աւելի քան մտահոգիչ եւ յուզական…։

Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի հիմնական հարցադրումը, որ կը պարզուի մեր դիմաց այն մասին, որ արդեօք Ռուսաստան պիտի հեռանա՞յ մեր տարածաշրջանէն։ Ու եթէ այդ կատարուի, ապա ինչ անակնկալներու եւ դժուար վիճակներու դէմ հանդիման կրնանք գալ ազգովին, կամ իրաւացի է Արեւմուտքը եւ այն պատրաստ է ապահովել Հայաստանի այդքան բարդ դարձած անվտանգութեան խնդիրը։

Այս բոլորին զուգահեռ ու հակառակ վերջին օրերուն տեղի ունեցած Մոսկուա-Երեւան «հրաձգութիւններ»ուն որոշ վերլուծաբաններ միտուած են այն կարծիքը յայտնելու, ըստ որուն ու նաեւ այս փուլին անհնար է պատկերացնել, որ Մոսկուա պիտի հեռանայ Հարաւային Կովկասէն։

Ու այս մօտեցումը անշուշտ դուռը կը բանայ մեծ հարցադրումներու առջեւ, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Հայաստանի առաջիկայ ընելիքներուն հետ։

Ամէն պարագայի նոյն այս թեմաներուն մասին օրերս հանրայայտ վերլուծաբան Արմէն Պետրոսեան տուած էր շահեկան հարցազրոյց մը, որուն գլխաւոր հատուածները (արեւմտահայերէնի վերածելով) կը ներկայացնեմ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն։

 

-Պրն. Պետրոսեան Հայատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած լարուածութեան ծիրէն ներս տարածաշրջանային երկիրները աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն: Տեղի կունենան փոխ այցելութիւններ եւ հեռախօսազանքեր։ Օրերս կայացաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը, մինչեւ այդ Էրտողան զրուցած էր Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ, Իրանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը Ատրպէյճան էր, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը Թուրքիա էր: Ըստ ձեզի ի՞նչ կը կատարուի տարածաշրջանին մէջ:

Մեծ լարուածութիւն կայ տարածաշրջանին մէջ, որ ստեղծուած է Ատրպէյճանի կողմէ: Պաքուն ներկայ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պայմաններուն տակ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ հայկական կողմին եւ Արցախին միակողմանի զիջումներ պարտադրելու հնարաւորութիւն կը տեսնէ։ Եւ անոր համար կը ստեղծէ բոլոր հիմքերը՝ օգտագործելով քաղաքական եւ դիւանագիտական գործիքակազմեր:

Մեր տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր նոր պատերազմը եթէ դիտարկենք համաշխարհային իրողութիւններու՝ ռուս-ուքրանական երկրորդ ճակատի բացման առումով, ուրեմն ցանկացած նոր պատերազմ յղի է վերածուելու խոշորամաշտապ ռազմական գործողութիւններու: Այս է պատճառը, որ տարբեր խաղացողներ գործօն ձեւով կը ներգրաւուին եւ հայկական կողմն ալ հեռախօսազանքերու միջոցաւ դիւանագիտական քայլերով յաջողեցաւ քանի մը օրով յետաձգել պատերազմը: Ի հարկէ, եթէ առարկայական բանակցութիւններ չսկսին Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ, Ատրպէյճան կրնայ վերադառնալ նոյն ճնշումներուն նոյնիսկ անակնկալ կերպով, որովհետեւ արդէն անցեալ շաբաթ պատերազմի շունչը կը զգացուէր:

 

Այսինքն, իրակա՞ն վտանգ կար, այլ ոչ թէ պարզապէս կը սպառնար:

Այո, զուգահեռ գործընթացներով: Ատրպէյճան ուժի սպառնալիքի կիրառման ցուցադրութեամբ կը ձգտի խթանել այնպիսի դիւանագիտական գործընթաց, որուն դիմեց հայկական կողմը: Մեկնելով մամուլի հաղորդագրութիւններէն՝ Հայաստանի վարչապետը իր բոլոր զրուցակիցներուն հետ հեռախօսազրոյցներով Ատրպէյճանի նախագահի հետ բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Սակայն առանց բանակցային գործընթացի մեկնարկին ալ Ատրպէյճան հնարաւոր է դիմէ ռազմական գործողութեան:

 

Կը կարծեմ համաձայն էք, որ այս գործընթացներուն մէջ կարեւոր է Թուրքիոյ աշխուժութիւնը: Դժուար է յիշել դէպք մը, երբ Թուրքիան արցախեան պատերազմէն յետոյ անդրադառնար Արցախի շուրջ եւ Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն, եւ մանաւանդ Հայաստանի վարչապետին հետ հեռախօսազրոյց ունենար: Թուրքիոյ գործունէութիւնը ինչո՞վ կարելի է բացատրել, ինչի՞ կը ձգտի Անգարան:

Նախ դժուար է ըսել, թէ որու նախաձեռնութեամբ եղած է այդ զանգը, երկու տարբերակն ալ հաւանական է: Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ համար իրավիճակը բաւականաչափ բարենպաստ է: Թուրքիան կը տեսնէ մեծ հնարաւորութիւններ մեր տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու ուղղութեամբ: Բաւական տկարացած են Ռուսիոյ դիրքերը տարածաշրջանին մէջ, եւ Ատրպէյճանի միջոցաւ Թուրքիան կ’ազդէ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակին վրայ:

Հայաստանի կողմէ ալ կան դրական ուղերձներ ոչ միայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, այլ նաեւ Թուրքիան որպէս գործօն ընդունելու ուղղութեամբ: Յամենայնդէպս, հայկական կողմը բազմիցս նշած է, որ մեր տարածաշրջանին մէջ կարելի չէ հաշուի չառնել Թուրքիոյ գործօնն ու ներկայութիւնը։ Միւս կարեւոր հանգամանքը Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնն է այս տարածաշրջանով՝ դարձեալ Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելու նպատակադրումով, իսկ այդ հարցով Արեւմուտքի եւ անոր ռազմաքաղաքական դաշնակիցի՝ Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին: Հետեւաբար Անգարան գործընթացներու վրայ ազդելու համար պիտի օգտուի ցանկացած լարուածութենէ, ինչ որ անոր համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հասնիլ սեփական դիրքերու ամրապնդման՝ ներառեալ՝ ստանձնել միջնորդի դեր։

 

Իսկ հայռուսական յարաբերութիւններու լարուածութեան պարունակին մէջ ինչպէ՞ս կրնաք գնահատել վերոնշեալ գործընթացները: Կարծիքներ կան, որ Ռուսիա չի ցանկար կամ չի կրնար ազդել գործընթացներուն վրայ, ինչպէս նաեւ տեսակէտներ կան այն մասին, որ գուցէ յստակ պայմանաւորուածութիւն կայ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ: Ո՞ր տեսակէտը կը կիսէք։

Շատ լաւ հարց է։ Սահմաններու այս լարուածութիւնը որոշ չափով Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հետեւանք է, որմէ կ’օգտուի Ատրպէյճան: Պաքուն կը հասկնայ, որ լարուածութիւնը աւելի կը հեշտացնէ իր նպատակներու իրականացումը: Ստեղծուած իրավիճակն ըստ էութեան «կանաչ լոյս է» յարձակում իրականացնելու համար: Ինչ կը վերաբերի բուն հարցին, իրավիճակը չափազանց մտահոգիչ է եւ պայմանաւորուած է Ռուսիոյ դիրքերու թուլացմամբ, ուքրանական ճգնաժամին մէջ անընդհատ խորանալու իրողութեամբ, ուստի այդ պայմաններուն կ’աշխուժանան կողմնակի դերակատարները, որոնցմէ է Թուրքիան։ Աննախադէպ է, երբ լարուածութեան աճի պարունակին մէջ Հայաստանի նախաձեռնած բանակցութիւններուն կը ներգրաւուի Թուրքիան: Այս արդէն Թուրքիոյ ազդեցութեան ցուցիչ է, եւ այն ալ տարածաշրջանի մը մէջ, ուր սովորաբար ներգրաւուածութիւն ունի Ռուսիա:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիա «չի կրնար, կամ չի ցանկար» ձեւակերպման, ապա անոնք փոխկապակցուած են: Չի կրնար իրականացնել իր պարտաւորութիւնները, քանի որ չի ցանկար փճացնել Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Չի կրնար, քանի որ իր միջոցները բաւական սահմանափակ են, որպէսզի մէկ զանգի միջոցաւ փորձէ հարցեր լուծել: Հետեւաբար Ռուսիա պիտի խուսափի իր համար անցանկալի հետեւանքներէ, պիտի փորձէ ճնշում գործադրել աւելի թոյլ խաղացողի վրայ:

 

Կարելի է՞ ըսել, որ ՓաշինեանԷրտողան հեռախօսազրոյցը ոչ այնքան հայռուսական կապերու լարուածութեան արդիւնք էր, այլ պայմանաւորուած էր Հայաստանի կողմէ նոր իրավիճակի ընդունմամբ։

Ի հարկէ։ Նախապէս նման իրավիճակի մէջ առաջին զանգը տեղի կ’ունենար Մոսկուայի հետ։ Մենք Մոսկուայէն կը սպասէինք լուծումներ: Սակայն, օրինակ, Արցախի հարցով անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն կը նկատենք Ռուսիոյ անզօրութիւնը: Եթէ լարուածութեան հարցով Հայաստան կը բանակցի Թուրքիոյ հետ, կը նշանակէ, որ կը կարծէ, թէ Թուրքիան ունի ոչ պակաս հնարաւորութիւններ ազդելու Ատրպէյճանի դիրքորոշման վրայ: Սակայն պէտք է նշել, որ պատերազմի վտանգը ի սպառ չէ վերացած, հայկական կողմի գործուն բանակցութիւնները որոշ չափով իրենց ազդեցութիւնը թողած են: Գրեթէ բոլոր միջնորդներու ուղերձները կը վերաբերին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու խթանման:

Ներկայ պայմաններուն մեր հիմնական քաղաքականութիւնը հնարաւոր պատերազմի բացառումն է, եւ իրավիճակը «ձգել» այնքան, որ սեփական կարողութիւնները վերականգնելով՝ ժամանակ շահինք: Պէտք է սպասենք, որ իրավիճակը աշխարհին մէջ աւելի կայունանայ, որպէսզի պատերազմը ընդունելի չըլլայ համաշխարհային խաղացողներուն համար: Իսկ այժմ նոյնիսկ Արեւմուտքի համար ձեռնտու է սահմանափակ պատերազմը, քանզի այդ պարագային այն կրնայ աւելի մօտեցնել Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս թողնելու ծրագիրին։ Հետեւաբար՝ կան խաղացողներ, որոնց ձեռնտու է ռազմական սրացումը՝ բացառութեամբ ի հարկէ Ռուսիոյ եւ Իրանի:

 

 Սագօ  Արեան