Հռոմի Պապը Հայաստանի դեսպանը պարգեւատրած է ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանով

Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանը Մարտ 16-ին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս I-ի կողմէն պարգեւատրուած է Փիոս Պապի ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանով:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութեան տեղապահ արքեպիսկոպոս Ճովաննի Անճելօ Պեչուն դեսպան Մինասեանին յանձնած է Փիոս Պապի ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանը:

Շքանշանի շնորհման մասին Հռոմի Պապի կոնդակին համաձայն՝ Միքայէլ Մինասեանը քահանայապետական այս դասի կոչման արժանացած է` «…իբրեւ  ակնառու ապացոյց պաշտօնապէս վկայելու Ձեր հանդէպ ունեցած Մեր բարեսիրութեան» համար: