Լաթաքիայէն ռատիոհաղորդում մը կը յայտնէ թէ ըստ Սուրիական Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութեան, Լաթաքիայի նահանգէն 18 քաղաքներ եւ գիւղեր ազատագրուած են աւելի քան 120 քառ. քմ. տարածքի վրայ: Այդ շրջանի ահաբեկիչները չէզոքացուած են եւ մնացեալ ըմբոստները խոյս տուած են դէպի թրքական սահմանները: Ազատագրուած շրջաններու մէջն են Ալ- Ղանիմէ, Պէյթ Սուքքար, Ալ-Քուայնաթ, Ալ-Խատրա, Ալ-Շաքրիյա եւ ալ բնակավայրեր:
Պետական ուժերը նախ իրագործեցին Ռապիայի շրջանի հսկողութիւնը, որ գլխաւոր հանգոյց մըն էր ահաբեկիչներու եւ զինամթերք ներմուծելու ճամբուն վրայ: Այսպէսով Լաթաքիայի շրջանը ամբողջութեամբ կ’ազատագրուի: Հաղորդագրութիւնը նոյնպէս կոչ կ’ուղղէ շրջանի բնակչութեան յանձնելու իրենց զէնքերը եւ վերադառնալու օրինական կարգավիճակի: