Յառաջիկային կը սպասուի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցով հանդիպում ատրպէյճանական կողմին հետ։
Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց ԱԱԾ տնօրէն Արմէն Աբազեան:
«Շատ հնարաւոր է յառաջիկայում նման հանդիպում կազմակերպուի: Թիւեր չհնչեցնեմ, բայց յառաջիկայում շատ հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ հանդիպում յանձնաժողովների կազմով»,- նշեց Աբազեան:
Ժամկէտներու եւ վայրի վերաբերեալ, ըստ ԱԱԾ տնօրէնի, որոշում չկայ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ը Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։