Վերջերս Հրապարակուած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հալէպէն իրենց թեկնածութիւնը դրած 7 հայ թեկնածուներուն անունները: Աղբիւրի համաձայն՝ թեկնածուներուն անուանացանկը կազմուած է Հալէպի հայկական աւանդական կուսակցութիւններու համաձայնութեամբ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ թեկնածուները այցելութիւն տուած են Հալէպի Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպած եւ օրհնութիւնը ստացած են Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին:
Նշենք, որ Սուրիոյ յառաջիկայ ընտրութիւնները նախատեսուած են յառաջիկայ 13 Ապրիլ 2016 -ին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 7 հայ թեկնածուներուն անունները
Տիար Ժիրայր Րէիսեան
Տիար Ռաֆֆի Աւետիսեան
Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան
Տիար Ծերուն Գահուէճեան
Տիար Յարութ Էօրտէկեան
Տիար Շահէ Մինասեան
Մեթր Կարապետ Շուշանեան
Աւարտին յիշենք, որ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը առիթ ընծայած է բոլոր այն սուրիացի քաղաքացիներուն, որոնք կ՝ամբողջացնեն թեկնածութեան պայմանները, առաջարկելու իրենց թեկնածութիւնը։