Ցարական Ռուսաստանի Կովկասի պատասխանատու իշխան Գրիգորի Գոլիցինի օրերէն ի վեր հայ-ռուսական յարաբերութիւնները այնքան անկումային եւ լարուած չեն եղած, որքան հիմա: Եւ եթէ այն ժամանակ, 1903-1904, հակահայ այդ կառավարիչին հրահրած հայ-թաթարական կռիւները արիւնալի աւարտ ունեցան եւ հնչակեան մարտիկներու ձախող մահափորձը, յամենայնդէպս, զգաստացնել տուաւ ցարին, եւ իշխանը պաշտօնազրկուեցաւ ու որոշ չափով հանդարտութիւն տիրեց Կովկասի վրայ, ապա այսօր տիրող կացութիւնը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վրայ` որեւէ ելք, լարուածութեան թուլացում եւ յարաբերութիւններու նորմալացում չի ներշնչեր մեզի: Առաւել եւս, երբ լարուածութիւնը, աւելի ճիշդ` թշնամանքը, ի տարբերութիւն 120 տարի առաջ պատահածի, կը գտնուի Հայաստան-Ռուսաստան միջպետական մակարդակի վրայ: Եւս առաւել` երբ իննամսեայ շրջափակումէն ետք բոլորովին հիւծուած Արցախը անձնատուր եղած է Ատրպէյճանին` ռուս խաղաղապահ զօրագունդին յանցաւոր անգործութեան պայմաններուն տակ: Ի տես Ստեփանակերտի մէջ եւ շուրջը հայութեան դէմ կատարուող արիւնալի կոտորածներուն, ձերբակալութիւններուն եւ ամենավայրագ խժդժութիւններուն, ի տես` Արցախէն խուճապահար փախչող` այսօրուան տուեալներով` գրեթէ 100 հազար հայրենակիցներու Հայաստան ապաստանելուն, բնական պէտք է համարել ժողովրդային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ տիրող հակառուսական տրամադրութիւնը, ընդվզումը, որ ունի մէկ անուն` դաւաճանութիւն:
Փոխադարձ քննադատութիւններու հրացանաձգութիւն կը տիրէ հայկական եւ ռուսական լրատուական ճակատներու միջեւ: «Ինչո՞ւ լքեցիք մեզ» հարցադրումը տիրապետող է հայկական դիրքերէ, «նախ դո՛ւք ձեզ լքեցիք» պատասխանը` ռուսական կողմէ: Ու թէեւ, բարեբախտաբար, երկու կողմերէ կը հնչեն նաեւ ողջախոհ ձայներ, սակայն ընդհանուր աղմուկին մէջ անոնք կը խեղդուին:
Բայց կը մնայ հարցը. ինչո՞ւ այսպէս եղաւ: Պատասխանները շատ են` ռուս-ուքրանական պատերազմ, արեւմտեան երկիրներէ եկող խարդաւանքներ` ռուսերը Կովկասէն վռնտելու, ռուս-թրքական սիրախաղ, իսրայէլա-ամերիկեան alliance ընդդէմ Ռուսիոյ եւ Իրանի, դաւադրական այլեւայլ տեսութիւններ ու վարկածներ, որոնց պատասխանն ու պարզաբանումը պէտք է թողուլ հետագայ վերլուծութիւններու, մանաւանդ որ շարժընթացը կը շարունակուի դէպի նոր անորոշութիւններ, դժբախտաբար առաւել չարագուշակ` Մայր Հայաստանի սահմանները Սիւնիքէն մինչեւ Վարդենիս ընդգրկող:
Ամենավտանգաւորը այս բոլորին մէջ Հայաստան-Ռուսիա միջպետական յարաբերութիւններու լարուածութիւնն է, աւելի ճիշդ` գրեթէ ամբողջական խզումը: Ուրիշ անուն չենք կրնար տալ այն փաստին, որ վարչապետ Փաշինեանը, չկարենալով հեռախօսով կամ անձնապէս հաղորդակցիլ նախագահ Փութինի հետ` երկար նամակ գրեր է Ռուսիոյ պետին, մինչդեռ մինչ այդ հեռախօսազրոյց ունեցեր էր Էրտողանի հետ: Ուրիշ ի՞նչ ձեւով կարելի է բնորոշել վիճակը, երբ վարչապետի աթոռ զբաղեցնող անձը հրապարակաւ կը խօսի ոչ թէ արտաքին գործոց նախարար Լավրովի, այլ անոր քարտուղարուհիին հետ`«ականջիդ օղ արա» խրատական ոճով: Ուրիշ ի՞նչպէս ներկայացնել ներկառավարական վիճակը, երբ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը աշխարհի գերագոյն ամպիոնէն սովահար Արցախի վիճակը կը ներկայացնէ որպէս աղիտալի, մինչդեռ իր շէֆը Երեւանէն կը խօսի նոյն Արցախի մէջ տիրող «առայժմ անվըտանգ» վիճակի մասին: Գրած եմ ու կը կրկնեմ. նորմալ որեւէ երկրի մէջ այդ հակասութեան արդիւնքը պիտի ըլլար նախարարին հրաժարականը: Մինչդեռ նախարարը վերադարձաւ Երեւան, եւ ոչինչ պատահեցաւ, նոյնիսկ բանավէճ կամ քննարկում չեղաւ իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան մէջ:
Ով ինչ կ’ուզէ թող մտածէ իշխանութեան վրայ գտնուող վարչախումբին մասին, չեմ կրնար այստեղ չընդգծել անոր ապիկարութիւնը միջպետական, այս պարագային` Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ: 2018 թուականէն ի վեր, մինչեւ այս պահը, այդ յարաբերութիւններուն մէջ մենք տեսանք անլրջութիւն, լարախաղացութիւն եւ անպատասխանատուութիւն: Այս սիւնակը զանոնք թուարկելու տեղը չէ, կը բաւէ վերջին խոշորագոյն կաֆը յիշել` Հռոմի կանոնադրութեան,- որ նախագահ Փութինը ենթակայ կը դարձնէ պատերազմական յանցագործութեան համար ձերբակալութեան,- օրինականութեան ընդունումը Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին եւ օրակարգի բերուիլը խորհրդարանին մէջ:
Մենք լաւ գիտենք, որ Ռուսաստանը մեզի համար իտիալական դաշնակից մը չէ, եւ ոչ միայն մեզի համար: Մեր նախնիները սովետական շրջանին եւ այնուհետեւ անկախութեան շրջանի ղեկավարները գիտէին հմտութեամբ, վստահելիութեան դրամագլուխով յարաբերիլ անոր հետ եւ աշխատիլ բնաւ չիյնալ անոր կացինին տակ: Մինչդեռ այսօր, ներկայ ղեկավարութիւնը անընդհատ եւ անընդմէջ առիթ ու պատրուակ կու տայ Մոսկուային իր դաշնակցային պարտականութիւնները չկատարելու, մեր գլխուն վրայէն ու մեզի դէմ մեր թշնամիներուն հետ մեզ վտանգելու:
Ժամանակն է փոփոխութեան, ժամանակն է փոխարինելու միանձնեայ ղեկավարութիւնը լրջախոհ, հաշուենկատ, պատասխանատու եւ հայրենասէ՛ր դէմքերով, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան իշխանամերձ շրջանակներէ եւ անհատներէ:
Պէտք է միշտ յիշել, որ Ռուսաստանը Կովկասէն հեռացողը չէ: Պէտք է միշտ յիշել, որ մեր երկրին աւելի դժուար օրեր կը սպասեն: Պէտք է յիշել վերջապէս, որ Արցախը վերջնականապէս կորսուած չէ, քանի դեռ ռուսական զօրք կայ հոն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հիւսիսը: Դեռ կարելի է փրկել կացութիւնը եւ խելացի քայլերով երկիրն ու ժողովուրդը փրկել օրհասական կացութենէն:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Երեւան
«Պայքար» շաբաթաթերթ