ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը, բուն Հայաստանի սահմանային գօտիներէն կարեւոր դիրքերու ու տարածքներու գրաւումը եւ յատկապէս վերջին` Արցախի լքումն ու բնակչութեան ելիցը (exodus), բնականաբար, դաժան ընկճախտի (depression) մատնեցին հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին մտածող զանգուածը: Մանաւանդ որ գալիք օրերը յուսատու որեւէ բան չեն ներշնչեր եւ, ընդհակառակն, ռազմաքաղաքական նորանոր սպառնալիքներ կախուած կը մնան Սիւնիքի, Տաւուշի եւ Արարատի շրջաններուն վերեւ` ճանապարհներու, միջանցքներու եւ enclave-ներու նկատմամբ թուրք-ազերիական սպառնալից պահանջներով, որոնց դիմաց Հայաստանը կը մնայ բոլորովին մինակ` նաեւ իշխանութեանց իրարայաջորդ սխալներու հետեւանքով:
Հոգեմտաւոր իմաստով նոյնն է պարագան նաեւ Սփիւռքի քիչ թէ շատ կազմակերպուած գաղութներուն մէջ եւ առհասարակ: Միայն այն տարբերութեամբ, որ եթէ ընկճախտը իր հերթին ընդվզումի ու բողոքի շրջուն ալիք կը բերէ ներհայաստանեան քաղաքացիական եւ ազգային շրջանակներու վրայ, մինչդեռ Սփիւռքի մէջ պատճառ կը դառնայ օտարացումի, անտարբերութեան, անզգայութեան (apathy), ինչ որ աւելի կործանարար է սփիւռքահայկականութեան ապագայի տեսակէտէն:
Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ընկերներ ունիմ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր մօտէն, շատ մօտէն կը հետեւէին հայրենական կեանքին բոլոր մանրամասներուն, բայց այժմ ինքնակամ, նոյնիսկ ինքնապարտադիր կը հրաժարին հետաքրքրուելէ այսպէս կոչուած հայաստանեան կեանքով, նորանոր իրադարձութիւններով: Չկան նախկին շահագրգիռ հետաքրքրութիւնները, քանի որ չկան նախկին` հպարտութիւն ներշնչող իրագործումները: (Ի՜նչպէս կրկին ու կրկին չյիշել Թէքէեանի խօսքերը «օդի, ջուրի, հացի նման» հպարտութեան մեր պէտք ունենալու մասին): Առանց այդ հպարտութեան, առանց հայրենասիրական զգացումները իմաստաւորելու եւ պատճառաբանելու, սփիւռքահայը, մանաւանդ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ի՞նչպէս կրնանք համաձուլուած, կառչած պահել իր ազգային արմատներուն, երիտասարդները բոլորուած պահել ազգային կառոյցներուն` Եկեղեցիին, Դպրոցին, բարեգործական, կրթական ու ընկերային կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն շուրջ: Մանաւանդ որ այդ կառոյցներէն անդին ձուլումի անդունդն է, ուր հարիւր հազարաւորներ վաղուց գլորած են ու կը շարունակեն գլորիլ:
– Ինչո՞ւ հայ մնամ,- հարց կու տայ սփիւռքահայ երիտասարդը,- երբ հայ չմնալը աւելի հեշտ է եւ ձեռնտու: Առանց պայքարի, առանց նշանակէտի եւ առանց նպատակի ազգապահպանում չի՛ կրնար ըլլալ: Մանաւանդ որ այժմ չկան խթանող ազդակներ ո՛չ Հայոց պետութենէն, ո՛չ ալ հայկական կազմակերպութիւններէն, առաջին հերթին` կուսակցութիւններէն:
Ժամանակին` անկախութեան առաջին շրջանին, սփիւռքահայկական կազմակերպութիւնները` կուսակցութիւնները, կը պահանջէին ներկայացուցչական մարմիններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Համապատասխան օրէնքները ընդունելէ ետք անիմաստ դարձաւ այդ պահանջը, եւ կուսակցութիւնները անմիջական մասնակցութիւն սկսան ունենալ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին` ընդգրկուելով օրէնսդիր, գործադիր եւ պետական այլ կառոյցներու մէջ` յաճախ Երեւանէ՛ն ուղղորդելով արտասահմանի իրենց կուսակիցներն ու հետեւորդները: Գործ կար, ծրագիրներ, յաղթական պայքար, Արցախի վերակառուցում, Հայրենիքի զարգացումի հեռանկար: Հիմա Երեւանէն ի՞նչ կրնան թելադրել ազգային այդ կազմակերպութիւնները, որոնց գոյութիւնն անգամ, գոնէ երկուքի պարագային, ընդհանրապէս նկատելի ու լսելի չէ: Անոնք, վերջինները, փաստօրէն դադրած են տեսակէտ ունենալէ ու կը սպասեն երանելի՜ այն օրուան, երբ կրկին կը բազմին վարչապետի բազկաթոռին մօտիկ, կը լուսանկարուին եւ կանոնադրութեան գերագո՜յն պարտականութիւնը կատարած սեպելով` գոհ սիրտով կը մեկնին իրենց տուները` կրկին ոչինչ ընելու:
Մինչդեռ գործ կա՛յ, սարսափելի ծանր գործ. Սփիւռքը պէտք է մշակէ օրակարգի իր սեփական հարցերը եւ լծուի անոնց իրականացումին: Պէտք է, առանց պետական որեւէ ուղղորդումի սպասելու, լծուի համահայկական հարցերու, ներառեալ արցախահայութեան վերադարձի եւ Հայաստանը թուրք-ազերիական գալիք ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու, միջազգային ասպարէզի վրայ իր ունեցած միջոցներով Մայր հայրենիքին օգնելու գործով, առանց կառավարութեան քաջալերանքին կամ պարսաւանքին սպասելու:
Սփիւռքը իսկապէս վերակազմակերպուելու, իր ուժերը հաւաքելու կարիքը ունի: Այժմ այնպէս` ինչպէս մէկ դար առաջ, երբ Երեւանի մէջ կը գումարուէին Արեւմտահայոց առաջին ու երկրորդ համագումարները 1917 եւ 1919 ճակատագրական թուականներուն, ինչպէս 2-րդ աշխարհամարտէն ետք, 1946-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
Կա՛ն այդ տրամադրութիւնները, հասունցած է մթնոլորտը, գիտակցումը: Ապացոյց` եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներու մէջ` մասնակի, իսկ օրերս Երեւանի Մատենադարանի դահլիճին մէջ` քիչ մը աւելի ամբողջական խորհրդակցութիւն-քննարկումները, մասնակցութեամբ սփիւռքահայ եւ հայրենի` համեմատաբար երիտասարդ մտածողներու, գործիչներու եւ մասնագէտներու:
Քաջալերել-խթանել է պէտք այդ եւ նման նախաձեռնութիւնները, յատկապէս ընդգրկելով թարմ ուղեղները, որոնք ի վիճակի են աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներու տուեալները նկատի ունենալով` մինչեւ ընդհանուր համաժողով ուղենշել հայութեան, համա՛յն հայութեան անցնելիք ճանապարհը, անդին նետելով աւելորդ, հինցած եւ անարդիւնաւէտ կարծրատիպերը ու որդեգրելով գործնական, նոր եւ ազդեցիկ սկզբունքներ` ի խնդիր սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւումին` հայապահպանութեան, միջազգային ասպարէզներու վրայ անոր ազդեցիկութեան աճումին եւ Հայկական պետականութեան պահպանութեան ու յարատեւումին:
Փոխուած են պայմանները, պիտի փոխենք ու փոխուինք մենք:
Երեւան
«Պայքար» շաբաթաթերթ