Հալէպի մէջ հայուհի մը զոհուած է

Ուրբաթ՝ 18 Մարտ 2016-ի յետմիջօրէին, Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ խախտեցին զինադադարը։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթը։ Աղբիւրի համաձայն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները Պոսթան Փաշայի շրջանէն Նոր Գիւղի շրջանը (Սահաթ Բէժօ) հրթիռակոծեցին, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 1955-ի ծնունդ Նուարդ Ֆուրունճեան-Ասատուրեան եւ վիրաւորուեցան շարք մը քաղաքացիներ։

Բարեբախտաբար վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ։