Օրէնսգիտութիւնը Թուրքիոյ մէջ չէ յառաջդիմած Օսմանեան Սուլթաններու օրէն: Հայկական գրականութեան մէջ նուազ ծանօթութիւն ունեցող երգիծագիր մը՝ Առանցար անունով, հեգնանքով կ’անդրադառնայ իր օրերու թրքական օրէնքներուն մասին: Իր պատմութիւններէն մէկուն մէջ, հայ մը դատապարտուած է թրքական դատարանի մը կողմէ, մուլլայի մը մօրուքը անարգած ըլլալուն համար (ճիշտ ինչպէս Սեւան Նշանեան անարգած է Մարգարէն): Սակայն երբ դատը վերաքննութեան եկած է, գթասիրտ դատաւորը անպարտ արձակած է դատապարտեալը, այն հիման վրայ որ մուլլայի դէմքին վրայի քանի մը մազերը թափած էին նոյն առաւօտուն, սանտրուելու ատեն: Կը յուսանք որ Սեւան Նշանեանի պարագան ալ այդպիսի վերջ մը կ’ունենայ:
Թուրքիա այս օրերուն թեկնածու է Եւրոմիութեան անդամակցութեան, այն նախապայմանով որ Էրտողանի կառավարութիւնը իր երկրի օրէնքներուն մէջ որոշ բարեփոխութիւններ ներմուծած ըլլայ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան ծիրէն ներս, հոգ չէ թէ կը շարունակուին Քիւրտերու ջարդը եւ յարձակումները ազատ լրագրութեան դէմ, յարաճուն թիւով լրագրողներու բանտարկութեամբ:
Թուրք ազգայնական Տողու Փէրինչէք Զուիցերիոյ մէջ կը նախատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անպարտ կը յայտարարուի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանին կողմէ, իբրեւ թէ պաշտպանելու համար յանցագործին խօսքի ազատութեան իրաւունքը, սակայն նոյն երկիրը որ կը բարձրաձայնէ պրն. Փէրինջէքի իրաւունքները, Հայ մտաւորական մը՝ Սեւան Նշանեանը 25 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտէ, Թուրքիոյ պատմական իրականութիւններու մասին խօսած ըլլալու յանցանքով: Մարդ կրնայ հանդուրժել Թուրքիոյ նման երկրի մը ծամածռուած օրինական տրամաբանութիւնը, բայց Եւրոպական դատարանի մը կողմէ չ’ակնկալուիր որ համամտի թրքական մտածողութեան: Ի դէպ՝ համաշխարհային աղաղակ բարձրացաւ երբ Թուրք լրագրողներ, ներառեալ «Ճումհիւրրիէթ»ի խմբագիրը բանտարկուեցան, մինչդեռ ոչ մէկ նման շարժում յառաջացաւ Նշանեանի երկու տարի առաջ անարդար կերպով կատարուած ձերբակալութենէն ի վեր:
Արտակարգ տաղանդներով օժտուած մարդիկ յաճախ գունագեղ ելոյթներ կ’ունենան եւ կը ձգտին մարտահրաւէր կարդալ այդ օրերուն ընկերային, բարոյական եւ քաղաքական ընդունուած տիպարներու նկատմամբ: Ընթացքին, անոնք նոր մտածելակերպեր կը յառաջացնեն որոնք իրենց կարգին ժամանակի ընթացքին ընկերութեան մէջ կը վերածուին նոր սահմանաչափերու, նոյն ժամանակ իրենց կեանք զոհելով: Նշանեան ճիշդ կաղապարն է այդ ընկերային ըմբոստներուն եւ ուղի հարթող պիոներներուն (ինչպէս՝ Յիսուս Քրիստոս, Ժան տ’Արք, Ճիորտանօ Պրունօ, Փարաճանով եւ ուրիշներ). դժբախտաբար, ան սխալ երկրին մէջ կ’ապրի: Ան ներհուն անձ մըն է որ իր ընկերական միջավայրին նպաստած է արտակարգօրէն, սակայն ան ազատազրկուած է կեղծ ամբաստանութիւններով: Սկսուած է համակարգչային խնդրագիր մը change.org կայքէջի միջոցաւ, պահանջելով իր ազատ արձակումը, սակայն խնդրագիրը տակաւին միջազգային հունի մէջ չէ մտած եւ կը հանդիսանայ համահայկական մարտահրաւէր մը: Սակայն իր պարագան արժանի է շատ աւելի քան հայկական ուշադրութեան, քանի ան վերածուած է արդարութեան (կամ անարդարութեան) ընդհանրական խորհրդանիշի մը: Ան արդէն բանտարկուած է երկու տարիներէ ի վեր եւ տակաւին ունի 11.5 տարի, ու եթէ տակաւին գալիք ամբաստանութիւնները գործադրուին, իր պատիժը կրնայ յաւելեալ 25 տարիներով երկարիլ:
Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ կը գրէ «Ալ Մոնիթոր»ի մէջ՝ «Սեւան Նշանեան կը պատժուի Թուրքիոյ մէջ իր ունեցած հողերուն վրայ ապօրինի շինութիւններ կատարելու յանցանքով, որ ապաւէն մըն է հակաօրինական շինարարութեան մէջ, եւ հիմա ազատազրկուած է Իզմիր-Թորպալը բանտին մէջ: Աւելին, փոխանակ արժանանալու ճարտարապետութեան գծով Նոպէլեան Մրցանակի, Շիրինճիի մէջ կը դատապարտուի իր ստեղծագործութեան վերաբերեալ 17 ամբաստանութիւններով: Արդարեւ, ամէն մարդ գիտէ թէ Նշանեանի դէմ դատավարութիւնը ոչ մէկ կապ ունի շինարարական խախտումներու հետ: Ան կը պատժուի իր պատմութեան եւ գրական գործերուն համար որոնք մարտահրաւէրներ են պաշտօնական գաղափարախօսութեան դէմ»:
Շնորհիւ Նշանեանի նախաձեռնութեան, Շիրինճին վերածուած է զբօսաշրջութեան դրախտի մը, ուր տարեկան կ’այցելեն 600,000-800,000 զբօսաշրջիկներ: Ինք եւ իր կինը փոխադրուեցան այդ անցեալի յունական գիւղը, որ փլատակի վերածուած էր, եւ գնած են յաւելեալ կալուածներ, բոլորը վերածելով իրենց սկզբնական վիճակին, աւելցնելով այն բոլոր արդիական սարքաւորումները որոնք զբօսաշրջիկ մը պիտի սիրեր ունենալ: Արդարեւ, ինչ որ ան կատարեց նման է Հայաստանի մէջ Թիւֆէնկեաններու կատարածին՝ հին կալուածները վերակառուցելով արդիական սարքաւորումներու: Փոխանակ փառաւորուելու իր իրագործումներուն համար, որոնք կ’աւելցնեն Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը, ան կը պատժուի առողջ մտածելակերպ մը ունենալուն համար:
Իսթանպուլը կրնայ նկատուիլ «կէչէքոնտու» (գիշերաբոյս) շինութիւններու աշխարհի մայրաքաղաքը, սակայն տակաւին ոչ ոք դատապարտուած է կամ բանտարկուած է ապօրինի շինարարութեան համար: Բացայայտ է թէ Նշանեանի դատապարտութիւնը աւելի շատ կապ ունի իր անկեղծ արտայայտութիւններու քաջութեան քան թէ իր շինարարութեան գործունէութիւններուն հետ: Նշանեան ինք ալ կը հաւատայ թէ իր հալածանքի գլխաւոր պատճառներն են իր անհատականութիւնը եւ իր գաղափարները:
Ան շրջանաւարտ է Քոլումպիա եւ Եէյլ համալսարաններէն: Հեղինակած է արտասովոր գիրք մը թրքերէն լեզուի ստուգաբանութեան մասին, յիշեցնելով ընթերցողը Յակոբ Մարթայանի լեզուագիտական իրագործումներները, որուն համար Աթաթուրքը զինք կոչեց «Տիլաչան», թրքերէն լեզուի արդիական այբուբենի զարգացման՝ հիմնուած արդիական Լատինական այբուբենին վրայ:
Սակայն Նշանեանի փորձանքները սկսան երբ հրատարակեց «Սխալ Հանրապետութիւնը» անունով գիրքը, որ հարցականի տակ կը թողու ներկայի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը եւ օրինականութիւնը Աթաթուրքի կառավարութեան: Իր եզրակացութիւնները հաստատուած են Թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամի կողմէ, որ բացայայտած է բոլոր պատերազմի ոճրագործ Իթթիհատականները, որոնք յետագային միացան Աթաթուրքին, նոր Թուրքիան հիմնելու ընդհանրապէս Քրիստոնեաներու եւ հայերու արիւններուն վրայ: Աթաթուրք տառացիօրէն կը նշանակէ Թուրքերու (կամ Թուրքիոյ) հայրը:
Թուրք գրող Ազիզ Նէսին քայլ մը աւելի յառաջ երթալով հարց կուտայ՝ «Ինչու՞ խառնածին մը պէտք է կոչուի իմ ազգի հայրը կամ իմ հայրս»: Տարիներ ետք, Հոլանտա ապրող Թուրք պատմաբան մը, Իւկիւր Ընկոր հրատարակեց իր գիրքը՝ «Արդի Թուրքիոյ Կազմութիւնը», ուր ան կը հաստատէ թէ արդիական Թուրքիոյ մեծահարուստ դասակարգը նտած է գրաւուած կալուածներու եւ Հայերու հարստութեան վրայ, բայց Նշանեան բանտին մէջն է նոյն խօսքերը ըսելուն համար: Աւելին, ան նաեւ բարձրաձայնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին: Ան նաեւ բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացած է կրօնական խտրականութեան դէմ իր կարծիքներուն համար, եւ գուցէ իր բանտարկութիւնը թաքուն օրհնութիւն մը եղաւ, այլապէս ան կրնար ենթարկուիլ Հրանդ Տինքի ճակատագրին, որու մահը միայն պետական շրջանակները կրնային արգիլել, բայց անոնց ուզածն էր:
Իսկ ինչ կը վերաբերի իր դատին, այն օրէնքը որու հիման վրայ Նշանեանը բանտարկուեցաւ, արդէն յետս կոչուած էր: Ընդդիմադիր ՀՏԲ կուսակցութեան անդամ Փերվին Պուտան խորհրդարանին մէջ հարցական նկատած է այդ օրէնքին վաւերականութիւնը, սակայն ապարդիւն մնացած է: Թիւ 2863 օրէնքի 65-րդ հատուածը 2012 թուականին Սահմանադրութենէն ջնջուած էր, բայց այս դատի դատաւորը պնդած էր որ այդ օրէնքը գործադրուի: Դատապարտութիւնը նոյնպէս հակառակ է Եւրոպական Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի 6-րդ եւ 7-րդ յօդուածներուն:
Այսօրուան օտարատեաց մթնոլորտին մէջ որ ստեղծուած է Նախագահ Րէճէփ Թայյիպ Էրտողանի կրօնամոլութեան իբրեւ արդիւնք, օրէնքներու արդար կիրարկումը անհեթեթ կը մնայ:
Բայց այս դատավարութիւնը մարտահրաւէր մըն է համայն հայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններու համար: Համաշխարհային հանրային կարծիքը պէտք է բացայայտէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը, որ այլապէս հեգնանք մը պիտի նկատուի Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու ճիգերուն:
Ժամանակ է որ Սեւան Նշանեան բանտէն ազատ արձակուի: Բարձրաձայն խօսող եւ ընդդիմախօս մըն է ան, եւ պատրաստ չէ մեղմացնելու կամ պահելու իր համոզումները, որպէսզի կարենայ ապահով կեանք մը ապրելու: Եւ ճիշդ ա’յդ է որ Թուրքիա կը կարօտի որպէսզի հասուննայ ռամկավարութիւնը: .
Թարգմ. Յ.Ա.