Ռուբէն Վարդանեան առաջադրուած է 2024 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի` իր բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեան համար: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած են շարք մը հեղինակաւոր անձեր, որոնց շարքին նաեւ Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի դափնեկիր կայ:
Վարդանեանի գրասենեակէն կը յայտնեն. «Հեղինակաւոր անձերու կողմէ Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուած է այդ բարձր մրցանակին` շուրջ հինգ տասնեակի հասնող նոր եւ աննախադէպ կրթական, բարեգործական, գիտական եւ մարդասիրական կառոյցներու ստեղծման ու օժանդակման համար ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ շարք մը երկիրներու մէջ: Առաջադրողները տպաւորիչ եւ միջազգային գնահատականի արժանի նկատած են Ռուբէն Վարդանեանի` իբրեւ մարդասէրի եւ բարերարի կերպարը եւ անոր հետեւողական ջանքերը` ուղղուած նոյնիսկ պատերազմներու եւ անոնց սպառնալիքի, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու ընթացքին մարդասիրական, բարեգործական ու ընկերային ծրագիրներու միջոցով երկարատեւ կայունութեան եւ զարգացման գործիքներու ներդրման:
«Այդ ծիրին մէջ մասնաւորաբար յիշատակուած է անոր գործունէութիւնը շրջափակուած Արցախի մէջ, ուր Ռուբէն Վարդանեան մեծ ջանքեր ներդրած է` փորձելով ոչ միայն մեղմել մարդասիրական ծանր կարիքները, այլ նաեւ ստեղծել դժուար վիճակի մէջ յայտնուած մարդոց ու երեխաներու կենսական պայմաններու բարելաւման կարելիութիւններ:
«Գնահատելի նկատուած է այն, որ Ռուբէն Վարդանեանի բարեգործութիւնը կ’ընդգրկէ ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակները եւ համաշխարհային ազդեցութիւն ու նշանակութիւն ունի: Անոր հեղինակային մեծ նախագիծերէն մէկը` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ուղղուած է աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, բոլոր ցամաքամասերուն մէջ օգնելու եւ ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք վտանգելով սեփական կեանքը բարիք կը գործեն: Վարդանեանի առաջադրման ներկայացուած յարգարժան անձերու նամակին մէջ կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն, որ ան յարգալից եղած է ոչ միայն իր ժողովուրդին, կրօնին, այլ նաեւ այլոց ժառանգութեան նկատմամբ. իբրեւ ատոր վառ օրինակ կը նշուի Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած Շուշիի իրանեան մզկիթը»: